Լուսահոգի մօրս խօսքն էր. «տուներնին կրակ ինկաւ»։ Այս օրերուն կրակը Տիյարպէքիր ինկած է։ Պատմական Ամիտա քաղաքը հրոճարակ դարձած է, որուն աւերը հասած է նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի։ Այն Սուրբ Կիրակոսը, որ վերանորոգուելէ ետք բոյնը դարձած էր ձուլման վտանգին ենթարկուած բազմաթիւ հայերու։ Ներկայ դաժան պատկերը տեսնելով կը փորձենք յետադարձ ակնարկ մը սեւեռել այս պատմական քաղաքի անցեալին։
ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ
zakaryamil@gmail.com
Տիյարպէքիր իբրեւ վիլայէթ ունէր 148 հայկական եկեղեցի եւ 10 վանքեր։ Այս եկեղեցիներէն 11-ը կը գտնուէին վիլայէթի կեդրոն հանդիսացող այսօրուայ քաղաքին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին հայապատկան եկեղեցիներուն մէկ մասը մզկիթի, մէկ մասն ալ զօրանոցի վերածուեցան։ Անոնց մէջ ամենէն նշանաւորը Սուրբ Թորոս Եկեղեցին է, որ 1518-ին մզկիթի վերածուելով կոչուեցաւ «Քուրշունլու Ճամի»։ Եկեղեցւոյ այս բռնագըրաւումէն ետք անոր գերեզմանատան վրայ կառուցուեցաւ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին իբրեւ առաջնորդարան։ 1881-ին հրդեհով վնասուած եկեղեցին երկու տարի անց վերակառուցուեցաւ հայ բարերարներու ջանքերով։ 1913-ին եկեղեցւոյ զանգակատունը փլաւ կայծակի մը հետեւանքով։ Սակայն Ամիտայի հայութիւնը աւելի փառաւոր նոր զանգակատուն մը կառուցեց, բայց չկրցաւ վայելել անոր պատճառած հպարտութիւնը։ Պետութիւնը թնդանօթաձգութեամբ փլեց նորակառոյց զանգակատունը, պարզապէս կողքի մզկիթի աշտարակէն աւելի բարձր ըլլալու պատճառաբանութիւնով։ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն զօրամաս, աւելի ետք ալ Սիւմէրպանքի շտեմարան ըլլալով գործածուած եկեղեցին 1960-ին վերադարձուեցաւ քաղաքի հայ համայնքին։ Սակայն 1980-ական տարեթիւերուն Տիյարպէքիրի հայութիւնը կեանքի անվտանգութեան հոգերով զանգուածային կերպով գաղթեց Պոլիս, եւ եկեղեցին քանի մը տարուայ ընթացքին անխնամութեան հետեւանքով խոնարհեցաւ։ Պոլիս եւ սփիւռք գաղթած նախկին տիգրանակերտցիներու ջանքերով եկեղեցին անգամ մը եւս վերակառուցուեցաւ եւ 2011-ին անգամ մը եւս բացաւ իր դռները հայ ժողովուրդին դիմաց։ Այս գործընթացին մէջ անուրանալի ներդրում ունեցան Տիյարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր եւ Սուրբ Կիրակոսի գտնուած «Սուր» թաղամասի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշ։ Եկեղեցիի այս վերջին նորոգութենէն ետք ձեւականօրէն իսլամացած բայց գիտակցութեան մէջ իրենց հայ ինքնութիւնը պահած բազմաթիւ կրօնափոխ հայեր տիրացան իրարու հետ հանդիպման վայրի մը։ Եկեղեցւոյ պատասխանատուներու վկայութեամբ շաբթու հասարակ օրերուն եկեղեցի այցելողներուն թիւը կը հասնէր 200-ի, իսկ շաբաթավերջին այդ թիւը կը կրկնապատկուէր։ Այժմ Սուրբ Կիրակոս կը գտնուի պատերազմի գօտիի մէջ եւ հազիւ թաղէն ներս մուտքի արտօնութիւնով յայտնի պիտի դառնայ թէ ան որքան վնասուած է վերջին բախումներու ընթացքին։
Հայ իրողութեան մէջ եկեղեցին եւ դպրոցը անբաժան են իրարմէ։ Հետեւաբար Սուրբ Կիրակոսի համալիրին մէջ կը գործէր դպրոց՝ որ 1903-ին ունէր 480 մանչ եւ 274 աղջիկ ուսանողներ ու 20 ուսուցիչներ։ Մօտակայ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւս ունէր իր դպրոցը, ուր 80 մանչ եւ 50 աղջիկ ուսանողներ կը դաստիարակուէին 5 ուսուցիչներու կողմէ։
Բացի այդ կը գործէին նաեւ հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիները եւ անոնց դպրոցները։
Տիյարպէքիրի եկեղեցիները հետեւեալներն էին՝ Ս. Կիրակոս, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս. Դանիէլ, Չիրնիքի Ս. Աստուածածին, Ս. Սիմոն, Գարա Քիլիսէ, Ս. Քրիստափոր, Ս. Յակոբ, Ս. Թուխ Մանուկ եւ Ս. Եղիա։ Այս եկեղեցիներէն կարեւոր մէկ մասը պետական հաստատութիւններու կողմէ տարբեր նպատակներով օգտագործուած են։ Օրինակի համար քաղաքի կարեւոր ուսման կեդրոններէն «Սիւլէյման Նազիֆ Նախակրթարան»ի շէնքը անոնցմէ մէկն է։
