ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Շուրջ տարի մըն է որ կը սպասուէր Պապի Հայաստան այցելութեան յստակացումը։ Վերջերս Հայաստանէն եկող լրատուութիւնով այս հարցումի պատասխանը յստակացաւ։ 20 Փետրուարին Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ հոգեւորականներու ժողով, որուն կը մասնակցէին ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Թուրքիոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած ժողովի օրակարգին քննարկուեցան ազգային, մշակութային, կրօնական եւ հասարակական բազմաթիւ նիւթեր։ Քննարկուեցաւ նաեւ ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման նիւթը եւ 2016 թուականի Ապրիլեան ծրագիրները։ Ժողովի օրակարգին էր նաեւ Կաթողիկէ դաւանանքի Հոգեւոր Պետ՝ Փրանկիսկոս Պապի Սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին Էջմիածին այցելութիւնը։ Այս այցելութիւնը պիտի կազմակերպուի Էջմիածնի եւ Վատիկանի համատեղ աշխատութիւնով։
Փրանկիսկոս Պապը 2015-ի Ապրիլին ցեղասպանութեան յիշատակման համար Վատիկանի մէջ կատարուած Ս. Պատարագի ընթացքին շեշտած էր «ցեղասպանութիւն» բառը։ Պապի այս ելոյթը Թուրքիոյ մէջ անհանգստութիւն պատճառած էր եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հիասթափութիւն յայտնած։ Այդ դէպքէն ետք Թուրքիոյ Վատիկանի Դեսպան Մեհմէտ Փաչաճը խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչուած էր։
Նախապէս Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապն ալ 2001 թուին Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ միատեղ յայտարարութիւն մը կատարած եւ Մեծ Եղեռնի մասին «ընդհանրապէս Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը թուացող» արտայայտութիւնը օգտագործած էր։
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ Էջմիածնի Տաճարի համար կատարուելիք աշխատութիւնները, Վեհարանի վերադասաւորումը եւ Էօրնէքեան Դպրոցի կառուցման աշխատութիւնները։ Ներկայացուեցաւ նաեւ 2015-ի ելմտական տեղեկագիրը։