ԱՅՔԱՆ ՍԵՒԷՐ*
Հայաստան-Ատրպէյճան բախումները անշուշտ որ ունին իւրայատուկ գործօններ։ Սակայն այս հակամարտութիւնը պէտք է դիտել որպէս աշխարհի որոշ մէկ հատուածին մէջ պատերազմի վերածուող, ՏԱԻՇ-ի նման կազմակերպութիւններու միջոցաւ ալ ժամանակն ու վայրը անյայտ դարձած նոր աշխարհամարտի մը ճակատներէն մէկը։
Դիտումնաւոր կերպով հակամարտութիւնը բնութագրելու ժամանակ «Ղարաբաղի» տեղ Հայաստանը կը յիշեմ։ Վերջապէս 1989-ի բախումներու ժամանակ եւ այսօր Հայաստան ամբողջովին ներգրաւուած է այս հակամարտութեան։ Կռիւները չեն սահմանուած Ղարաբաղով եւ թափանցած են Հայաստանի Հիւսիս Արեւելեան սահմաններուն։
1994-ի զինադադարէն ետք Ղարաբաղի սահմանին վրայ խախտումներ միշտ պատահած են։
Նախորդ տարի դիպուկահարներու փոխադարձ կրակոցով զոհուած զինուորները սովորական երեւոյթ էին։
Վերջին բախումները այդ նախորդներէն դուրս են թէ իրենց տարողութիւնով եւ թէ բնոյթով։ Այս անգամ Ատրպէյճանական բանակը կարգ մը տարածքներու վերատիրանալու համար դիմած է զինուորական գործողութեան։
Այս զարգացումներուն տեղի տուող բազմաթիւ գործօններ կան։ Միջին Արեւելքի, Ուքրանիոյ եւ կարգ մը ափրիկեան երկիրներու մէջ շարունակուող պատերազմները, գաղութատիրական գերարդիական բաժանման մը ճակատներն են։ Այս իրողութիւնը յաճախ կը քօղարկուի «ներքին պատերազմ» կամ «ազգամիջեան պատերազմ» երեւոյթով։
Արեւմուտքը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւորութեամբ կը փորձէ տկարացնել Ռուսաստանը եւ անոր դաշնակիցները։ ԱՄՆ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Պալթեան երկիրներու մէջ օր ըստ օրէ կ՚աւելցնէ իր զինուորական ներկայութիւնը։ Միւս կողմէ ՆԱԹՕ-ի թեւերուն տակ Վրաստան դարձեալ բանավէճի նիւթ կը դարձնէ Ապխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ խնդիրը։
Սակայն հիմնական գործօնը կը կայանայ Սուրիոյ պատերազմին Ռուսիոյ միջամտութենէն ետք, Էրտողանի եւ իր դաշնակիցներուն, մանաւանդ ռուսական ռազմական օդանաւի խորտակումէն ետք, հետզհետէ տուժող դիրքի մատնուելուն։
Ռուսաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրուելէն ետք նոր զէնքերով ամրացուց Հայաստանի մէջ գտնուած իր զինուորական խարիսխները։
Իսկ Թուրքիա, Ալիեւի իշխանութիւնը իբրեւ միջնորդ կամ պահանջեալ հարկին դաշնակից ուժ ըլլալով շահագործել փորձեց Փութինի դէմ։
Կրնանք խորհիլ որ վերջին բախումներուն մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Էրտողանի Սուրիոյ մէջ պարտութեան չհանդուրժող կեցուածքը։ ԱՄՆ-ի մէջ ԱՍԱԼԱ-ն անիմաստ կերպով թշնամիներուն մէջ նշելը կամ ետդարձի ճամբուն ըրած յայտարարութիւնները ուրիշ բացատրութիւն չունին։ ԵՄ, ՌԴ, Պարսկաստան, երբ հրադադարի կոչ կ՚ուղղէին կողմերուն, Էրտողան յաջողութիւն կը մաղթէր Ատրպէյճանին։
