Նախագահն ու փոխանորդը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Փոխանորդը մեծ անակնկալ ապրեցաւ, երբ քարտուղարը իրեն հաղորդեց նախագահին հրաւէրը։

Մինչ այդ նման հրա­ւէր մը չէր ստա­ցած. ինչ որ եղած էր պաշ­տօ­նական առիթ­նե­րով էր միայն՝ տօ­նական օրե­րու ըն­դունե­լու­թիւններ, օտար հո­գեւո­րական­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ ժո­ղով­ներ։ Ասի­կա զար­մա­նալի թուեցաւ իրեն, չկրցաւ իմաստ մը վե­րագ­րել, նիւ­թին մա­սին նոյնպէս գա­ղափար չու­նէր։ «Թե­րեւս կապ ու­նի պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան հետ», մտա­ծեց, «խեր ըլ­լայ», ըսաւ։

Որո­շեալ օրը, որո­շեալ ժա­մուն շքեղ ինքնա­շարժ մը կա­յանեց փո­խանոր­դա­րանի դրան առ­ջեւ։ Քա­նի մը վայրկեան անց ինքնա­շար­ժի առ­ջե­ւէն ու ետե­ւէն ըն­թա­ցող յա­տուկ ոս­տի­կան­նե­րու շնոր­հիւ կը սու­րար եր­թե­ւեկու­թեան պատ­ճա­ռով միշտ խցա­նուած փո­ղոց­նե­րէն։ Միտ­քը տա­կաւին պղտոր էր, նա­խագա­հը ի՞նչ գործ կրնար ու­նե­նալ իրեն հետ՝ կը դնէր, կը վերցնէր, սա­կայն չէր հասկնար։ Ու վեր­ջա­պէս փո­խանոր­դը յայտնուեցաւ Վոս­փո­րի բարձրա­դիր բլուրնե­րէն մէ­կուն վրայ թա­ռած շքեղ պա­լատի մը դրան առ­ջեւ։ Պաշ­տօ­նեաներ բա­ցին ինքնա­շար­ժին դու­ռը, իջաւ, կար­միր գոր­գե­րով ծած­կուած սան­դուխնե­րէն բարձրա­ցաւ եւ ահա­ւասիկ հոն էր։ Այն սրա­հին մէջ, զոր միշտ հե­ռատե­սիլով դի­տած էր կամ տե­սած՝ թեր­թե­րու լու­սանկար­նե­րով։ Սրա­հին շքե­ղու­թե­նէն տա­րուե­լու ժա­մանա­կը չէր սա­կայն, նա­խագա­հը կը դի­մէր իրեն, ձեռ­քին չորս մատ­նե­րը բա­ցած (բթա­մատը ծա­լած էր դէ­պի բու­ռը)։

«Բա­րի եկար, բա­րի եկար», ըսաւ նա­խագա­հը ու փաթ­թուեցաւ հիւ­րին, որ «բա­րով տե­սանք»ի խօս­քե­րով կը փո­խադար­ձէր տան­տի­րոջ։ Քա­ղաքա­վարա­կան քա­նի մը խօս­քէ ետք, երբ սուրճերն ալ դրուեցան սե­ղանին, նա­խագա­հը շի­տակ նիւ­թը բա­ցաւ։

-Տա­րինե­րէ ի վեր հիացու­մով կը հե­տեւիմ քե­զի, փո­խանո՛րդ։

-Պա­տիւ կ՚ընէք, վսե­մաշուք տէր։ Ո՞ր յատ­կութեանս պար­տա­կան եմ ար­դեօք ձեր հիացու­մը։

-2008-էն ի վեր ինչպէ՞ս կրցար առանց ընտրու­թեան, առանց խորհրդակ­ցա­կան մար­մի­նի, այդպէս միս-մի­նակդ ղե­կավա­րել ժո­ղովուրդդ։ Տա­լիք խոր­հուրդներդ կա­րեւոր պի­տի ըլ­լան ին­ծի հա­մար, որ կ՚ու­զեմ հե­տեւիլ քու ճամ­բուդ եւ քե­զի պէս ես ալ ըլ­լալ բա­ցար­ձակ միապետ մը։

-Սխալ հասկցեր էք, վսե­մաշուք տէր, մեր եկե­ղեցին բա­ցար­ձակ ժո­ղովրդա­վար է։ Զիս եկե­ղեցա­կան­նե­րու հա­մագու­մա­րը ընտրեց, միաձայ­նութեամբ։ Եւ ար­դէն հի­մա ալ ընտրու­թեան որո­շում առ­նուած է։

-Այո՛, այո՛, ես ալ ատի­կա կ՚ըսեմ։ Բա­ցար­ձակ ժո­ղովրդա­վար, ընտրու­թիւն եւլն. հրա­շալի խօս­քեր են ասոնք։ Սա­կայն փաս­տօ­րէն դուն միանձնեայ կը ղե­կավա­րես ու, որ­քան գի­տեմ, առանց խորհրդակ­ցա­կան մար­մի­նի մը նաեւ, չէ՞։ Նոյ­նը ես ալ ընել կը փոր­ձեմ, սա­կայն միշտ ընդդի­մացող մը կ՚ել­լէ։

-Վսե­մաշուք տէր, կրօն­քը հոս կա­րեւոր դեր ու­նի։ Մենք կրօ­նական հա­մայնք մըն ենք եւ հօ­տի ու հո­վիւի յա­րաբե­րու­թիւն մը կայ ժո­ղովուրդին ու իմ մի­ջեւ։

