Միջին Արեւելքի խաւարման օրերը

ՆԱԶԱՆ ԷՕԶՃԱՆ

ozcanazan@gmail.com

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի «Կոր­ծա­նուած Քա­ղաքակրթու­թիւն» եր­կօ­րեայ բա­նախօ­սու­թեան ու­շագրաւ ելոյթնե­րէն մէկն ալ կա­տարուեցաւ Փա­րիզի «Ըն­կե­րային Գի­տու­թիւննե­րու Բարձրա­գոյն Վար­ժա­րան»ի դա­սախօս Փրոֆ. Հա­միտ Պո­զաս­լա­նի կող­մէ։ Ան իր նիւ­թը ներ­կա­յացուց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հո­լոքոս­տի մի­ջեւ նա­խադ­րեալ­նե­րու նմա­նու­թեան մասին։ Պո­զաս­լան այդ նմա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով զու­գա­հեռ­ներ հիւ­սեց մե­րօրեայ խնդիր­նե­րու հետ։ Այսպէ­սով ալ իր զե­կոյ­ցը պատ­մա­կան հու­նէն դուրս գա­լով վե­րածուեցաւ այ­սօ­րը ըն­կա­լելու մեկ­նա­բանու­թեան։ Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն Արե­ւել­քի եւ Արեւ­մուտքի մի­ջեւ առ­կայ հա­կադ­րութիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հա­մար յա­ճախ կը գոր­ծածուէր մշա­կոյթներու միջեւ բա­խում բա­ցատ­րութիւ­նը։ Պո­զաս­լան կը մեր­ժէ այս հաս­տա­տու­մը, եղե­լու­թիւնը նկա­րագ­րե­լով միջմշա­կու­թա­յին բա­խում կամ ներմշա­կու­թա­յին բա­խում։ Անուանի գիտնական համագումարէն ետք հետեւեալ միտքերը փոխանցեց մեզ։ «Միջկրօ­նային բա­խում մը չէ այս մէ­կը, բայց ու­նի կրօ­նական երանգ։ Կրօ­նակա­նին մէջ նաեւ դա­ւանան­քա­յին երանգ մը եւս։ Միայն դա­սակար­գե­րու մի­ջեւ բա­խում մը չէ այս, բայց ու­նի դա­սակար­գա­յին յատ­կութիւն ալ։ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ ապ­րուած­նե­րը միայն պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ հա­ւասա­րակշռու­թեան խնդիր մը չեն։ Հար­ցը Թուրքիոյ, Ռու­սաստա­նի կամ ԱՄՆ-ի ինչ ընե­լէն աւե­լի կա­րեւոր է։ Հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով ան­կումի շատ լուրջ շրջան մը կը բո­լորենք։ Եթէ 22 մի­լիոն բնակ­չութիւն ու­նե­ցող Սու­րիայէն 11-12 մի­լիոն մարդ կը գաղ­թեն այս մէ­կը շատ մեծ անգթու­թեան մը ապա­ցոյ­ցը պէտք է հա­մարել։ Հա­մոզուած եմ թէ միայն մէկ քա­ղաքակրթու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի՝ մարդկու­թեան կեր­տած քա­ղաքակրթու­թիւնը։ Սա պա­հուս մենք այդ միակ քա­ղաքակրթու­թեան ան­կումն է որ կ՚ապ­րինք։ Հա­սարա­կական քա­ղաքակրթու­թեան ան­կումը։ Այդ ան­կումը այ­սօր կը տես­նենք Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ, բայց վա­ղը անոր պի­տի հան­դի­պինք այլ եւ այլ տե­ղեր ալ։ Կա­րելի է ըսել որ Մի­ջին Արե­ւել­քը հի­մա Եւ­րո­պա է։ Վեր­ջին 30 կամ 40 տա­րինե­րը նկա­տի ու­նե­նալով կա­րելի է ըսել որ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ կրաւորականացում մը կը տիրէ։ Օրի­նակի հա­մար Գա­հիրէի մէջ երա­խայի մը խնձոր գող­նա­լը աւե­լի դժուարա­ցած է, քան ար­մա­տական ահա­բեկ­չա­կան խումբի մը ան­դա­մակ­ցիլ։ Բայց միւս կող­մէ նոյն Մի­ջին Արե­ւել­քը իր սահ­մա­նումնե­րուն մէջ շատ ու­ժով բռնու­թիւն մըն ալ կ՚ար­տադրէ։ Շատ ան­գամ ան­տե­սանե­լի բռնու­թիւն մըն է այս, որ կ՚ար­տադրուի Սու­տա­նի կամ Աֆ­ղանստա­նի