Հայաստանի մամուլին մէջ յաճախ կ՚արձագանգուի թուրքիացի վարձկան զինուորներուն եւ սպաներուն առկայութիւնը, որոնք կը մարզեն Ատրպէյճանի զինուորները։ Չենք գիտեր թէ այս պնդումը որքան ճիշդ է, բայց յիշողութիւններու մէջ է նախորդ տարի Թուրքիոյ սպայակոյտի յատուկ ստորաբաժանման հրամանատար Զէքայի Աքսաքալլըի Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանի վրայ ձեռքը հրացանով յայտնուած նկարը։
Սխալ կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն լոկ Էրտողանի գրգռութիւնով այս բախումները իրականացնէր։ Արդարեւ Ալիեւ բազում խնդիրներ ունի, որոնք պիտի ուզէ Ղարաբաղեան խնդիրով քօղարկել։ Առաջինը տնտեսական ճգնաժամն է։ Նախորդ տարի քարիւղի գիներուն նուազիլը միակ եկամուտը նաֆթահանութիւն եղող երկրին մէջ մանաթի արժեզրկման պատճառ դարձած էր։ Այսպէսով աճած էր թշուառութիւնը եւ գործազրկութիւնը։
Ատրպէյճանի խնդիրներէն մէկն ալ ժողովրդավարութիւնն է։ Նոյեմբեր 2015-ին կայացած ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկուած էր ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ։ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) տեսնելով «ազատ ու արդար» ընտրութեան մը անկարելիութիւնը, նոյնիսկ հրաժարած էր դիտորդներ ուղարկելէ։
Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները ճնշումներու կ՚ենթարկուին եւ յաճախ բանտարկութիւնով կը պատժուին։
Ուրեմն պարզ է որ իշխանութիւնը շարունակելու համար Ալիեւի վարչութեան ձեռնտու շահագործման միջոցներն են ազգայնականութիւնը եւ Ղարաբաղի խնդիրը։
Նշեմ որ վերեւ յիշուած տնտեսական, ժողովրդավարութեան եւ ազգայնականութեան վերաբերեալ ենթախորագիրները ի զօրու են նաեւ Հայաստանի համար։
Լուծում կարելի՞ է
Եթէ լուծում ըսելով կ՚ակնարկենք զինադադարին եւ դիւանագիտական շփումներուն, անշուշտ որ կարելի է։ Սոյն ամսու վերջաւորութեան տարածաշրջան այցելել ծրագրող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կրնայ իր այցելութիւնը աւելի կանուխ կատարել։
Բայց հիմնական պարտականութիւնը կը վիճակի Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծելու համար պաշտօնի կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակին։ Սակայն տեսնելով այս վերջինիս 1992-էն այս կողմ կարեւոր յաջողութիւն մը չարձանագրելը, ակնկալութիւններն ալ կը նուազին։
Իսկ զինադադար ապահովելով հակամարտութիւնը կրնա՞յ դադիլ։ Բաւական դժուար։ Դժուարացնողը գրութեան սկզբին նշուած իրողութիւններն են։ Աշխարհ թէ իրաւ եւ թէ փոխաբերական իմաստով նոր ձեւաչափեր կը ստանայ։ Գլորող քարերուն իրենց տեղը հասնիլը տակաւին ժամանակ կը պահանջէ։
Կրնայ շատ երազային թուիլ, բայց խաղաղութիւնը թէ անխուսափելի է եւ թէ կարելի։ Պէտք է պայքարինք սահմանները վերացնելու եւ դրամապաշտութիւնը կործանելու համար։ Համամարդկային դրօշակին վրայ գրելու ենք Մարքսի «Բոլորէն կարողութեան չափ, բոլորին կարիքին համաձայն» վերտառութիւնը։ Այս նպատակի այլընտրանքն է նէօլիպէրալ համակարգի բնութիւնը եւ մարդկութիւնը ջախջախելը։
*Լրագրող, գրութիւնը առնուած է Պիանէթ համացանցային թերթէն