ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Երկրի իմաստունները իրարայաջորդ կերպով հրաժեշտ տուին։ Եաշար Քէմալ, Սէննուր Սէզէր, Կիւլթէն Աքըն, Չէթին Ալթան… Անգարայի սպանութենէն ետք Աքըն Պիրտալի սիրեցեալ կինը Կիւլշէն Իւլքէր Պիրտալ երիտասարդ հասակին Այշէնուրի նման հրաժեշտ տուաւ մեզի։ Բոլորն ալ աւելի արդար երկիր մը երազած էին։ Եաշար Քէմալ իր հետ կատարուած վերջին հարցազրոյցին կ՚ըսէր՝ «80 տարի է որ չենք մտածած, թէ այս մարդիկ ինչու համար լեռ բարձրացած են։ Մինչդեռ քիւրտերը այդ լեռ բարձրացողները դիւրաւ կրնան վար իջեցնել։ Ոչ ոք կ՚ուզէ զաւակներուն մահանալը։ Քիւրտ ժողովուրդը խաղաղութիւն կը պահանջէ»։ 1993-ի Դեկտեմբերին Իսթանպուլի մէջ քրտական խնդրի խաղաղութեամբ լուծման համար համագումար մը կայացաւ «Հիլթօն» հիւրանոցին մէջ։ Նման բանախօսութիւն մըն ալ Անգարայի մէջ պիտի կայանար, բայց Տէմիրէլ, Չիլլէր, Զօրավար Կիւրէշ եռեակը այդ բանախօսութեան չարտօնեցին։ Այդ ժամանակ «70 տարեկան եմ այլեւս չեմ վախնար» ըսած էր մեծանուն վիպագիրը։ Այշէնուրը շատ կը սիրէր։ Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան երիտասարդութեան խմբակէն կը ճանչնար զինք։ «Քաջ աղջիկ» կը կոչէր։ Դեռ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր Այշէնուր։ Այշէնուր իսկապէս քաջ էր։ Անգամ մը, երբ յետադիմականները յարձակած էին ուսանողաց ակումբին վրայ, ան ջուրի խաղալիքի ատրճանակներուն մէջ կարմիր ներկ լեցուցած եւ սրսկած էր վրանին։ Յիմարները վրայի կարմիր ներկը արիւն կարծած սարսափով փախչած էին։ Այսօր ինչպէս որ ատելութեամբ լեցուն ամփոխներ կը յարձակին ՀՏՓ-ի շէնքերուն, այդ ժամանակ ալ Բանուորական Կուսակցութեան Շէնքերը իրենց յարձակումներուն թիրախը կը դառնար։ 1965-ի ընտրութիւններու նախօրեակին խուժանը Սինան Ճէմկիլի հայրը խոշտանգել փորձած էր եւ ան դժուարաւ ազատած էր այդ վայրագներու ձեռքէն։ Աւելի վերջ այդ նոյն խուժանը Ուսուցչաց Արհմիութեան անդամ ուսուցիչներուն յարձակած էր Կեսարիոյ մէջ։ Խորհրդարանին մէջ «Նազըմ Հիքմէթ մեծ բանաստեղ է» ըսելուն պատճառաւ դաժան ծեծի ենթարկուած էր ծանօթ գրող Չէթին Ալթան։ Վերջին գրութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր որ, «յայտնի եղած է թէ այս երկրի մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը տեսնել կարելի պիտի չըլլայ ինծի համար։ Թոռներուս թողել ուզած երկիրս այս չէր»։ Իրենք զիրենք Պահպանողական Երիտասարդութիւն կոչած խմբակը հասակ առած էր Ուսանողական Միութեան երդիկին տակ։ Այդ երդիկէն բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ դուրս եկան։ Առաջին հերթին կը յիշեմ երկու նախագահներ՝ Կիւլը եւ Էրտողանը, եւ երկու Խորհրդարանի նախագահներ՝ Չիչէքը եւ Քահրամանը։ Մինչայդ համայնավար երիտասարդութիւնը սկսած էր դիրքէր նուաճել համալսարանական շրջանակներու մէջ։ Աշակերտներու հակումը ուղղուած էր դէպի համայնավարութեան։ Ապարդիւն մնացին յետադիմականներու այդ հոսանքը կասեցնելու ջանքերը։ 1968-ի ամրան, երբ բողոքի մեծ ալիք մը բարձրացած էր քաղաքը այցելող Ամերիկեան նաւատորմի զինուորներուն դէմ, չարամիտները առիթը յարմար նկատելով սպանութիւններ գործադրել սկսան։ Այս ծիրէն ներս համայնավար երիտասարդութեան առաջին զոհը հանդիսացաւ Իսթանպուլի Թէքնիկ Համալսարանի ուսանող Վէտաթ Տէմիրճիօղլու, որ Թէքնիկ Համալսարանի հանրակացարանի երկրորդ յարկէն վար նետուեցաւ ոստիկաններու ձեռքով։ 69-ի Փետրուարին այս անգամ նոյն նաւատորմի դէմ բողոքի ցոյցերուն վրայ յարձակող այդ խուժանը, դաշոյնահարեց Բանուորական Կուսակցութեան անդամ երկու երիտասարդներ։ Երբ յայտնի դարձաւ որ Թէքնիկ Համալսարանի ուսանողներու ներկայացուցչութեան ժողովը պիտի կորսնցնեն, այս անգամ յարձակեցան աշակետութեան վրայ եւ Թայլան Էօզկիւր ոստիկանի մը գնդակներով մահացաւ։ Այս վիճակած էր երկրի ժողովրդավարութիւն ցանկացող երիտասարդութեան բախտին։ Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակը ճիշդ ընկալելու համար կ՚արժէ յետադարձ ակնարկ մը սեւեռել, թէ ուրկէ՞ կը ծագի չարիքի այս հոսանքը։