Վհատիլը յանցանք է

Մինչեւ որ կրակը մեր տունը իյնայ, մինչեւ որ մեր ընտանիքէն զոհեր չունենանք պիտի չյիշե՞նք որ մարդ ենք։ Դեռ որքա՞ն պիտի փակենք մեր խղճի դռները Սուրէն, Ճիզիրէէն, Մծբինէն կամ Սիլոփիէն հնչող աղաղակին դիմաց։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Մանկութեան տարիներուս ձեռքս ինչ որ անցնի տան լու­սա­մու­տէն փո­ղոց կը նե­տէի։ Մայրս կը ծու­լա­նար ամէն ան­գա­մն փո­ղոց ել­­լե­­­լու եւ ան­­ցորդի մը կը ձայ­­նէր. «Եղ­­բայր, երա­­խան ձեռ­­քէն թո­­ղուց, խնդրեմ կրնա՞ս տալ»։ Մօրս այդ «եղ­­բայր» կան­­չը ոչ կրօնք, ոչ ցեղ, ոչ ալ լե­­զու ու­­նէր։ Ջերմ ու մարդկա­­յին էր մի­­նակ։ «Եղ­­բայր» բա­­ռը այսպէս տպա­­ւորո­ւած է իմ մէջ։ Հա­­մոզո­ւած եմ, որ հե­­ռու­­ներ, շատ հե­­ռու­­ներ եղ­­բայրներ ու­­նիմ։ Շատ կ՚ու­­զէի Տի­­յար­­պէ­­­քիր եր­­թալ, Սու­­րը, Մար­­տի­­­նը, Մծբի­­նը տես­­նել։ Պա­­տահած փո­­ղոցի մը վրայ կանգնիլ եւ գո­­ռալ՝ «Ես տգէտ, ես փոքր, ես ան­­ճար, ես մարդ, ես կին, ես այլ… նե­­րողու­­թիւն կը խնդրեմ, ճա­­րահատ եմ, կը ցա­­ւիմ ձեզ հետ»։ Չե­­ղաւ, չկրցայ։ Ես ալ եղ­­բայր մը ճա­­րեցի Տի­­յար­­պէ­­­քիրէն։ Զան­­գա­­­հարե­­ցի այս բո­­լորո­­վին ան­­ծա­­­նօթ եղ­­բօր եւ հա­­րազա­­տի նման հար­­ցուցի. «եղ­­բայր ի՞նչ են վի­­ճակ­­նե­­­րը, շատ մտա­­հոգ եմ ձեզ հա­­մար»։ Այսպէս ես հար­­ցուցի, եղ­­բայրս պա­­տաս­­խա­­­նեց եւ մտա­­հոգու­­թիւնս ալ աւե­­լի շատ­­ցաւ։

Սա պա­­հուն ո՞ւր ես եղ­­բայր, կրնաս պատ­­մել գտնո­ւած տեղդ։

Հինգ տա­­րի է որ Տի­­յար­­պէ­­­քիր կ՚ապ­­րիմ։ Նա­­խապէս ալ յա­­ճախ եկած եմ այս քա­­ղաքը։ 90-ական թո­ւական­­նե­­­րը ապ­­րած սե­­րունդ ենք։ Այդ տա­­րեթի­­ւերուն իմ ապ­­րած քա­­ղաքին մէջ ինչ որ տե­­սայ, նոյ­­նը տե­­սան տի­­յար­­պէ­­­քիր­­ցի իմ տա­­րեկից­­ներս։

