ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է, որ Թուրքիա կը մերժէ պատերազմէն փախելով իր երկիրը ապաստանածներուն գաղթականի իրաւունքներ ճանչնալ։ Պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ անոնք կը նշուին «հիւր» կոչումով։ Բնական է որ «հիւր»ը իրաւունքներ չունենար եւ կը բաւարարուի իրենց մատուցուածով։ Ներկայիս Սուրիա, Իրաք, Աֆղանստան եւ այլ ալէկոծուած երկիրներէ փախելով Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատողներուն թիւը կը գերազանցէ երկու միլիոնը։ Թուրքիա ապաստանած այս գաղթականները, երբ գաղթականի իրավիճակով Եւրոպական երկիրներ ընդունուելու համար կը դիմեն ՄԱԿ-ի համապատասխան գրասենեակ, իրենց կ՚առաջարկուի մինչեւ 2022 թուականի երկարող ժամադրութիւններ։ Այս իրողութիւնը վերջին անգամ նկատեցինք Եոզղատի մէջ բնակութիւն հաստատած 72 իրաքահայերու օրինակով։ Այսքան երկար ժամկէտի պատճառաբանութեան համար դիմեցինք Ապաստանութեան եւ Գաղթի Հետազօտութեան Կեդրոնէն Մէթին Չորապաթըրին, որ «Ակօս»ին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները։ «Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու ծիրէն ներս 2013-ին պատրաստեց օրինագիծ մը, որ նոյն տարի ընդունուեցաւ Եւրօ Խորհրդարանի կողմէ։ Այս օրէնքի շրջագծով ապաստանեալները դասաւորուեցան վեց տարբեր դրութեան մէջ՝ ա) Ապաստանութեան դիմող, բ) գաղթական, գ) պայմանաւոր գաղթական, դ) երկրորդական խնամքի ենթակայ անձ, ե) ժամանակաւոր խնամքի ենթակայ անձ, զ) մարդկային բնակութիւն ունեցող անձ։ 2014-էն այս կողմ Թուրքիա եկողները այս բաժանմունքներուն տակ կը դասաւորուին։ Գաղթականի իրավիճակը ի զօրու է միայն Եւրոպական երկիրներէ Թուրքիա ապաստանիլ ուզողներուն համար։ Սուրիայէն եկողներուն համար յատուկ կարգավիճակ մը որդեգրուեցաւ՝ -ժամանակաւոր պահպանման կարգավիճակ- այս կարգավիճակը կը գործածուի զանգուածային գաղթերու պարագային»։
Մէթին Չորապաթըր մինչեւ 2022 յետաձգուող տեսակցելու ժամադրութիւններն ալ կը բացատրէ Եւրոպայի երկիրներուն Թուրքիայէն եկող գաղթականները ընդունելու մասին դժկամութեամբ։ «Եւրոպական երկիրները սահմանափակում մը ճշդած էին եւ արդէն այդ սահմանը հասած են։ Միայն բացառիկ երեւոյթներու ընթացքին յատուկ թոյլտուութիւններ կը գործադրուին։ Այդ բացառութեան օրինակ կը համարուի Թուրքիոյ մէջ դարմանումը անկարելի հիւանդութեան մը վարակուիլ, ընտանեկան բոլոր պարագաները կորսնցուցած մանուկ մը, եւ այլն։ Վերոյիշեալ օրէնքի ընդունումէն ետք հիմնուեցաւ «Գաղթի Ղեկավարման Ընդհանուր Տնօրէնութիւն» մը եւ «Գաղթականներու Զօրակցելու Միութիւն» անուն հասարակական կազմակերպութիւնը։ Ժամադրութիւնները այս միութիւնն է որ կը ճշդէ։ Նախքան օրէնքին ընդունուիլը, դիմումները շատ աւելի կարճ ժամանակի մէջ կը դասաւորուէին։ Իսկ օրէնքի ընդունուելէն վերջ շատ մեծ պահանջ գոյացաւ եւ ժամադրութիւններն ալ յետաձգուեցան։ Բայց կը հաւատամ որ դրութիւնը պիտի փոխուի եւ այդ թուականները կրճատել կարելի պիտի ըլլայ»։
Չորապաթըրի այս բացատրութիւններէն ետք դիմեցինք Գաղթականներու Զօրակցութեան Միութեան վարչականներէն Վուրկուն Քավլաքին։ Ան ալ իր կարգին նշեց որ ՄԱԿ ամէն օր շուրջ 20 անձերու հետ կը տեսակցի։ «Ներկայիս Իրաքցիներու համար 2022 ալ չէ, այլ 2023-ին ժամադրութիւն կու տան։ Աֆղանստանցիներուն առհասարակ ժամադրութիւն չեն տար»։