Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած երկօրեայ բանախօսութեան շարքի ընթացքին լսելով հոլանտացի գիտնական Յելլէ Վերհէյի զեկոյցը, տարուեցանք մտածումներու։ Ծանօթ իրողութիւն է որ Պոլսոյ հայ դպրոցներուն մէջ մենք զրկուած ենք հայոց պատմութիւն սերտելու առիթէն։ Սակայն յատկապէս վերջին 10-15 տարիներուն այդ զրկանքը յաղթահարելու համար արտադպրոցական բազում միջոցներ յայտնուած են։ Սակայն ցարդ չէինք լսած այն ինչ որ պատմեց հոլանտացի գիտնականը։ Չէինք պատկերացուցած, որ աւելի քան 2.500 հայեր ամբողջ շաբաթ մը պաշարուած մնան քաղաքի վեց եկեղեցիներուն մէջ։ Միայն 1.000 հոգի ամբողջ շաբաթ մը անցնեն ոստիկանութեան կողմէ պաշարուած Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Եւ քաղաքի Անգլիական Դեսպանատան ու Հայոց Պատրիարքարանի ջանքերով համաձայնութիւն կնքուի կառավարութեան հետ, վերանայ ոստիականական պաշարումը եւ ապաստանածները դեսպանատան ու Պատրիարքարանի պաշտօնեաներու հսկողութիւնով դուրս գան իրենց ապաստանէն։ Յելլէ Վերհէյ այս պատահարը փոխանցելէ ետք պաստառին վրայ ցոլացուց մեքենագրեալ անուանացանկ մը, ուր եկեղեցի ապաստանածներու անուններու կողքին նշուած էին անոնց ծննդավայրերը եւ ասպարէզները։ Պատմաբանը այս վաւերագրական փաստաթուղթը գտած էր Լոնտոն, Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արխիւին մէջ։ Ան կը կարծէր թէ այս մէկը Թուրքիոյ մէջ գըրւած առաջին մեքենագրեալ փաստաթուղթերէն է, բայց չէր կրցած ստուգել թէ գրամեքենան Անգլիոյ Դեսպանատան կը պատկանէ՞ր, թէ ոչ Պատրիարքարանի։ Իրականութեան մէջ ցանկի տուեալները ուշագրաւ էին իրեն համար։ Ան ուսումնասիրելով տեսաւ թէ, Սուրբ Երրորդութիւն ապաստանած 1.000 հայերու միայն հինգ տոկոսը իբրեւ ծննդավայր Պոլիսը նշած է։ Այս տեղեկութենէն մեկնելով Վերհէյ կը համոզուի թէ անոնք ժամանակաւոր աշխատանքի համար Պոլիս եկած պանդուխտներ են։ «Հաւանաբար պոլսեցի հայերը աւելի դիւրաւ ապահովութիւն գտան իրենց տուներուն մէջ, բայց պանդուխտ գաւառացիները ապահով չէին պատսպարուած խաներու խցիկներուն մէջ եւ նախընտրեցին եկեղեցի ապաստանիլ»։ Ան ապա պատմեց ժամանակաւոր աշխատանքի համար դէպի Պոլիս կատարուած ճամբորդութեան մասին գիտելիքներ։ «Վեց կամ եօթը շաբաթ կը տեւէր հետիոտն ճամբորդութիւնը Վանէն մինչեւ Պոլիս։ Աշունն ու ձմեռը կ՚անցնէին այստեղ զանազան աշխատանքներով եւ գարնան նոյն ճամբորդութեամբ կը վերադառնային դէպի երկիր։ Հազիւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք է, որ այս դաժան ճամբորդութիւնը կրճատուեցաւ Սեւ Ծովեան նաւահանգիստներէն երթեւեկող նաւերու շնորհիւ»։ Քանի մը էջանոց այս փաստաթուղթը ահագին բացատրութիւն կը շնորհէ գիտնականին։ «Այդտեղ նշուածներուն համազօր տեղեկութիւն կը քաղեմ նաեւ չնշուածներէն։ Օրինակի համար այդ 1.000 անուններուն մէջ չեմ հանդիպիր ատանացի, այնթապցի, ուրֆացի կամ տիյարպէքիրցի հայի մը։ Այս ալ ինքնին ապացոյց մըն է։ Այդ կողմերէն գաղթականութեան դիմողները Պոլսոյ փոխարէն կը դիմէին ուրիշ մեծ քաղաք մը՝ Հալէպ, որ աշխարհագրական առումով աւելի մօտ է։ Նոյնպէս չեմ հանդիպած Սեւ Ծովի արեւելեան քաղաքներէն եկած անունի մը, ինչպիսին է տրապիզոնցին, ռիզէցին կամ հոփացին։ Անոնք ալ կ՚երթային Ռուսական Կայսրութեան մեծ քաղաքները փռապան կամ շինարար աշխատելու համար»։ Բոլորին զարմանքին արժանի երեւոյթ մըն էր նաեւ հոլանտացի պատմաբանին սահուն թրքերէնը։ Բանախօսութեան աւարտին մօտենալով իր մօտ բացայայտեցինք այս գաղտնիքն ալ։ «20 տարի է որ կը բնակիմ Քոճաէլի։ Նոյնիսկ Քոճաէլիի աւաններէն մէկուն մէջ։ Մեծ քաղաքի ժխորէն հեռու ըլլալը մատչելի է ինծի համար։ Թէ կ՚օգտուիմ ներկայ ժամանակներու ընձեռած հաղորդակցութեան բարիքներէն եւ թէ կ՚ապրիմ բնութեան հարազատութեան մէջ»։
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