Ան­­ցեալի վէր­­քե­­­րը սպիաց­­նե­­­լու հա­­մար գլխա­­ւորու­­թեամբ քիւրտե­­րուն, երկրի բո­­լոր զգա­­յուն տար­­րե­­­րը ամէն առի­­թով, խա­­ղաղու­­թիւն, հա­­մերաշ­­խութիւն, երկխօ­­սու­­թիւն փա­­ռաբա­­նեցին։ Բայց ինչպէս որ կը տես­­նէք, այս եր­­կի­­­րը իրեն յա­­տուկ մե­­քենա­­կանու­­թիւն մը ու­­նի։ Իր մտայ­­նութեան հա­­կասող ամէն ին­­չը ոչնչաց­­նե­­­լու հա­­մար լա­­րուած մե­­քենա­­կանու­­թիւն մը։ Վեր­­ջին հինգ ամիս­­նե­­­րուն բո­­լորի շրթնե­­րէն նոյն նա­­խադա­­սու­­թիւնը կը լսո­ւի. «պա­­տահ­­մամբ կ՚ապ­­րինք»։ Մինչդեռ որ­­քան կ՚ու­­զէի այս քա­­ղաքի բնա­­կան պատ­­մա­­­կան գե­­ղեց­­կութիւննե­­­րը պատ­­­մել ձեզ։

Ձեր գտնո­ւած մա­­­սին մէջ փո­­­ղոց ել­­­լե­­­­­­­լու ար­­­գելք կա՞յ։

Ո՛չ, իմ բնա­­­կած թա­­­ղամա­­­սին մէջ ար­­­գելք չկայ։ Ար­­­գելքը Սու­­­րի մէջ կը գոր­­­ծադրո­ւի, որ կպած է իմ բնա­­­կած «Ենի­­­շէհիր» թա­­­ղամա­­­սին։ Մենք անուղղա­­­կի կեր­­­պով կ՚ազ­­­դո­ւինք այդ ար­­­գելքէն։ Բո­­­լոր ան­­­կիւննե­­­րուն զրա­­­հապատ ինքնա­­­շարժներ կանգնած են։ Զիս վա­­­խեց­­­նո­­­­­­­ղը ոչ թէ այդ ինքնա­­­շարժներն են, այլ մեր այս ան­­­սո­­­­­­­վոր տե­­­սարա­­­նին վար­­­ժո­ւիլը, հետզհե­­­տէ բնա­­­կան գտնելը։

Ամուսնա­­­ցա՞ծ էք, զա­­­ւակ­­­ներ ու­­­նի՞ք։

Ամու­­­րի եմ, զա­­­ւակ­­­ներ չու­­­նիմ։ Բայց եթէ ու­­­նե­­­­­­­նայի այս պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ ինչպէ՞ս կը մխի­­­թարէի զի­­­րենք։ Խա­­­ղալի­­­քով մը կրնա­­­յի՞ հա­­­մոզել զա­­­նոնք։

Գի­­­տեմ որ ու­­­սուցիչ էք, ինչպէ՞ս դպրոց կ՚եր­­­թաք։

Մարդ շու­­­տով կը հա­­­մակեր­­­պի, ես ալ հա­­­մակեր­­­պած եմ եւ նախ սոր­­­ված դպրո­­­ցի ճամ­­­բան։ Գի­­­տեմ որ եթէ յան­­­կարծ ճամ­­­բու անցքը փա­­­կեն, զար­­­տուղի որ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րով կրնամ դպրոց հաս­­­նիլ։ Գի­­­տեմ թէ, ո՞ր պա­­­տին տա­­­կէն քա­­­լելու ժա­­­մանակ պէտք է քայ­­­լերս արա­­­գաց­­­նեմ, կամ ուր գլուխս վար ծռած անցնիմ։ Ան­­­շուշտ միայն ես չեմ, այդ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւնը իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցած են նաեւ մեր աշա­­­կերտնե­­­րը։ Հի­­­մա եկէք ես հարցնեմ, այսքա­­­նը ող­­­բերգու­­­թիւն մը չէ՞։

