Մազէ Կամուրջ

Դժոխքի ողջ երկայնքով կը ձգուի Մազէ կամուրջը։ Այն Դժոխքն ու Դրախտը կապող միակ կա­մուրջն է՝ միակ ու­ղին տա­ռապեալ հո­գինե­րի հա­մար գտնե­լու իրենց խա­ղաղու­թիւնը Դրախ­տում։ Նրա լայ­նութիւ­նը հա­զիւ մէկ մա­զաչափ լի­նի, սա­կայն եր­կա­րու­թիւնը որ­քա՜ն ասես։

Կա­րելի է կար­ծել, որ հնում այն Սան­դա­րամե­տի անդնդա­յին աշ­խարհի խոր­քե­րում կը գտնուէր։ Քրիս­տո­նէու­թեան ըն­դունու­մից յե­տոյ հա­յոց մէջ Սպան­դա­րամե­տի աշ­խարհը դար­ձաւ Դժոխք՝ ի հա­կադ­րութիւն Դրախ­տի, սա­կայն Մա­զէ կա­մուրջը մնաց տե­ղում։

Մա­զէ կա­մուրջը աղերսներ կը ձգէ զրա­դաշ­տա­կան կրօն­քի մէջ յայտնի Չին­վաթ կամրջի հետ, որ կը բա­ժանէ ող­ջե­րի աշ­խարհը մե­ռեալ­նե­րի աշ­խարհից, եւ որով պի­տի անցնի ամէն մահ­կա­նացուի հո­գին, եւ ըստ իր ար­ժա­նիք­նե­րու չա­փի՝ պի­տի հաս­նի Դրուժնե­րու՝ ստա­խօս­նե­րու աշ­խարհ կամ Եր­գե­րի Տուն եւ միանայ Ահու­րա­մազ­դա­յի հետ։ Այն պահ­պա­նում են եր­կու քա­ռաչք շնե­րը, ինչպէս հնդկա­կան Եա­մայի մօտ է։ Իսկ իս­լա­մի մէջ կա­մուրջը յայտնի է աս-Սի­րաթ անուամբ։

Մա­զէ կա­մուրջը Կրա­կաբոց կամ Ռե­հան գե­տի վրա­յով կ՚անցնի։ Հրէ Ռե­հանը կը բա­ժանէ Դրախ­տը Դժոխ­քէն, եւ երբ հո­գին վայր կ՚ընկնէ գե­տի մէջ, այն հո­սելով կը տա­նի հո­գուն ու­ղիղ Դժոխք։ Միայն բա­րեպաշտներն են ու­նակ անցնե­լու գե­տը։

Գե­ղու­նին, երբ կը նկա­րագ­րէ իր հայ­րե­նակից մու­սա­լեռ­ցի­ներուն պատ­կե­րացումնե­րը Մա­զէ կա­մուրջի մա­սին, կը նշէ թէ այն ձգուած էր Դժոխ­քի կաթ­սա­յի պռնկի մի կէ­տից դէ­պի հան­դի­պակաց կէ­տը։

Այդ կաթ­սան ինքնին Դժոխքն էր՝ եռա­ցող կուպրով լցուած ան­սահման, ահ­ռե­լի մեծ կաթ­սայ։ Այն սա­տանա­ներին կը պատ­կա­նի, ով­քեր ան­դա­դար կը հե­տեւին որ կրա­կը յան­կարծ չհանգչի։ Ասոնք հեր­թա­պահ սա­տանա­ներն են. նրանք մշտա­պէս կը բոր­բո­քեն կրա­կը, որի վրայ դրուած է կաթ­սան։

«Դժոխքն ու Դրախ­տը տե­ղադ­րուած են յա­ջոր­դա­բար, նախ՝ Դժոխ­քը, ապա՝ Դրախ­տը». -կը գրէ Գե­ղու­նին։ Ասել է թէ՝ եթէ ոեւէ մէկը Դրախտ կ՚ու­զէ ընկնել, այդ մէ­կը նախ Մա­զէ կամրջով պի­տի անցնի Դժոխ­քը։

Երբ մարդ կ՚աւան­դի հո­գին, նրան կը ներ­կա­յանան Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կապետն ու սա­տանան։ Եթէ մա­հացողն իր ողջ կեան­քի ըն­թացքին չա­րու­թիւն ըրած է, այ­սինքն՝ սա­տանա­յին ծա­ռայած է, ապա սա­տանան դիւ­րութեամբ կը ճան­կէ անոր հո­գին ու քարշ կը տայ այն դէ­պի Դժոխ­քի շե­մը։

