Որակեալ կրթութիւն՝ հասանելի բոլորին

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ 

vardbalian@gmail.com

Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ կրթութեան մակարդակի բարելաւման եւ կրթական նոր հեռանկարներու զարգացման համար տարբեր նախաձեռնութիւններ կ՚իրականանան։ Հայաստանը քայլեր կ՚ընէ միջազգային կրթութեան ոլորտէ ներս, որ շատ կարեւոր եւ եզակի է, ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի համար։ Սակայն, պարզ աչքով ալ կրնանք տեսնել, որ կրթութեան պատկերը խիստ տարբեր է մարզերու մէջ։ Սահմանամերձ գօտիներու աշակերտները յաճախ զրկուած են որակեալ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։ Մեր զրուցակիցը վստահ է, որ Հայաստանի կրթական համակարգին անհրաժեշտ է շարք մը փոփոխութիւններ կատարել՝ որակեալ կրթութիւնը հասանելի դարձնելու համար բոլորին։ «Կրթու­թիւն Հա­յաս­տան» (Teach For Armenia) ծրագ­րի հիմ­նա­դիր ղե­կավար Լա­րիսա Ռա­յանն ար­դէն քա­նի մը տա­րի է որ կը պայ­քա­րի որա­կեալ կրթու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի բո­լոր աշա­կերտնե­րուն հա­սանե­լի դարձնե­լու գա­ղափա­րի հա­մար։ Մեր զրոյ­ցի ըն­թացքին Լա­րիսան պատ­մեց իր աշխատու­թեան, ծրագ­րի ձեռքբե­րումնե­րուն, ան­ցած ճա­նապար­հին եւ ապա­գայ ծրագ­իրներու մա­սին։

«Երի­տասարդ կին՝ խենթ գա­ղափար­նե­րով»

Հայրս իռ­լանտա­կան ծա­գու­մով ամե­րիկա­ցի է, մայրս՝ Հա­յաս­տա­նէն։ Անոնք հան­դի­պած են Մոս­կուայի մէջ։ Ամ­բողջ կեանքս ան­ցուցած եմ Ռու­սաստա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ շրջա­գայու­թիւննե­րով։ Կրթու­թիւնս ստա­ցած եմ Ամե­րիկա՝ մաս­նա­գիտա­նալով պիզ­նէ­սի բնա­գաւա­ռի մէջ։ Սա­կայն ինձ կը ջղայ­նացնէր այն հան­գա­ման­քը, որ ես կրնամ իմ ամ­բողջ կեանքս անցնել գրա­սենեակա­յին աշ­խա­տանք կա­տարե­լով։ Որո­շեցի ու­րիշ՝ աւե­լի հե­տաքրքրական բան մը ընել։ Ընտրուեցայ «Կրթու­թիւն Ամե­րիկա» (Teach for America) ծրագ­րին մաս­նակցե­լու հա­մար։ Սկսայ դա­սաւան­դել Արի­զոնա նա­հան­գի յա­տուկ կա­րիքա­ւոր երա­խանե­րու դպրո­ցի մէջ։ Շատ բարդ աշ­խա­տանք էր, սա­կայն ես շատ սի­րեցի այն եւ սկսայ մտա­ծել, թէ ին­չու նոյն ծրա­գիրը չեմ իրա­կանաց­ներ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Նաեւ մայրս կ՚ըսէր, որ եր­թամ Հա­յաս­տան, ուր ինձ նման ու­սուցիչ պէտք է։

Եւ 2013թ. սկզբին տե­ղափո­խուե­ցայ Հա­յաս­տան, որ­տեղ սկսայ ղե­կավա­րել «Կրթու­թիւն Հա­յաս­տան» (Teach For Armenia) կրթա­կան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։ Երի­տասարդ կին՝ խենթ գա­ղափար­նե­րով։ Սա­կայն տա­րիներ ետք այդ գա­ղափար­նե­րը իրա­կանու­թիւն կը դառ­նան։

«Դպրոց­նե­րու մէջ երա­խանե­րուն ստա­ցած կրթու­թիւնը կը պայ­մա­նաւո­րէ անոնց ապա­գան»։