Քա­­­նի՞ աշա­­­կերտ կ՚ու­­­սա­­­­­­­նի ձեր դպրո­­­ցին մէջ։

1000, 1200-ի շուրջ աշա­­­կերտ ու­­­նինք։ Յստակ թիւ մը տա­­­լու կը դժո­ւարա­­­նամ, քա­­­նի որ օրէ օր կ՚աճի աշա­­­կեր­­­տութիւ­­­նը։ Փո­­­ղոց ել­­­լե­­­­­­­լու ար­­­գելք եղած թա­­­ղերէն ալ եկող աշա­­­կերտներ կան։ Քա­­­ղաքի ամե­­­նափոքր ալե­­­կոծու­­­մը իս­­­կոյն կ՚ազ­­­դէ աշա­­­կերտնե­­­րու վրայ։ Ծնող­­­ներն ալ շատ մտա­­­հոգ են։ Ի վեր­­­ջոյ տե­­­սանք որ 11 տա­­­րեկան ըլ­­­լա­­­­­­­լը ոս­­­տի­­­­­­­կանի մը կրա­­­կոցով սպան­­­ո­ւելու ար­­­գելք չէ։

Ձեր դպրո­­­ցը վնա­­­սուա՞ծ է։

Ո՛չ, մեր դպրո­­­ցի շէն­­­քը ֆի­­­զիքա­­­կան վնա­­­սուածք մը չու­­­նի։ Ելեկտրա­­­կանու­­­թիւն ալ ու­­­նինք, ջուր եւ ջե­­­ռու­­­ցում ալ։ Տղա­­­քը զբօ­­­սան­­­քի հա­­­մար պար­­­տէզ կը հա­­­նենք, յե­­­տոյ հե­­­ռուէն լսո­ւած կրա­­­կոցով մը խու­­­ճա­­­­­­­պահար դպրոց կը մտցնենք։ Անոնց ապ­­­րած հո­­­գեկան ցնցու­­­մը շատ աւե­­­լի կա­­­րեւոր է։ Օրի­­­նակի հա­­­մար, Տա­­­ւութ, Սուր թա­­­ղամա­­­սը կը բնա­­­կի, հայ­­­րը ծանր վի­­­րաւո­­­րուած է։ Քա­­­տիրը ըն­­­տա­­­­­­­նիքին հետ մտած է տան նկու­­­ղը եւ կը խու­­­սա­­­­­­­փին սե­­­նեակ մտնե­­­լէ։ Դպրոց գա­­­լու պա­­­հուն ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը ամէն ան­­­կիւնա­­­դար­­­ձին կը խու­­­զարկեն տղա­­­քը։ Պա­­­յու­­­սակներ­­­նուն պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը գե­­­տին թա­­­փելով կը կա­­­յանայ այդ խու­­­զարկու­­­մը։

Այս է Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի ներ­­­կայ իրո­­­ղու­­­թիւնը։ Ինչ որ պատ­­­մե­­­­­­­ցի, փո­­­ղոցի կեանքն է, քա­­­ղաքի, քա­­­ղաքացի­­­ներու առօ­­­րեան։ Ռմբա­­­կոծո­ւած շէն­­­քեր, ամէն տեղ փամ­­­փուշտի հետ­­­քեր, կրա­­­կոց­­­նե­­­­­­­րու աղ­­­մուկ։ Գի­­­տէ՞ք, փո­­­ղոցի ժո­­­ղովուրդը մէյ մըն ալ արեւ­­­մուտքի ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը կը խօ­­­սի։ Աւե­­լի քան հինգ ամիս է մենք այս դժոխ­­քի մէջն ենք եւ արեւ­­մուտքէն ոչ մէկ ար­­ձա­­­գանգ։ Կը յի­­շեմ, «Կէ­­զի»ի ապստամ­­բութեան օրե­­րուն ոմանք կը քննա­­դատէին «քիւրտե­­րը ո՞ւր են» ըսե­­լով։ Աս­­տուծոյ սի­­րուն, «Կէ­­զի»ի մէջ քիւրտէն աւե­լի ի՞նչ կար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