ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ
vardbalian@gmail.com
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուող Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) հիմնադիր եւ տնօրէն Երուանդ Զօրեանը Երկուշաբթի օր միօրեայ այցով կը գտնուէր Իսթանպուլ։ Այցի ընթացքին Զօրեան Իսթանպուլի հայկական կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունեցաւ, որու ընթացքին ներկայացուց համալսարանը ու անոր ընձեռած հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ համալսարանի գործունէութեան մի քանի տարիներու ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն։ ֆերիգիւղի «Նազար Շիրինողլու» սրահին մէջ, հիւրին հանդիպած ուսուցիչներու խումբը անոր ելոյթէն ետք հնարաւորութիւն ունեցաւ իրենք հետաքրքրող հարցերը ուղղել համալսարանի տնօրէնին։ Հանդիպման ժամանակ արդէն ակնյայտ էր Պոլսի հայկական կրթական կեանքի մէջ ներգրաւուած անձանց հետաքրքրութիւնը ներկայացուող նիւթին շուրջ։
Ինչպէ՞ս ծագած է ՀՀՀ-ի գաղափարը
Ե. Զօրեան որոշում կայացուցած է ստեղծել Հայկական Համացանցային Համալսարանը, քանի որ հայկական դպրոցի պակաս եղած է իր իսկ համայնքին մէջ։ Այնուհետեւ այս համակարգը սկսած է կիրառուիլ նաեւ սփիւռքի միւս երկրներուն եւ Հայաստանի մէջ։ Նախագծի նպատակն է առցանց կրթութիւն տրամադրել հայոց լեզուի, պատմութեան, հայկական մշակոյթի եւ շախմատի բնագաւառներուն մէջ։ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու զրկուած են հայկական դպրոցներ, հաստատութիւններ ունենալու հնարաւորութենէն։ Համացանցային համալսարանը հնարաւորութիւն կու տայ պահպանելու մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը՝ գտնուելով աշխարհի տարբեր անկիւնները։ Այն կը ստեղծէ համացանցային դասարաններ, որուն շնորհիւ ծրագրին միացած անհատներ կը հանդիպին միւս մասնակիցներուն եւ քննարկումներով կը համալրեն իրենց ստացած կրթութիւնը։ Համալսարանը կամուրջ կը հանդիսանայ հայկական սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու դպրոցներու միջեւ։ Անհատական եւ խմբակային ծրագիրներէն զատ՝ համալսարանը ունի նաեւ ելեկտրոնային գրքերու արխիւ, որ հասանելի է բոլորին։
Հասանելի է վեց տարբեր լեզուներով
Համալսարանը կը ներկայացնէ կրթական ծրագիրներ ե՛ւ արեւելահայերէն, ե՛ւ արեւմտահայերէն սորվիլ ցանկացողներուն համար։ Բոլոր ծրագիրները հասանելի են վեց լեզուներով՝ հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ իսպաներէն։ Նաեւ այս է պատճառը, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը ձեռք բերած է ուսանողներ գրեթէ ամբողջ աշխարհէն։ Թրքերէն լեզուով ուսուցման առկայութիւնը եզակի հնարաւորութիւն է Թուրքիայի հայկական համայնքի բոլոր այն ներկայացուցիչներուն համար, ովքեր չեն կարողացած յաճախել հայկական կրթական հաստատութիւններ, սակայն ցանկութիւն ունին տիրապետելու հայերէնի։ Հայոց լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ շախմատի դասեր ներկայացնող համալսարանն ունի նաեւ ազգութեամբ ոչ հայ ուսանողներ տարբեր երկրներէն։
Ծրագրի համար կը գործեն տարբեր կրթաթոշակներ
Աշխարհի շուրջ 75 երկրէն ուսանողներ ունեցող Հայկական Համացանցային Համալսարանը պատրաստած է մուլտիմեդիա ելեկտրոնային գրքեր՝ «Հայկական բարձրավանդակ» եւ «Բացայայտենք Երեւանը» վերնագրերով։ Այս գրքերը ելեկտրոնային տարբերակով եւ բոլորովին անվճար հասանելի են բոլորին։ ՀՀՀ-ի կրթական դասընթացներէն իւրաքանչիւրի արժէքը 200 ամերիկեան տոլար է, սակայն համալսարանի կրթական ծրագրին ընտրուած եւ նիւթապէս անապահով թեկնածուներուն կ՚առաջարկուին տարբեր կրթաթոշակներ։ Գերազանց առաջադիմութիւն ցուցաբերած ուսանողները նոյնպէս հնարաւորութիւն կը ստանան անվճար շարունակելու կրթութիւնը։