զի­նեալ ճամ­բարնե­րուն կամ բան­տե­րուն մէջ։ Նոյ­նը մա­սամբ կը պա­տահի Եւ­րո­պայի մէջ։ Հա­կասու­թիւն պա­րու­նա­կող երե­ւոյթ մըն է այս։ Մէկ կող­մէ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ բռնու­թե­նէ հե­ռանա­լու ըն­թացք մը կը տի­րէ, իսկ նոյն պա­հուն դար­ձեալ Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րուն մէջ բռնու­թեան նոր հո­սանք մը կը ձե­ւաւո­րուի։ Օրի­նակ Էլ Քա­իտէի շար­քե­րուն մէջ Պին Լա­տէնի ար­մա­տակա­նացու­մը կը կա­յանայ Աֆ­ղանստա­նի ճամ­բարնե­րուն մէջ։ Զէ­վահի­րիի ար­մա­տակա­նացու­մը բան­տի մէջ եւ Մու­համմէտ Աթ­թա­յի ար­մա­տական­ցումը Ափ­րի­կէի մէջ։ Ըստ երե­ւոյ­թի այս երեք տա­րածքներն ալ տե­սանե­լու­թեան դաշ­տէն դուրս են։ Թէ Ալ­պէր Քա­միւ եւ թէ Ժան Փոլ Սարթր բան­տը կը ներ­կա­յաց­նեն մարմնին սաս­տիկ բռնութեան են­թարկուած, բայց անոր փո­խարէն երա­զան­քին ազա­տու­թիւն վա­յելած վայ­րեր ըլ­լա­լով։ Սա պա­հուն Փա­րիզի եւ այլ տե­ղերու մէջ մեր հան­դի­պածն ալ բռնու­թեան ալ աւե­լի աճե­լով Եւ­րո­պա տա­րածուիլն է։ Եւ­րո­պայի երի­տասար­դութեան մէկ մա­սը դիւ­րաւ կը ներգրա­ւուի այս հո­սան­քին։ Վեր­ջին 10 տա­րինե­րուն կը տես­նենք որ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ միայն պե­տու­թիւննե­րը ճգնա­ժամի չեն մատ­նուիր, այլ հա­սարա­կու­թիւնն ալ կը կքի։ Իսկ հա­սարա­կու­թեան ան­կումնե­րը, երբ կը միանան բռնու­թեան, ՏԱԻՇ-ի կամ Փա­րիզեան յար­ձա­կումնե­րու գործադրութիւնը ան­խուսա­փելի կը դառ­նան։ Սա պա­հուն Սու­րիոյ մէջ ոչ քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու բա­խու­մին մա­սին կա­րելի է խօ­սիլ, ոչ ալ քրիս­տո­նեանե­րու եւ մահ­մէ­տական­նե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի մա­սին։ Եղա­ծը սու­րիացի ալէ­վինե­րու, սուննի­ներու եւ շիանե­րու բա­խումն է։ Նախ ներ­քին պա­տերազ­մի մը հետ դէմ­յանդի­ման ենք։ Իսկ երկրորդ՝ արեւմտեան ժո­ղովրդա­վարու­թիւնն ալ ներ­քին ճգնա­ժամ մը կ՚ապ­րի։ Այս ներ­քին ճգնա­ժամը միայն գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցով բա­ցատ­րել կա­րելի չէ։ Եր­րորդ սե­րունդ կայ Եւ­րո­պայի մէջ։ Նոյ­նիսկ ՏԱԻՇ-ի շար­քե­րուն մէջ մարտնչող երի­տասարդներ կան, որոնք ծա­գու­մով քրիս­տո­նեայ են ու ապա իս­լա­մը ըն­դունած։ Քա­ղաքա­կանու­թիւն ար­տադրե­լու կա­րողու­թեան տկա­րացու­մը, քա­ղաքա­կան հե­ռան­կա­րի պղտո­րացու­մը, քա­ղաքա­ցիական գի­տակ­ցութեան վե­րացու­մը, դա­սակար­գա­յին պայ­քա­րին տկա­րացու­մը եւ հետզհե­տէ քա­ղաքա­կանու­թեան թեք­նիկ նիւթ մը ըլ­լա­լով ըն­կա­լու­մը հա­սարա­կու­թեան կա­րեւոր մէկ մա­սին վրայ հա­մակեր­պումը խան­գա­րող բնոյթ մը կը ստեղ­ծէ։ Մա­նաւանդ գաղ­թա­կան­նե­րու յա­ջորդ սե­րունդնե­րը կը դժուարա­նան հա­սարա­կու­թեան հա­մակեր­պուելու։ Մի­ջին խա­ւի քրիս­տո­նեանե­րէն ան­ձեր ալ այս հո­սան­քին կրնար տա­րուիլ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ է որ քա­ղաքակրթու­թիւնե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի փո­խարէն ես կ՚առա­ջար­կեմ ներ­քա­ղաքակրթու­թեան բա­խում։

