Ոգեկոչում ինը տարի ետք նոյն կէտի վրայ

19Յունուար 2016, Երեքշաբթի օր, ժամը ճիշդ 15։05-ին Հրանդ Տինք յիշատակուեցաւ իր սպանուած վայրին վրայ։

Բազմահազարներու մասնակցութեամբ կատարուած յիշատակման մասնակցած էին ՀՏՓ կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տէմիրթաշ, երեսփոխաններ՝ Կարօ Փայլան եւ Սապահաթ Թունճէլ, ՃՀՓ-ի անունով Սէլինա Տողան, Սէզկին Թանրըքուլու եւ Կամզէ Աքքուշ Իլկէզտի։ Ներկայ էին նաեւ Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախագահ, մօտ անցեալին սպանուած Թահիր Էլչիի այրին Թիւրքան, եւ դուստրը Նազէնին Էլչի։ Յարգանքի տուրք մատուցելու փութացած էին նաեւ Պէրքին Էլվանի հայրը Սամի Էլվան, ԷՏՓ կուսակցութեան համանախագահ Ալփէր Թաշ, ՏԻՍՔ եւ ՔԷՍՔ արհմիութիւններու նախագահներ Քանի Պէքօ, Լամի Էօզկէն։

Այս տարի թէ վանկարկումներու եւ թէ վերտառութիւններուն մէջ ուշագրաւ էր Հրանդ Տինքի եւ Թահիր Էլչիի միասին յիշատակումը։ «Հրանդին հետ հայ, Թահիր Էլչիին հետ քիւրտ ենք» կը գրուէր այդ վերտառութիւններուն վրայ։ Նախորդ տարիներու նման, այս տարի ալ ոճիրի գործուած պահուն յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Հրանդ Տինքի եւ բոլոր ժողովրդավարութեան պայքարի հերոսներուն համար։ Ապա «Հրանդի Ընկերները» հարթակի այս տարուայ պատգամը «Ակօս»ի պատուհանէն ընթերցեց «Շաբաթօրեայ Մայրեր» շարժումի նախաձեռնողներէն Մասիտէ Օճաք։ Աւելի ետք նոյն պատշգամէն Թիւրքան Էլչի ալ ընթերցեց սպանուած ամուսնոյն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Թահիր Էլչիին կողմէ Տինքի ուղղեալ նամակը։ Այս տարի վանկարկումներու մէջ յատուկ կը շեշտուէր քրտաբնակ քաղաքներու մէջ պետական բռնութեան դէմ բողոքը։ Յաճախ կը լսուէր՝ «Պիժի պէրխըտանա Ամէտէ» այսինքն «Կեցցէ՛ Տիգրանակերտի դիմադրութիւնը» վանկարկումը։

Ոստիկանութիւնը Սուրուչի եւ Անգարայի մէջ զանգուածային կորուստներու պատճառ դարձող մահապարտներու յարձակումներէն ետք այս տարի աւելի զգուշ կանխամիջոցներու դիմած էր։ Դէպի «Ակօս»ի խմբագրատուն բարձրացող փողոցները ոստիկանական հսկողութեան տակ առնուած էին եւ ժողովուրդը նրբանցքներէն մի առ մի կ՚անցնէր դէպի հանրահաւաքի վայրը։

Նախորդ թիւով ծանօթացուցած էինք Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար նախատեսուած միջոցառումները։ Իսկ 19 Յունուարին նման բնոյթով հանրահաւաքներ կատարուեցան Իզմիր, Անգարա, Մէրսին, Էսքիշէհիր, Մալաթիա եւ Պուրսա քաղաքներուն մէջ։

Երեւանի մէջ ալ «Նոր Զարթօնք» շարժումի նախաձեռնութեամբ Հրանդ Տինքի յիշատակման ձօնուած երթ մը կազմակերպուեցաւ Երեւանի Քաղաքապետարանէն դէպի Հանրապետութեան Հրապարակ։ Այստեղ ցուցարարներ պահանջեցին որ Երեւանի փողոցներէն մէկը յետ այսու յիշուի Հրանդ Տինքի անունով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