Այստեղ՝ Դժոխ­քի դրան մօտ կանգնած կը սպա­սեն դռնա­պան սա­տանան ու հրեշ­տա­կը։ Դռնա­պան սա­տանան հրճուան­քէն քրքջա­լով կ՚ըն­դունի բե­ռը՝ հո­գին, կը բա­նայ Դժոխ­քի դռնե­րը եւ ներս կը հրա­ւիրէ նո­րեկին։

Խեղ­ճին որ կը հաս­նէ Դժոխ­քի վայ­նա­սու­նը, քիչ մը կը վա­րանէ, կը փոր­ձէ ետ քա­շուել, սա­կայն դռնա­պան սա­տանան նրան եղա­նով ներս կը հրէ եւ շէջ կրա­կը կը ժայթքէ անոր դէմ­քին։ Մա­հացա­ծի հո­գին կը տես­նէ դէ­պի Դրախտ տա­նող բա­րակ ու­ղին եւ կը սկսէ քայ­լել Մա­զէ կամրջով։

Երբ նա կը յաղ­թա­հարէ կամրջի կէ­սը, ցած կը նա­յի եւ եռա­ցող կուպրի մէջ կը տես­նայ իր պէս հո­գինե­րու տա­ռապան­քը, կը լսէ նրանց ողբն ու ցա­ւը, օգ­նութեան կան­չե­րը, ատամ­նե­րու կրճտո­ցը, ափ­սո­սան­քի ու զղջման պա­ղատանքնե­րը, եւ սրտում ետ դառ­նա­լու ցան­կութիւն կ՚առա­ջանայ։ Բայց երբ նա շրջիլ կ՚ու­զէ, Մա­զէ կա­մուրջը կը կտրուի, եւ հո­գին կ՚ընկնէ յա­ւիտե­նական տա­ռապան­քի գիր­կը։

Բայց նա, ով պար­կեշտ ու ազ­նիւ է ապ­րել, ով չի դա­ւաճա­նել իր պա­տիւը եւ սա­տանա­յի գայ­թակղու­թիւննե­րուն կուլ չի գնա­ցել, նա մա­հանա­լիս կը ժպտայ, քան­զի գի­տէ, որ աս­տուածա­յին Դրախ­տին պի­տի ար­ժա­նանայ։

Երբ այս տե­սակ մար­դը հո­գին կ՚աւան­դէ, Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կապե­տը կը գրկէ այն, կը բարձրաց­նէ եօթե­րորդ եր­կինք եւ կ՚առաջ­նորդէ դէ­պի Դժոխ­քի շե­մը։ Հեր­թա­պահ-դռնա­պան սա­տանան Գաբ­րիէլին տես­նե­լով՝ աչ­քե­րը կը կոծ­կէ եւ մի կողմ կը քա­շուէ։

Եր­ջա­նիկ հո­գուն կ՚ըն­դունի դռնա­պան հրեշ­տա­կը եւ կ՚ու­ղեկցէ նրան դէ­պի Մա­զէ կա­մուրջը։ Դռնա­պան հրեշ­տա­կը բա­րի ճա­նապարհ կը մաղ­թէ հո­գուն, եւ նա վստահ քայ­լե­րով կ՚առա­ջանայ Մա­զէ կամրջով։

Հո­գին այնպէս հաս­տա­տուն կը քա­լէ, ասես՝ գետ­նի վրա­յով քայ­լե­լիս լի­նի։ Թե­րեւս, եր­կու հրեշ­տակ իրենց թե­ւերով աջ ու ձախ կող­մե­րէն նե­ցուկ կը կանգնեն հո­գուն։ Ահա հո­գին կը յաղ­թա­հարէ Մա­զէ կա­մուրջն ու Դժոխ­քի երկրորդ դռնէն մուտք կը գործէ Դրախտ եւ կը խառնուէ յաւիտենական երջանիկներուն։

Դրախտը, որ նոյնպէս եօթերորդ երկնքում կը գտնուի, ընդարձակ, ծայրը չերեւացող պարտէզ է՝ ծաղկուն մարգագետիններով, խիտ ծառաստաններով եւ մարմարակերտ ջրաւազաններով։ Այստեղ ամենուր երջանկութիւն կը տարածուի։ Օդը պաղ է՝ յագեցած եդեմական բուրմունքով, առուները՝ կարկաչուն, թռչունները՝ դայլայլուն։ Ամէնը տոգորուած է աստուածային օրհնանքով եւ բերկրալի ծաղկունքով…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