ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Թուրքիոյ զինեալ ուժերը վերջին օրերուն կը պատրաստուին իրենց պատմութեան ամենադժուարին պատերազմներէն մէկուն։ ԱՔՓ-ի իշխանութիւնը հինգ տարիէ ի վեր վարած սխալ Սուրիական քաղաքականութենէն ազատուելու համար, միակ միջոց կը տեսնէ պատերազմը։ Թունիսէն սկսելով ալիք առ ալիք Հիւսիւսային Ափրիկէյի երկիրները ողողող եւ եւրոպացիներուն «Արաբական Գարուն» անուանած ընդդիմութեան ալիքը Սուրիոյ մէջ աննախատեսելի դիմադրութեան հանդիպեցաւ։ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի սմսեղուկ քաղաքական ռազմավարները շատ ուրախ էին Լիպիայի մէջ Քատտաֆիի դէմ արձանագրուած յաջողութենէն։ Կը յուսային նոյն արդիւնքը տեսնել Սուրիոյ մէջ։ Ժողովրդական մասնակցութիւն չգտնող ընդդիմութիւնը իր ուզածէն աւելի զէնք գտաւ շնորհիւ արեւմտեան երկիրներէ, սիւննիական նախապաշարումով շարժող Թուրքիայէ, Սաուտի Արաբիայէ եւ Քաթարէ։
Սուրիոյ կործանումը թէ քարիւղի ապօրէն առեւտուրով կը հարստացնէր Թուրքիան, եւ թէ առիթ կու տար իր պատմական թշնամու, Ալէվի Ասատի հետ հաշիւ մաքրելու։ Եգիպտական յեղափոխութեան եւ հակայեղափոխութեան օրերուն արդէն պարզուած էր Թուրքիոյ դաւանանքներու միտող կողմնորոշումը։ Այժմ Սուրիան արշաւելու երազը կ՚արտայայտուէր «Դամասկոս, Էմէվիներու մզկիթի մէջ նամազ մատուցելու» խոստումով։ Յաճախ կ՚օգտագործուէր «իր ժողովուրդը տանջող բռնակալ Ասատ» նախադասութիւնը։ Այսօր դիտելով Թուրքիոյ սահմաններու մէջ Տիգրանակերտ, Մծբին, Սուր, Ճիզիր եւ Իտիլի մէջ կատարուածները, ոչ ոք կը յիշէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն այդ խօսքերը։
Գալով գրութեան մուտքի «դժուար պատերազմ» նիւթին, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ «իզուր պատերազմ» բացատրութիւնը։ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ արմատական իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ քիւրտերու ձեռքբերած զինուորական յաղթանակները մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն Թուրքիոյ։ Թրքական կառավարութեան իսլամ ահաբեկիչներու զէնք հայթայթելու մասին լուրերը յաճախ գրուեցան Արեւմտեան մամուլի մէջ։ Տարածքաշրջանի բնակիչներն ալ կը հաստատեն այդ պնդումները։ Իշխանութիւնը ահաբեկիչներու պարտութիւնը տեսնելով հանդերձ կը յամառի իր սխալ քաղաքականութեան վրայ։ Այդ յամառումն ալ կը բացատրէ քրտական միաւորումները ահաբեկիչ համարելով։ Երկրէ ներս քրտաբնակ քաղաքներու դէմ պետական ահաբեկչութիւն համարուելու արժանի եղանակներով յարձակող կառավարութիւնը կը փորձէ միջազգային գետնի վրայ ալ իր յանցագործութիւնը արդարացնել, համոզելով իրեն դաշնակից երկիրները։ Սակայն անոնք գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, կը մերժեն քիւրտ ռազմիկները ահաբեկիչ անուանել, ընդհակառակը պնդելով որ քիւրտերը իրենց զօրակիցներն են Սուրիոյ մէջ։ Թուրքիա այս պայմաններու տակ է որ կը ռմբակոծէ քրտական խարիսխները։
Անվիճելի իրողութիւն է որ քիւրտերը եւ տարածքաշրջանի միւս ժողովուրդները արշաւող խուժանի դէմ կը պատերազմին իրենց տան ազատութեան եւ պատուին համար։ Այս տրամադրութեան դիմաց բնականաբար անզօր պիտի մնան Թուրքիոյ զինուորական գերակշիռ կարողութիւնները։ Մնաց որ մենք այս ֆիլմը նախապէս ալ դիտած ենք։
Ղարաբաղեան պատերազմին Ատրպէյճանը պարտութեան մատնողը Հայաստանի բանակը չէր, այլ իր տան ազատութեան եւ պատուին համար մարտնչող ղարաբաղցի գիւղացին։ Այսօր խեղաթիւրելով պատմուածը սուտ է։ Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն, տակաւին չէր կազմած իր ազգային բանակը։ Թուրքիա այդ պատերազմին ալ անուղղակի կերպով մասնակցած էր։ Հրասայլեր, սպաներ ղրկած էր։ Վրան գորշ գայլ նկարուած թրքական հրասայլերուն վրայ Ղարաբաղի հայ գիւղացիները լուսանկարուելով յիշատակներ անմահացուցին։ Գերավարուած թուրք սպաները եւ ազգայնական կամաւորներն ալ համաձայնութեան հնազանդելով գաղտնապահութեան մէջ փոխանցեցին Թուրքիոյ։
Ժամանակը կը փոխուի, ժամանակի ընթացքին մտայնութիւնները, համոզումները կը փոխուին, բայց ենթագիտակցութեան փորագրուած թշնամութիւնները դեռ կը մնան։
Պատերազմը պիտի աւարտի եւ կասկած չկայ որ յաղթողները իրենց տուները պաշտպանողները պիտի ըլլան։