Նոր մեծ խաղը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

«Great game» Մեծ խաղ։ Այսպէս անուանուած էր ԺԹ դարէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ, գերպետութիւններուն իրենց համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող տարածքները իրենց միջեւ բաժնելու համար մղած պայքարը։ Պայքարը նախ սահմանուած էր Մեծն Բրիտանիոյ, Ցարական Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ, բաժանելու համար Օսմանեան Կայսրութիւնը, Կեդրոնական Ասիան եւ Ծայրագոյն Արեւելքը։ Վիլհելմ Բ.ի շրջանին Գերմանական գաղութատիրութիւնն ալ «Drang nach Osten», Արեւելեան Մղում, կարգախօսով մասնակցեցաւ այս կեղտոտ մրցակցութեան։ Այս հանգրուանին Իսլամ կրօնն ալ սկսաւ յայտնուիլ իբրեւ նոր դերակատար։ Սոյն գործօնը աւելի ետք շահագործուեցաւ նախ Նացիական Գերմանիոյ, ապա ԱՄՆ-ի կողմէ։

Խորհրդային աշխարհի մը առկայութեան, անխուսափելի էր գաղութատիրութեան նահանջը եւ ազգային շարժումներուն ծաղկումով երկբեւեռ աշխարհի մը կազմութիւնը։

Ֆրանսական յեղափոխութեան 200 ամեակին, ուզէք յեղափոխութիւն ըսէք, ուզէք հակայեղափոխութիւն, երկբեւեռ համակարգը խանգարուեցաւ, իր ետին դէպի անդունդ տանող հսկայ ձգողութեան ուժ մը գոյացնելով։

Անխուսափելի էր գոյացած պարապութեան փակուիլը։ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ համերաշխութեամբ կատարուեցաւ անցման շրջանը, իսկ Պալքանեան երկիրներու եւ Կովկասներու մէջ բազմաթիւ բախումներ եւ պատերազմներ ծագեցան։ Ամենուրէք հանդիպեցանք «Մեխակ»ի եւայլն յեղափոխութիւններու։ Եւ պատմութեան այս հոսանքով ի վերջոյ բռնկեցաւ «Արաբական Գարուն»ը։ Թէեւ «Արաբական Գարուն»ի նախափորձը Եգիպտոսի մէջ Նասերականութեամբ, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Պաասական շարժումի վերելքով, Թունիսի մէջ լաիքական համակարգի հաստատումով, Լիպիոյ մէջ «Կանանչ Յեղափոխութեամբ», Եմէնի մէջ «Ժողովրդական Հանրապետութիւնով» փորձուած էր։ Երկբեւեռ համաշխարհային համակարգը շուրջ 30 տարիներ առիթ տուաւ այդ համակարգերուն շարունակուելուն։

Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ Ռուսաստան, բացի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի ու կարգ մը Պալքանեան երկիրներու մօտ ազդեցութեան տարածքի կորուստէ, նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններու տարանջատումով հեռացաւ նաեւ Պալթեան ծովէն։ Սեւ Ծովու հետ կապը նոյնպէս կարեւոր չափով խզուեցաւ Ուկրանիոյ միջոցաւ։ Կորսնցուց Վրաստանը, փորձեց ետ ստանալ, բայց չյաջողեցաւ։ Վրաստան մտաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ։ 1921-էն ետք, այժմ Պաթումը Վրաստանի ու Թուրքիոյ հասարակաց օդակայանը դարձաւ։

Ի վերջոյ եկած էր «Նոր Մեծ Խաղ»ի ժամանակը։ Ռուսաստանի թեւերը մաս առ մաս կը հատուէր։ Ուկրանիոյ ճգնաժամը պատճառ եղաւ որ Ռուսաստան զարթնի։ Համակարգը Ռուսաստանը ամբողջութիւն մը ըլլալով իր մէջ չէր ուզած։ Ֆրանգօ-Գերմանական կորիզի մը շուրջ ձեւաւորուած ԵՄ իր ազդեցութիւնը հետզհետէ տարածեց դէպի արեւելք եւ պաշարումը հասաւ մինչեւ Սանկտ Պետերպուրկի եւ Մոսկուայի մերձակայքը։ Նացիներու հրասայլերը ետ շպրտուած այս հողերը, այս անգամ կը գրաւուէին «խաղաղ» միջոցներով, նախ DM-ի, ապա Եւրոյի զօրութեամբ։

«Նոր մեծ խաղ»ով զարթնած Մոսկուայ շախմատի աղիւսակին վրայ առաջին քայլին դիմեց Ուկրայնային։ Նուաճեց ԺԹ. եւ Ի. դարերու տեւողութեամբ թաթարներուն դէմ գործադրած տոհմիկ մաքրագործութեամբ բնակչութեան մեծամասնութիւն կազմած Ղրիմը։

Փոխադարձ հարուածը եկաւ Միջերկրականի մէջ Խորհրդային տարիներէն մնացած «վերջին թեւը» Սուրիոյ մէջ հատելու ձեւով։ Սուրիա դաշնակցութեան անդամներէն մէկն էր Սատտամեան Իրաքի դէմ մղուած «Ծոց»ի պատերազմին, բայց քսան տարի անց հասած էր իր հերթը։

ԱՔՓ-ի միջոցաւ ծաղկեցաւ Անգարայի գարունը։ Հանգաւ Քէմալական իշխանութիւնը։ Արաբական քէմալականութիւն համարուող Պաաս-ի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անկումով, մեծ խաղի դերակատարները ուղղուեցան հաւատքի խաղաքարտին։ Չոքած էր արաբական ապակրօնական գաղափարախօսութիւնը։ Երբ Սատտամականներ ՏԱԻՇ-ի հունտեր կը սերմանէին, անդին Սուրիոյ մէջ ճիհատականները ընդդիմադիր շարժումի ղեկը խլեցին թոյլ ազատականներու ձեռքէն։ Ճիհատականներու այս յառաջընթացի դէմ ալէվիները եւ այլ ոչ-սիւննի խմբակցութիւնները յամառ դիմադրութենէ զատ միջոց չունեցան։

