Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ

Արա Գեղեցիկի առասպելը՝ ըստ Չանաքքալէի հայերի

ՄԱՍ Գ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Երբ Նուարդը Արային կը պատմէ իր ով ըլլալը եւ իր հօր՝ Պռոշ թագաւորի թուրին պատ­մու­թիւ­նը, կը յու­­զուի ան­­չափ եւ կը սկսի լալ, զի շա՜տ կա­­րօտ­­ցած էր իր հա­­րազատ­­նե­­­րուն։ Սա­­կայն Արան կը հանգստաց­­նէ անոր եւ կ՚ըսէ թէ երբ ին­­քը վե­­րադառ­­նայ, ան­­պայման միասին կ՚եր­­թան Նուար­­դի եր­­կի­­­րը, ետ­­քը իրենք միասին կը դառ­­նան դէ­­պի Հա­­յաս­­տան։

Նուար­­դը յուզմունքէն կը կարմրի եւ անոնք իրար կը համ­­բուրեն։ Արա Գե­­ղեցի­­կը կը պատ­­մէ Նուար­­դին, որ ին­­քը Շա­­միրա­­մի մօտ կու գայ՝ իր հօր՝ Արամ ար­­քա­­­յի աչ­­քե­­­րու դե­­ղը բե­­րելու։

-Ու­­րեմն դուն այ­­լեւս չես վե­­րադառ­­նար։ Շա­­միրա­­մը կա­­խարդ է, քեզ կը ճան­­կէ, - կ՚ար­­տա­­­սուի Նուար­­դը։

Բայց Արան կ՚ըսէ որ ին­­քը եր­­դում տուած է հօ­­րը ու, ան­­կասկած, ետ կը դառ­­նայ։ Հրա­­ժեշտ կու տայ Նուար­­դին եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր ու­­ղին։ Գե­­տակի մը քով ծա­­ռի բու­­նին կռթնած ծե­­րուկ մը կը տես­­նայ եւ «Բա­­րեւ՚, հայ­­րիկ» կ՚ըսէ։ Սա­­կայն ծե­­րու­­կը չի պա­­տաս­­խա­­­ներ։ Ան­­գամ մը ան­­պա­­­տաս­­խան բա­­րեւէն ետ­­քը Արան կը բարձրաց­­նէ ծե­­րու­­կին եւ ու­­ժեղ մը կը ցնցէ։

Ծե­­րուկն ալ կ՚ըսէ թէ ին­­քը Արա­­յի սպան­­նած եօթ գլխա­­նի դե­­ւերի եղ­­բայրն է։ Իրենք Շա­­միրա­­մի պա­­հակա­­զօրից էին, Շա­­միրա­­մը կա­­խար­­դել էր եւ դե­­ւերի վե­­րածել իր եղ­­բայրնե­­րին։ Նրանք Շա­­միրա­­մի երկրի սահ­­մա­­­նը կը պա­­հէին։

-Մինչդեռ դու սպան­­նած ես իմ եղ­­բայրնե­­րուն, - կ՚ըսէ ծե­­րու­­կը, -բայց քա­­նի որ դու ասանկ ազ­­նիւ ու խի­­զախ գտնուեցար, որ առանց իմ բա­­րեւն առ­­նե­­­լու չհե­­ռացար եւ ինձ ալ «հա՜յր» կո­­չեցիր, ես քեզ կ՚օգ­­նեմ։

