Մազլումեանները Կեսարիայէն գաղթելով հաստատուած են Հալէպ տակաւին 19-րդ դարու առաջին կիսուն։ Գրիգոր Մազլումեան հիմնած է ընտանիքին առաջին պանդոկը «Արարատ» անունով։ Անոր զաւակները Արմենակ եւ Օննիկ Մազլումեաններ հիմնած են Օթել Պարոնը, 1911-ին, զոր մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ։ Արմենակ Մազլումեանի թոռը՝ Արմէն Մազլումեան, մինչեւ օրս կը տնօրինէր Օթել Պարոնը։ Ան մահացաւ անցեալ շաբաթ օր։

Արմէն Մազլումեան զաւակներ չունի, ուստի չորս սերունդի վրայ երկարող Մազլումեաններու շառաւիղը կը հասնի իր աւարտին։ Արմէն Մազլումեան կեանքի վերջին տարիները անցուց պատերազմի տակ։ Պանդոկը ըլլալով ազգայնացուած Սուրիական իշխանութիւններու կողմէ տակաւին 60-ականներէն ի վեր, պատերազմի տարիներուն գործածուեցաւ որպէս բարձրաստիճան սպաներու ընտանիքներուն ապաստարան։ Առաջին անգամ չէ, որ ալեւոր պանդոկը կը ծառայէ որպէս ապաստարան։ 1915-ին, հոն ապաստանած են Արամ Անտոնեան, Գրիգոր Զոհրապ, եւ տակաւին շատ ուրիշներ։
Արմէն Մազլումեան անցեալ տարի համաշխարհային ուշադրութեան կեդրոն դարձած էր, երբ Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը իր հետ հարցազրոյց մը հրատարակելով, պատմած էր Պարոնին պատմութիւնը, պատերազմի օրագրութեան ընդմէջէն։
Մազլումեան կը սիրէր այցելուներուն ներկայացնել պանդոկին պատմութիւնը, անոր փոշոտ պատերուն վրայէն պատմելով թէ ինչպէս Ակաթա Քրիսթի այստեղ գրած է իր «Ոճիր Արեւելեան Ճեպընթացի Վրայ» վէպը։ Թէ ինչպէս այստեղ իջեւանած է Արաբիայի Լաուրէնսը լրտեսական իր աշխատանքներու ընթացքին։ Թէ ինչպէս Եգիպտոսի նախագահ Ճամալ Ապտուլ Նասէր այստեղէն ճառ արտասանած է, եւ վերջապէս, թէ ինչպէս Ճեմալ Փաշա այստեղ տանուլ տուած է Նուպար Փաշային բախտախաղի մէջ, եւ ստիպուած զիջած քանի մը հայ որբեր։
Մազլումեաններու ընտանիքին պատմութիւնը նոյնացած է Հալէպի պատմութեան, եւ Հալէպի հայ գաղութի պատմութեան հետ։ Այս դաժան օրերուն, երբ գաղութը եւս հոգեվարքի մէջ է, մեզի կը մնայ յուսալ, որ Մազլումեաններու աւանդած դար ու կէս պատմութիւնը պիտի չմնան թուղթ ու գիր, այլ պիտի ապրին վերակենդանացող գաղութին ընդմէջէն։