Քաղաքի ուսման արշաւին կը զօրակցէին բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ։ 1847-ին Իսթանպուլի մէջ հիմնուած «Անձնուէր Հայուհեաց Ընկերութիւն»ը մասնաճիւղ մըն ալ ունէր Տիյարպէքիրի մէջ, ուր յատկապէս կիրակնօրեայ դասընթացքներով գրաճանաչ կը դարձնէր իգական սեռը։ Կար նաեւ արհեստաւորներուն գրաճանաչման ուսում ջամբող «Հայրենասիրաց» եւ «Մեսրոպեան» միութիւնները։ Տիյարպէքիրի մէջ հրատարակուեցաւ նաեւ հայատառ թրքերէն, հայերէն, օսմաներէն եւ արաբերէն լեզուներով պաշտօնաթերթ մը։ Պաշտօնական շրջաբերականներուն, օրէնքներուն եւ առեւտրական ծանուցումներուն հրատարակուած այս թերթի տպաքանակն էր թրքերէնով 1.000 իսկ հայերէնով 500 օրինակ։
Ամիտայի պարիսպները
Ամիտա ծանօթ է նաեւ քաղաքը շրջապատող պարսպապատով։ Պարիսպներու շինութիւնը սկսած է հայոց Տիգրան Արշակունի թագաւորի օրերէն։ Ապա ան երկարած է Բիւզանդական եւ Օսմանեան տիրապետութեան շրջաններուն։ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ վերջերս իբրեւ «Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգ» ցանկագրուած այդ պարիսպը, Չինական պարսպապատէն ետք աշխարհի երկրորդ օրինակը կը համարուի։ 1930-ական տարեթիւերուն պարիսպները քաղաքի անտանելի տօթին գլխաւոր մեղաւորը համարուեցաւ եւ տեղ տեղ ուժանակ գործածելով փլցուեցաւ պարիսպի որոշ շերտերը։ Բարեբախտաբար այդ շրջանին Տիյարպէքիր գտնուող հնագէտ Փրոֆ. Ալպէրթ Լուի Կապրիէլ ահազանգ հնչեցնելով կանխեց այդ փլուզումը։ Պարիսպները իբրեւ զնդան գործածուած են, ուր երկար բանտարկութիւններու դատապարտուեցան յատկապէս ալ ազատատենչ պուլղար յեղափոխականներ, մտաւորականներ եւ գրողներ։
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ դպրոցի սաները
Հողատարածքներու Գրաւման Յանձնախումբը եւ Տիյարպէքիր
Օսմանեան Կայսրութեան հայերը կեանքի եւ ունեցուածքներու հետ առնչուած խնդիրներով տառապեցան ընդմիշտ։ Օսմանեան Պետութիւնը 1860-ին Պէրլինի վեհաժողովին խոստացաւ հայերուն կեանքի եւ ունեցուածքի անվտանգութիւնը ապահովել։ Սակայն ճիշդ հակառակը գործեց։ Յատկապէս 1895-1896 տարեթիւերուն զանազան քաղաքներու մէջ հայապատկան տարածքները, բնակարանները, ջաղացքները, բռնագրաւուեցան։ Նոյնպէս բռնագըրաւուեցան հայապատկան եկեղեցիներ, վանքեր եւ գերեզմաններ։ Այսօր թերթերու ծանուցումով վաճառքի հանուած եկեղեցիները այս բռնագըրաւուած կալուածներն են։ Տեղական իշխանութիւններու ուղղուած դիմումներով արդիւնքի մը չհասնող հայեր խնդիրը փոխանցեցին Պոլսոյ Պատրիարքարանին։ Պատրիարքարանին աշխարհականներու խորհուրդը տարածքներու բռնագրաւման յանձնախումբ մը կազմեց Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանի ատենապետութեամբ։ Յանձնախումբը պատրիարքարան հասած բողոքագիրները դասաւորելով պատրաստած է տեղեկագիր մը։ Բացի պատրիարքարանի այս պաշտօնական տեղեկագիրէն, յանձնախումբի անդամներէն Գեղամ Տէր Կարապետեան ալ իր անջատ տեղեկագիրը հրատարակած է։ Տեղեկագիրները բացի բռնագրաւուած տարածքներու նիւթական արժէքներէն, կը բացայայտէ նաեւ որոնց կողմէ բռնագրաւուիլը։ Այս տեղ կը տեսնենք քիւրտերու, թուրքերու, չէրքէզներու կողքին պետութեան տարբեր պաշտօններ կատարող մարդկանց ալ այս բռնագրաւումին մասնակցութիւնը։ Այս բռնագրաւումներու կարեւոր մէկ մասն ալ կատարուած է Տիյարպէքիրի մէջ։ Այժմ կառավարութեան Տիյարպէքիրի Սուր թաղամասին մէջ բաւական ընդարձակ տարածք մը պետականացնելու նախաձեռնութիւնը կը հիմնաւորուի ահա այս աւանդութեան վրայ։ Որքան ալ կառավարութեան շրջանակները վստահեցնեն թէ իբրեւ պատմական մշակութային արժէք գրանցուած շինութիւնները չեն կրնար պետականացուիլ, պատմական փաստը միշտ հակառակը ապացուցեց։