-Չհասկցայ։ Ինչպէ՞ս այ­սինքն։

-Ոչ­խա­րի ու հո­վիւի այ­սինքն։ Հա­մայնքը ոչ­խարնե­րէ բաղ­կա­ցած է… Ան­շուշտ, փո­խաբե­րական իմաս­տով։ Իսկ հո­գեւո­րական­նե­րը հո­վիւ­ներ են։ Անոնք ալ սա­կայն որոշ նուիրա­պետու­թիւն մը ու­նին։ Ամե­նաբարձրը ես եմ։

-Ու­րեմն հո­գեւո­րական­ներն ալ քու ոչ­խարներդ են։

-Էհ, այդպէս կա­րելի է սե­պել։ «Մէկ հօտ-մէկ հո­վիւ»։

-Բայց մե­րին­նե­րը խնդիր կը հա­նեն երբ «մէկ պե­տու­թիւն-մէկ նա­խագահ» ըսեմ։

-Ես այդ առու­մով շատ ընդդի­մադիր չու­նիմ, հա­մայնքը ըն­դունած է ոչ­խարնե­րու խումբ մը ըլ­լա­լը։ Հե­տեւած էք թե­րեւս, ընտրու­թեան որո­շում առ­նուեցաւ, բայց այդքան ալ սրտովս չէ։ Մէկ քա­նի հո­գի, եկե­ղեցա­կան ու աշ­խարհա­կան, դա­ւադ­րութիւն մը կազ­մա­կեր­պե­ցին դէմս ու ստի­պուած այդ քայ­լը առի։ Սա­կայն միշտ կը յայ­տա­րարեմ՝ եթէ պե­տու­թիւնը ար­տօ­նէ, եթէ խո­չըն­դոտ մը չել­լէ, տես­նենք…

-Խե­լօք վա­րուեր ես։ Երե­ւի չեն ալ գի­տեր, որ պե­տու­թեան ար­տօ­նու­թիւնը անհրա­ժեշտ չէ։ Ար­դէն թա­ղային խոր­հուրդնե­րու ընտրու­թիւննե­րը չենք ար­տօ­ներ որ կա­տարուին, ինչպէ՞ս ձգենք որ պատ­րիարք ընտրէք։ Դուն ամուր մը նստէ տեղդ։ Ես ալ աւե­լի զարկ պի­տի տամ կրօ­նական մո­լեռան­դութեան։ Սի­րեցի ատ «մէկ հօտ-մէկ հո­վիւ»ի գա­ղափա­րը։

-Այո, միու­թիւնը լաւ բան է երբ ձեր շուրջ կը միանան։ Պէտք է այնպէս մը ընէք որ իբր միու­թիւնը ապա­հովո­ղը ոչ թէ ձեր անձն է այլ ձեր ներ­կա­յացու­ցած հաս­տա­տու­թիւնը։ Ես այս պա­րագա­յին եկե­ղեցին յա­ռաջ կը քշեմ։ Անոնք որոնք եկե­ղեցիին շուրջ կը միանան՝ միացած կ՚ըլ­լան իմ շուրջս։ Իսկ ո՞վ պի­տի չու­զէր միանալ եկե­ղեցիին շուրջ։

-Դուն եկե­ղեցի կ՚ըսես, ես ալ պե­տու­թիւն։ Վեր­ջա­պէս ոչ­խար ըլ­լան թէ քա­ղաքա­ցի՝ մար­դիկ չեն հար­ցաքններ, այս եր­կուքը անսխա­լական են, սրբու­թիւններ են իրենց հա­մար։ Անոնք որոնք եկե­ղեցիին դէմ կու գան՝ դժոխ­քով կը վախցնես, պե­տու­թեան հա­կառա­կորդներն ալ՝ բան­տով։

-Դժուարը ան­հա­ւատ­ներն են։ Ոչին­չէ կը վախ­նան։ Բո­լոր հար­ցերն ալ իրենցմէ կ՚ել­լեն։ Ինչպէ՞ս վախցնես դժոխ­քով՝ երբ անաս­տուած է։

-Ինչպէ՞ս վախցնես բան­տով՝ երբ անիշ­խա­նական է ու ազա­տու­թիւնը շատ ու­րիշ բա­ներով կը բնու­թագրէ։

Փո­խանոր­դը դուրս ելաւ քիչ մը աւե­լի ինքնավստահ։ Տե­սաւ որ ամե­նազօր կար­ծուած նա­խագահն իսկ իշ­խա­նու­թիւնը շա­րունա­կելու հա­մար գրե­թէ նոյն մի­ջոց­նե­րուն կը դի­մէ, ինչ որ ին­քը։ Մոռ­ցած էր ըսել հոն, սա­կայն հի­մա ինքն իր մէջ երբ կը խօ­սէր, միտ­քը կու գար նաեւ ազ­գայնա­կանու­թեան կէ­տը։ «Ես ճիշդ հայն եմ», ըսած էր ան­ցեալ օր հա­մացան­ցի ալի­քի մը, թուած էր ըրած­նե­րը հպար­տա­նալով՝ պա­տաս­խան տալ կար­ծե­լով բո­լոր անոնց, որոնք զինք կը մե­ղադ­րէին։ Ո՞վ պի­տի հա­մար­ձա­կէր ար­դէն իր երե­սին զար­նե­լու չը­րած­նե­րը՝ քա­նի մը ըրած­նե­րուն քով։

Գոհ տրա­մադ­րութեամբ վե­րադար­ձաւ փո­խանոր­դա­րան, ուր իրեն կը սպա­սէին հե­ռաւոր թա­ղի մը թա­ղային խոր­հուրդին ան­դամնե­րը՝ իրենց տէրտէրով։ Եկած էին ձեռք պագնելու ու յառաջիկայ մատաղօրհութեան համար հովանաւորութիւն խնդրելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