«Կրթու­թիւն Հա­յաս­տան»ը ստեղ­ծած ենք, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան մէջ ան­հա­ւասա­րու­թիւն կը նկա­տենք։ Ըն­կե­րատնտե­սական առու­մով թեր­զարգա­ցած շրջան­նե­րուն երա­խանե­րը լաւ կրթու­թիւն ստա­նալու հնա­րաւո­րու­թիւն չու­նին։ Բարձր որա­կաւո­րում ու­նե­ցող ու­սուցիչ­նե­րը ցան­կութիւն չու­նին դա­սաւան­դե­լու գիւ­ղե­րուն կամ բարձր վար­ձատրու­թիւն չա­պահո­վող դպրոց­նե­րուն մէջ։ Եւ ցա­ւօք, այս հա­մակար­գէն տու­ժողնե­րը երա­խաներն են։ Դպրոց­նե­րուն մէջ երա­խանե­րուն ստա­ցած կրթու­թիւնը կը պայ­մա­նաւո­րէ անոնց ապա­գան։

Մենք կը հա­ւատանք, որ շատ փո­փոխու­թիւննե­րու կա­րիք կայ։ Ուստի կ՚աշ­խա­տինք երի­տասարդ եւ խե­լացի հա­մալ­սա­րանա­ւարտնե­րու հետ, որոնք, ամե­նեւին պար­տա­դիր չէ, որ ման­կա­վար­ժա­կան կրթու­թիւն ու­նե­նան։ Մենք մաս­նա­գէտ­նե­րուն կ՚ու­ղարկենք տար­բեր դպրոց­ներ՝ ամե­նաքի­չը եր­կու տա­րի ժա­մանա­կով։ Մի գու­ցէ այդ ու­սուցիչ­նե­րը յե­տագա­յին նոր դպրոց­ներ կը հիմ­նեն, իրենց ծրագ­իրնե­րը կը սկսին իրա­կանաց­նել։ Ճիշդ այս է այն փո­փոխու­թիւնը, որ մենք կը ցան­կա­նանք տես­նել Հա­յաս­տանի մէջ։

«2016թ. ծրագ­րին 40-45 ու­սուցիչ ու­նե­նալու ենք»

Ու­սուցիչ­նե­րու առա­ջին խումբը այս տա­րի Սեպ­տեմբեր ամ­սին պատ­րաստ եղած է ծրագ­րին։ Մօտ 150 դի­մում ու­նէինք եւ ընտրած ենք 14 ու­սուցիչ։ Կա­րելի է ըսել, որ մրցակ­ցութիւ­նը բա­ւական մեծ էր։ Ամէն տա­րի ու­սուցիչ­նե­րու նոր խումբ ընտրուելու է։ Ան­ցած տա­րի 14 ու­սուցիչ ընդգրկուած է, 2016-ի հա­մար 30-35 ու­սուցիչ կը նա­խատե­սենք ընտրել։ Ուստի, 2016թ. ծրագ­րին ար­դէն 40-45 ու­սուցիչ ու­նե­նալու ենք։

Կ՚ընտրենք այն մար­զե­րը, որոնց դպրոց­նե­րը դան­դաղ առաջ­դի­մու­թիւն ու­նին, որ­տեղ աղ­քա­տու­թեան ցու­ցա­նիշը շատ բարձր է։ Նա­խապա­տուու­թիւնը կու տանք այն դպրոց­նե­րուն, որոնք մեր կա­րիքը իս­կա­պէս ու­նին։ Իւ­րա­քան­չիւր երա­խայ տա­ղանդ եւ կա­րողու­թիւն ու­նի, եւ եթէ հնա­րաւո­րու­թիւն տրուի, երա­խանե­րը կա­րող են իրենք իրենց զար­գացնել։

Մեր ու­սուցիչ­նե­րէն մի քա­նին կ՚աշ­խա­տին Տա­վուշ, որ Ատրպէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նային գօ­տի է։ Ծրագ­րի գրե­թէ բո­լոր ու­սուցիչ­նե­րը գիւ­ղե­րու մէջ են։ Դիւրին աշ­խա­տանք չէ։ Այս ծրա­գիրը մեծ հայ­րե­նասի­րու­թիւն կը պահանջէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