Եզրակացնելով կարելի է ըսել թէ Սայս Փիքոյի քարտէսները աւելի քան 90 տարի գործադրուեցան Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ։ Քրտական բնօրրանը նախ ԺԷ. դարուն Քասրը Շիրինի դաշինքով երկուքի բաժնուած էր։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք չորսի բաժնուեցաւ։ Իրարու հակադրուած արաբ, թուրք եւ պարսիկ ազգայնականութիւնը համաձայնեցան միացեալ Քիւրտիստանի մը հաւանականութեան դէմ ամէն գնով պայքարելու համար։

«Նոր Մեծ Խաղ»ի մէջ Սայքս Փիքոյի քարտեսները ժամանակավրեպ դարձան, իսկ Օսմանեան վիլայէթներու եւ Ֆրանսական մանտաթի քարտէսները վերարժեւորուեցան։ ՏԱԻՇ այս նոր խաղի դերակատարներէն է։ Նոյնպէս խաղաղութեան բանակցութիւններու նախօրեակին Հալէպի ուղղեալ Սուրիա-Ռուսական յարձակումները։ Միջին Արեւելքի նոր քարտէսը կը ձեւաւորուի տոհմային եւ կրօնային տարբերութիւններու հիման վրայ։ Միայն քիւրտերն են որ կրօնական տարբերութիւնները յաղթահարելու կարող հասարակական կառոյցներ ունին։ Ափսոս որ արաբական աշխարհի մէջ արդէն թոյլ հասարակական կառոյցները բոլորովին կքեցան։

Նոր քարտէսով անխուսափելի կը դառնայ Իրաքի երեք մասի բաժանումը եւ սիւննի հատուածին Սուրիոյ համապատասխան բաժնի հետ միացումը։ Խիստ հաւանական է Միջերկրականի ափին ալէվիներու գերակշռութեամբ, այլ հաւաքականութիւններու ալ բաց, եւ Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ նոր պետութեան մը կազմութիւնը։ Կ՚ակնկալուի որ ԵՄ ալ պիտի յօժարի այդ պետութեան։ Կը նպատակադրուի Հալէպի ալ այս կառոյցին մասնակցութիւնը։ Հիւսիսային քրտաբնակ հատուածը ծանր սպառնալիքի մը ենթակայ է։ Անգարա երթմած է նոր քրտական պետութեան մը առիթ չտալու համար։ Պարոն Տաւութօղլու մասամբ իրաւացի ըլլալով մտահոգ է Հալէպի սիւննիներու դէմ էթնիկական մաքրագործում մը կատարուելէն։ Այս մտավախութեամբ սահմանը կը փակէ աւելի քան մէկ միլիոն իսլամ եղբայրներուն դիմաց։ Իսկ ինք նոյն քաղաքականութիւնը կը գործադրէ Ռոժավայի քիւրտերուն դէմ։

Անգարա նոր ազդեցութեան գօտիով մը փորձեց սիւննիական էնթերնասյոնալ մը գոյացնել, եւ սխալեցաւ անշուշտ։ Քիւրտերը գլխաւոր սպառնալիք համարեց։ Այս ռազմավարութեամբ ալ «նոր մեծ խաղ»ին մէջ առանձին մնաց։ Հիմա կը փորձէ այդ սխալի հետեւանքով մատնուած պարտութեան ոխը քիւրտերէն առնել։

Լքելով Ռուսիոյ եւ հարեւան երկիրներու հետ խնդիրները լուծելու քաղաքականութիւնը, գաղափարախօսական նախասիրութիւնով մը իր պատմութեան մեծագոյն սխալը գործած է Թուրքիոյ կառավարութիւնը։ Դեռ մօտ անցեալին Պարսկաստանի հետ միջնորդութեան ջանքեր կը փորձէր։ Հիմա մատնուած է աւանդական թշնամութեան։ Աւելի քան 60 տարիէ ի վեր գործընկեր ԱՄՆ-ի հետ ալ հակառակ դիրքերու մատնուելու համար յիմար ըլլալ պէտք է։

Քիւրտերը սիրաշահելով կրնար տարածաշրջանի մէջ իր երազած ազդեցութիւնը հաստատել։ Ներկայ դրութեամբ ՓՔՔ-էն շատ աւելի արմատական միաւորումներուն զարգացման ականատես կ՚ըլլանք։ 30 տարուայ պատերազմի պայմաններուն մէջ հասակ առած քիւրտ երիտասարդութիւնը բոլորովին հեռացած է Թուրքիոյ հետ համերաշխ ըլլալու մտայնութենէն։ Ոչ Անգարայի ահաբեկչական յարձակումը, ոչ ալ բանակի եւ ոստիկանութեան յատուկ ծառայութեան բաժիններու քրտաբնակ քաղաքներու մէջ ժողովուրդին դէմ գործադրած վայրագութիւնը ընդունելի կրնայ ըլլալ։ Երկուքն ալ Ժնեւեան սկզբունքներու խախտումն են։

Քիչ մը աւելի հանդարտ, ողջամիտ եւ անոխերիմ ըլլալ եթէ յաջողինք, մի գուցէ կրնանք վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։

Յուսանք այս հաւանականութիւնը կը յաջողի մինչեւ նոր Նէվրոզ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