-Օձը իր պոր­­տով, ծի­­տը իր թե­­ւով չէ կրցած մտնել Շա­­միրա­­մի եր­­կի­­­րը, - շա­­րու­­նա­­­կեց ծե­­րու­­կը, - բայց ես ալ կա­­խարդ եմ։ Ահա կը տես­­նաս ծա­­ռը, երեք տե­­րեւ կը քա­­ղես։ Երբ հաս­­նիս Շա­­միրա­­մի մայր քա­­ղաքը, տե­­րեւ­­նե­­­րէն մէ­­կը դիր շրթունքնե­­րուդ եւ մտիր քա­­ղաք եւ ոեւէ մէկ չի կրնար տես­­նել քեզ, զի ան­­տե­­­սանե­­լի կը լի­­նես։ Երբ Շա­­միրա­­մի ար­­քունիք հաս­­նես, այդ տե­­րեւը նե­­տէ եւ երկրորդ տե­­րեւը դիր շրթունքնե­­րուդ եւ գի­­շերը մտիր պա­­լատ, որ­­պէսզի Շա­­միրա­­մը քնա­­ցած ըլ­­լայ։ Հօրդ աչ­­քե­­­րուն դե­­ղը անոր գլխուն մօտ գտնուող գզրո­­ցին մէ­­ջէն կ՚առ­­նես, դուրս կու գաս, բայց զգոյշ կ՚ըլ­­լաս, Շա­­միրա­­մին երե­­սը չնա­­յես, եւ անոր մօտ ոչ մէկ նշան չձգես, այ­­լա­­­պէս ան քեզ կը կա­­խար­­դէ։ Դուրս գա­­լու ժա­­մանակ եր­­րորդ տե­­րեւը կը դնես շրթունքնե­­րուդ եւ աննկատ դուրս կու գաս քա­­ղաքէն։

Արան կը հե­­տեւէ ծե­­րու­­կի խոր­­հուրդնե­­րուն եւ աննկատ կը սղոս­­կէ Շա­­միրա­­մի ննջա­­սենեակ, կ՚առ­­նէ իր հօր աչ­­քե­­­րուն դե­­ղը, սա­­կայն որ­­քան ջանք կը թա­­փէ, միեւ­­նոյն է, սիր­­տը չի դի­­մանար եւ նա կը նա­­յէ Շա­­միրա­­մին։ Տես­­նա­­­լով նրա գե­­ղեց­­կութիւ­­նը՝ Արան կը խեն­­թա­­­նայ, կը մո­­ռանայ թէ՝ Նուար­­դին, թէ՝ ծե­­րու­­կին յոր­­դորնե­­րը եւ… կը մօ­­տենայ ու կը համ­­բուրէ Շա­­միրա­­մին։ Արան կը հա­­նէ իր մա­­տանին ու կը ձգէ այն Շա­­միրա­­մի բար­­ձին։

Ետ­­քը դուրս կու գայ քա­­ղաքէն, կը հաս­­նէ ծե­­րու­­կին քով։ Ծե­­րու­­կը խիստ կը զայ­­րա­­­նայ Արա­­յի ան­­խո­­­հեմ քայ­­լի պատ­­ճա­­­ռով եւ կը շտա­­պեց­­նէ նրան հե­­ռանալ Շա­­միրա­­մի երկրէն։

Արան կը հասկնայ իր սխա­­լը, բայց ար­­դէն ուշ էր։ Նա շտապ կը հաս­­նէ Նուար­­դին, նրան կ՚առ­­նէ, յե­­տոյ Զուար­­թին կ՚առ­­նէ ու կու գայ կը հաս­­նէ Հա­­յաս­­տան։ Դե­­ղը կը քսէ հօր աչ­­քե­­­րուն եւ Արամ թա­­գաւո­­րի աչ­­քե­­­րը նո­­րէն լոյս կը տես­­նեն։ Զուար­­թին կ՚ամուսնաց­­նեն Արա­­յի մեծ եղ­­բօր հետ, իսկ Արան կ՚ամուսնա­­նայ Գե­­ղանի Նուար­­դի հետ։

Դառ­­նանք Շա­­միրա­­մին։ Երբ նա այն օր առա­­ւօտ կ՚արթնա­­նայ, կը զգայ, որ մէ­­կը եկած ու հպա­­ծէ իր շրթունքնե­­րին։ Բար­­ձի վրայ նա կը նկա­­տէ մա­­տանի մը, կը նա­­յէ, որ գիր կայ անոր վրայ՝ «Որ­­դի Արամ թա­­գաւո­­րի՝ Արա»։