Աշ­խարհի պատ­մութեան տար­բեր հանգրուան­նե­րուն կը հան­դի­պինք նման ըն­թացքնե­րու։ Նա­ցինե­րու շրջանն ալ նման երե­ւոյթներ ու­նէր։ Թէեւ կա­րելի չէ նա­ցինե­րու եւ ՏԱԻՇ-ի մի­ջեւ ուղղա­կի կապ մը տես­նել։ Բայց այդ շրջա­նին ալ Հան­նա Արէնտ կամ Ուալ­թէր Պէն­ժա­մին հե­տեւեալ հար­ցումը կը հարցնէին՝ -ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ որ խիստ գործնա­կան իշ­խա­նու­թեան մը առ­կա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ անձնաս­պա­նու­թեան գոր­ծօնն ալ գո­յու­թիւն կ՚ու­նե­նայ-։ Բ. Աշ­խարհա­մար­տի տա­րինե­րուն Գեր­մա­նական փի­լիսո­փայու­թեան մե­ծագոյն դժբախտութիւնը եղաւ այս ող­բերգու­թիւնը մեկ­նա­բանե­լու ան­կա­րողու­թիւնը։ Կեան­քի վեր­ջին տա­րինե­րուն Ֆրէուտ ամե­նաշատ այս նիւ­թով կը զբա­ղէր։ Մարդկու­թեան պատ­մութիւ­նը եւ քա­ղաքակրթու­թիւնը իր հետ կը բե­րէր Էրո­սի հա­կակշռու­մը։ Էրոս միայն սե­ռային նշա­նակու­թիւն չու­նի, ան միեւ­նոյն ժա­մանակ յու­զումի, կիր­քի եւ սի­րոյ չաս­տուածն էր։ Բայս Էրո­սի հա­կակշռի տակ առ­նուիլը իր հետ կը բե­րէր Թա­նաթո­սի, այ­սինքն մա­հուան չաս­տուածի ալ իր շղթա­ներէն ձեր­բա­զատու­մը»։

Հա­միտ Պո­զաս­լան քիչ մըն ալ հա­մաշ­խարհա­յին բնոյ­թով այս վեր­լուծումնե­րը ընե­լէ ետք կրկին անդրա­դար­ձաւ Մի­ջին Արե­ւել­քի այս ներ­կայ ար­տա­կարգ ալե­կոծումնե­րուն, որոնք դի­տեց որոշ հեր­թա­կանու­թեան մէջ։ «Նկա­տի ու­նե­նալով Հռո­մի Փրան­կիսկոս Պա­պի –մաս­նա­հատուած Գ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմ մը կ՚ապ­րինք- խօս­քե­րը, ես կը դժուարա­նամ Գ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմ հաս­տա­տու­մին ձայ­նակցե­լու։ Բայց մաս­նա­հատուած բա­ռը իմաս­տա­լից է։ Այս ան­կումը Եւ­րո­պայէ ներս ալ ի զօ­րու է։ Գա­լով Մի­ջին Արե­ւել­քին, այնտեղ 1979-էն այս կողմ պա­տերազ­մի գոր­ծընթացք մը կը տի­րէ։ 1979-ի Իրա­նի յե­ղափո­խու­թիւնը, Աֆ­ղանստա­նի գրա­ւու­մը, Իրան եւ Իրա­քի մի­ջեւ պա­տերազ­մը, այս հա­կադ­րութիւննե­րէն ազ­դուած Լի­բանա­նի քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մը, 80-ական, 90-ական տա­րեթի­ւերու Պաս­րա­յի Ծո­ցի պա­տերազմնե­րը եւ այդ շա­րանը կը հաս­նի մին­չեւ 2010-ական թի­ւեր։ Եր­կա­րատեւ պա­տերազ­մի մը ար­հա­ւիր­քը կ՚ապ­րինք, որ հետզհե­տէ կը վե­րածուի արա­բական ներ­քին պա­տերազ­մի մը։ Ըստ երե­ւոյ­թի Թու­նի­սէն մին­չեւ Եգիսպտոս ու Եմէն եր­կա­րող այս բա­խումնե­րու շար­քը յա­րատե­ւու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Յատ­կա­պէս Սաու­տի Արա­բիա աշ­խոյժօ­րէն մի­ջամուխ կ՚ըլ­լայ այս պա­տերազմնե­րուն։ Եւ կա­րելի է ըսել որ այս պա­տերազմնե­րուն մէջ դա­ւանանգնե­րը շատ կա­րեւոր դեր ու­նին։ Սաու­տի Արա­բիան, Թուրքիան եւ Իրա­նը Մի­ջին Արե­ւել­քի քար­տէ­սը դա­ւանանգնե­րու հի­ման վրայ վերստին գծեցին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