Լեւոն Էքմէքճեանի աճիւնը Փարիզ փոխադրուեցաւ

Յետ եղեռ­նեան շրջա­նի հա­յոց պատ­մութեան կա­րեւո­րագոյն էջե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ ԱՍԱ­ԼԱ-ի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Սկսե­լով Մկրտիչ Եանը­քեանի Գա­լիֆոր­նիոյ մէջ Թուրքիոյ դես­պա­նատան կցորդ Պա­հատ­տին Տէ­միրը սպան­նե­լէն, շա­րու­նա­կուող տա­րինե­րուն աշ­խարհի զա­նազան քա­ղաք­նե­րուն մէջ Թուրքիոյ դես­պա­նատու­նե­րուն եւ հիւ­պա­տոսա­րան­նե­րուն ուղղեալ զի­նեալ յար­ձա­կումնե­րը կա­տարուեցան այդ խումբի կող­մէ։

Խումբը յար­ձա­կում մըն ալ կազ­մա­կեր­պած էր Ան­գա­րա, Էսէն­պո­ղա օդա­կայա­նը, ուր սպա­նուած էին ու­թը քա­ղաքա­ցիներ եւ ԱՍԱ­ԼԱ-ի ան­դամ Զոհ­րապ Սար­գի­սեան։ Նոյն յար­ձա­կու­մին վի­րաւոր կեր­պով ձեր­բա­կալուած էր Լե­ւոն Էք­մէքճեան։ Զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին, ան շու­տով դա­տուե­ցաւ զի­նուո­րական ատեանի կող­մէ եւ մա­հուան դա­տապար­տուեցաւ։ Մա­հավ­ճի­­ռը գոր­­ծադրուեցաւ նոյն օրը եւ Լե­­ւոն Էք­­մէ­­­քճեան թա­­­ղուե­­­ցաւ Ճէ­­­պէճի գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը։

Ու­­­ղիղ եր­­­կու տա­­­րի առաջ՝ 2013-ի Դեկ­­­տեմբե­­­րին Լե­­­ւոն Էք­­­մէքճեանի հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րը Փա­­­րիզի մէջ կապ հաս­­­տա­­­­­­­տեցին «Թուրքիոյ Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Միու­­­թիւն»ի ան­­­դամնե­­­րուն հետ եւ անոնց փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­ցին Լե­­­ւոնի աճիւ­­­նին Փա­­­րիզ փո­­­խադ­­­րուելու խնդրան­­­քը։ Միու­­­թիւնը խոս­­­տա­­­­­­­ցաւ կա­­­րելին ընել եւ իր շար­­­քէն, իրա­­­ւապաշտպան Էրէն Քէս­­­քին, ըն­­­տա­­­­­­­նիքի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ իբ­­­րեւ, Թուրքիոյ մէջ ձեռ­­­նարկեց աճիւ­­­նի փո­­­խադ­­­րութեան գոր­­­ծին։

Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Միու­­­թեան Իս­­­թանպու­­­լի գրա­­­սենեակին մէջ կա­­­տարուած մամ­­­լոյ ասուլիսի ըն­­­թացքին Քէս­­­քին կ՚ըսէր հե­­­տեւեալը՝ «իրա­­­կանու­­­թեան մէջ պարզ թղթա­­­բանու­­­թիւնով մը լու­­­ծուելիք խնդի­­­րը մե­­­զի հա­­­մար օրի­­­նական պայ­­­քա­­­­­­­րի մը վե­­­րածուեցաւ։ Դի­­­մեցինք Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան։ Պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեցին ըսե­­­լով թէ հար­­­ցը իրենց չի վե­­րաբե­­րիր, պէտք է դի­­մենք Ան­­գա­­­րայի Քա­­ղաքա­­պետու­­թեան եւ Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան Նա­­խարա­­րու­­թեան։ Այս վեր­­ջի­­­նը յայտնեց որ ինք իրա­­ւասու չէ այս նիւ­­թին մէջ։ Իսկ Ան­­գա­­­րայի Քա­­ղաքա­­պետա­­րանը յայտնե­­լով որ աճիւ­­նի փո­­խադ­­րութիւ­­նը իր լիազօ­­րու­­թիւնն է, տուեալ պարագային պա­­հան­­ջեց Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան հա­­ւանու­­թիւնը։ Ի վեր­­ջոյ եր­­կու տա­­րուայ ըն­­թացքին աւար­­տե­­­ցինք այս անի­­մաստ թղթա­­բանու­­թիւնը եւ նա­­խորդ տա­­րուայ վեր­­ջին օրե­­րուն յա­­ջողե­­ցանք գե­­րեզ­­մա­­­նը բա­­նալ։ Առանց դա­­գաղի թա­­ղուած էր Լե­­ւոնը, փո­­սէն ոս­­կորներ ելան, որոնք տե­­ղադ­­րե­­­ցինք յա­­տուկ սնտու­­կի մը մէջ եւ ուղղար­­կե­­­ցինք Փա­­րիզ։ Նոյն օր Լե­­ւոնի հա­­րազատ­­նե­­­րը իմա­­ցու­­ցին որ ստա­­ցած են ղրկուած սնտու­­կը։ Հի­­մա ծի­­նաբա­­նական քննու­­թիւն մը պի­­տի կա­­տարուի, որ­­մէ ետք կրօ­­նական արա­­րողու­­թիւնով պի­­տի կա­­յանայ յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան կար­­գը»։ Պա­­տաս­­խա­­­նելով ներ­­կա­­­ներէն մէ­­կուն հար­­ցումին, Էրէն Քէս­­քին յայտնեց թէ ինք եւ թէ իր ըն­­կերնե­­րը ներ­­կայ պի­­տի գտնուին յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան։ Հար­­ցում մըն ալ ուղղուած էր նոյն դէպ­­քի ըն­­թացքին տեղ­­ւոյն վրայ մա­­հացած Զոհ­­րապ Սար­­գի­­­սեանի դիակին հա­­մար։ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան ան­­դամնե­­րը յայտնե­­ցին թէ Ճէ­­պէճիի Գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ ար­­ձա­­­նագ­­րութիւն մը գո­­յու­­թիւն չու­նի։ «Մենք յա­տուկ հե­տաքրքրուեցանք Սար­գի­սեանի աճիւ­նին հա­մար ալ։ Հա­կառակ որ գե­րեզ­մա­նատան ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը շատ կա­նոնա­ւոր են եւ իս­կոյն յայտնե­ցին Լե­ւոն Էք­մէքճեանի թա­ղուած կէ­տը, Զոհ­րապ Սար­գի­սեանի հա­մար ոչ մէկ նշում կար այդ ցան­կե­րուն մէջ»։ Միութեան ան­դամնե­րէն Հրանդ Գաս­պա­րեան յայտնեց թէ լսում մը ստա­ցած են ըստ որու Զոհ­րապ Սար­գի­սեանի մար­մի­նը թա­ղուած է Սու­րիոյ մէջ։ Թէ ինչպէս եղաւ այդ փո­խադ­րութիւ­նը, ցարդ ան­ծա­նօթ է բո­լորին։

Մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան ներ­կայ գտնուեցան նաեւ Ան­գա­րայէն ժա­մանած խումբ մը գոր­ծիչներ, որոնք հա­մախմբուած են «Յե­ղափո­խական 78-ի Սե­րունդ» անուան տակ եւ կը յի­շատա­կեն իրենց սերնդա­կից յե­ղափո­խական­նե­րը։ Անոնք այդ ծի­րին մէջ կը դի­տեն նաեւ Լե­ւոն Էք­մէքճեանը։ Այսպէս ելոյթ ու­նե­ցաւ Ֆա­թին Քա­նաթ, որ Լե­ւոնի հետ նոյն շրջա­նին գտնուած է Մա­մաքի բան­տը։ «Ես մեծ ցաւ կը զգամ որ Լե­ւոնը անի­րաւուեցաւ պե­տութեան դի­մաց մե­ղան­չե­լու պնդու­մով։ Զինք խա­բեցին այդ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­մար։ Խոս­տա­ցան որ նման ար­տա­յայ­տութիւննե­րով պի­տի ազա­տուի մա­հապատ­ժէն։ Մինչդեռ մէկ օր իսկ չէին սպա­սած պա­տիժը գոր­ծադրե­լու հա­մար»։ Բագ­րատ Էս­դուգեան խօսք առ­նե­լով պատ­մեց պե­տու­թեան կող­մէ Լե­ւոն Էք­մէքճեանի հա­մար թարգման նշա­նակուած Տիգ­րան Գէոր­գեանի այդ խա­բելու գոր­ծո­ղու­թեան մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թիւնը։ «Հա­մատա­րած ճնշու­մի այդ օրե­րուն հայ հա­մայնքը ար­ժա­նի կեր­պով տէր չէր կրցած կանգնիլ թէ Լե­ւոն Էք­մէքճեանին եւ թէ նոյն շրջա­նին ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րով բան­տարկուած Հայր Մա­նուէլ Վար­դա­պետ Եր­կա­թեանին» ըսաւ Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