-Ափ­­սո՜ս, -կ՚ըսէ, -ի՜նչ թռչուն է, որ ձեռ­­քէս փախ­­ցուցի։

Ան­­յա­­­պաղ բա­­նակ կը հա­­ւաքի եւ կ՚ար­­շա­­­ւի դէ­­պի Հա­­յաս­­տան։ Խա­­ղաղ ու հան­­գիստ Հա­­յաս­­տա­­­նում օր մը առ­­տուն կ՚արթնա­­նան, կը տես­­նեն, որ Շա­­միրա­­մի զօր­­քե­­­րով պա­­շարուած են։ Շա­­միրա­­մը պա­­տուի­­րակ կը ղրկէ Արամ թա­­գաւո­­րին, թէ իր տղան գաղ­­տա­­­գողի մտած է իր եր­­կի­­­րը, իր ար­­քունի պա­­լատը եւ ան­­պա­­­տուած է իրեն։ «Այս հան­­գա­­­ման­­քը կը հար­­թուի եր­­կու դրա­­ցի եր­­կիրնե­­րու մէջ, եթէ Արան գայ ու ամուսնա­­նայ ինձ հետ», - կը պնդեր Շա­­միրա­­մը։

Երբ կ՚իմա­­նան Արա­­յի այդ ան­­խո­­­հեմ արար­­քը, ամէն­­քը շատ կը վշտա­­նան, իսկ մայր թա­­գու­­հին խիստ կը հան­­դի­­­մանէ Արա­­յին, մա­­նաւանդ, որ Նուար­­դին ար­­դէն խօսք տուած էր կնու­­թեան հա­­մար։

Ազ­­նիւ ու գե­­ղանի Նուար­­դը կը խնդրէ Արա­­յէն, որ կա­­տարէ Շա­­միրա­­մին կամ­­քը ու իրեն թո­­ղու Հա­­յոց եր­­կի­­­րը, որ­­պէսզի տե­­ղի չու­­նե­­­նայ սոս­­կա­­­լի պա­­տերազ­­մը։ Արան շատ կ՚ազ­­դուի Նուար­­դի խօս­­քե­­­րէն եւ որո­­շում կ՚առ­­նէ մեր­­ժել Շա­­միրա­­մին։

Կը սկսի պա­­տերազ­­մը։ Եր­­կու երկրնե­­րու զօ­­րաւոր բա­­նակ­­նե­­­րը իրար կը բա­­խուեն։ Շա­­միրա­­մը իր մար­­տիկնե­­րուն նա­­խապէս կը պա­­տուի­­րէ Արա­­յին ողջ-ողջ բռնել։ Սա­­կայն ահա կռուի ամե­­նաեռուն պա­­հին Արա Գե­­ղեցի­­կը կը սպան­­նուի…

Երե­­կոյան Շա­­միրա­­մի զօր­­քե­­­րը ետ կը քշուին դէ­­պի Ախ­­լաթ քա­­ղաքը։ Շա­­միրա­­մը զօրք կը կու­­տա­­­կի եւ նո­­րէն կը յար­­ձա­­­կուի։ Առ­­տու կա­­նուխ նա կը փնտռէ Արա­­յին՝ գո­­նէ վի­­րաւո­­րուած գտնե­­լու փա­­փաքով։ Երբ եր­­կու կող­­մե­­­րի վի­­րաւոր­­ներն ու մեռ­­նողնե­­րը դեռ չեն վեր­­ջա­­­ցած, Շա­­միրա­­մը յան­­կարծ կը կանգնէ Արա­­յի դիակի առ­­ջեւ։

Շա­­միրա­­մը կը վերցնէ Արա Գե­­ղեցի­­կի անշնչա­­ցած մար­­մի­­­նը, եւ կը տա­­նի այն իր պա­­լատ։ Շատ կու լայ, կը սգայ Արա­­յին եւ կը հրա­­մայէ նրա մար­­մի­­նը դնել ամե­նաբարձր տե­ղը, որ­պէսզի յա­րալէզ­նե­րը գան, անոր վէր­քե­րը լի­զեն ու ող­ջացնեն, սա­կայն՝ անօ­գուտ։

Այ­դուետք Շա­միրա­մը կը հրա­մայէ ծա­ծուկ թա­ղել Արա Գե­ղեցի­կի մար­մի­նը։ Յե­տոյ ինքն այնպէս կը ձե­ւաց­նէ, իբր Արան չէր մե­ռած, ող­ջա­ցու­ցած է։ Նա Արա­յին նման մէ­կը կը գտնէ, եւ անոր միշտ իր քո­վը կը պա­հէ, իբր թէ Արան է, որ­պէսզի Նուար­դէն վրէժ լուծէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