Ոստիկան Զօրաց պաշտօնեաներն ալ դեր ունին

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տավա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ օրա­­կարգ զբա­­ղեց­­նել։ Պե­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու հար­­­ցաքննու­­­թիւնը կա­­­տարող դա­­­տախազ Կէօքալփ Քէօք­­­ճի­­­­­­­ւի պատ­­­րաստած ամ­­­բաստա­­­նագ­­­րին Գլխա­­­ւոր Դա­­­տախա­­­զու­­­թեան կող­­­մէ մեր­­­ժուելէն ետք հի­­­մա Դա­­­տախազ­­­նե­­­­­­­րու եւ Դա­­­տաւոր­­­նե­­­­­­­րու Վե­­­րին Խոր­­­հուրդի մօտ բո­­­ղոք ներ­­­կա­­­­­­­յացուած է դա­­­տախազ Քէօք­­­ճի­­­­­­­ւի դէմ։ Մինչ այդ Քէօք­­­ճի­­­­­­­ւի պատ­­­րաստած ամ­­­բաստա­­­նագ­­­րին մէջ ակ­­­նարկու­­­թիւններ կայ նաեւ Իս­­­թանպու­­­լի եւ Տրա­­­պիզո­­­նի Ոս­­­տի­­­­­­­կան Զօ­­­րաց պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու դե­­­րակա­­­տարու­­­թեան մա­­­սին։ Մեկ­­­նե­­­­­­­լով դէպ­­­քի վայ­­­րի գոր­­­ծա­­­­­­­տեղի­­­ներու մօտ գտնուող տե­­­սախ­­­ցիկնե­­­րու նկա­­­րահա­­­նումնե­­­րէն, պար­­­զուած են Ոս­­­տի­­­­­­­կան Զօ­­­րաց պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու դէպ­­­քի վայ­­­րին մէջ գո­­­յու­­­թիւնը։ Ամ­­­բաստա­­­նագ­­­րի մէջ անոնց գո­­­յու­­­թիւնը կը բա­­­ցատ­­­րուի ոճ­­­րա­­­­­­­գործ Օկիւն Սա­­­մաս­­­թի օգ­­­նա­­­­­­­կան-դի­­­տորդ-հե­­­տեւող ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Անոնք կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան առու­­­մով պաշ­­­տօն ստանձնած են եւ այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ իրենց թղթած­­­րա­­­­­­­րը դուրս կը բե­­­րուի հար­­­ցաքննու­­­թեան թղթած­­­րա­­­­­­­րէն։ Իսկ մնա­­­ցեալ 25 պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու մա­­­սին փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րը ար­­­դէն տեղ գտած են հար­­­ցաքննու­­­թեան թղթած­­­րա­­­­­­­րին մէջ։

Տինք ըն­­­տա­­­­­­­նիքի իրա­­­ւապաշտպան Հա­­­քան Պա­­­քըր­­­ճըօղ­­­լու կը յայտնէ թէ դա­­­տախազ Քէօք­­­ճիւ բծախնդրու­­­թեամբ հար­­­ցաքննեց ոճի­­­րը ծրագ­­­րող, գոր­­­ծադրող տար­­­րե­­­­­­­րը եւ այս գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան մէջ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րը։ «Թէեւ իր պատ­­­րաստած ամ­­­բաստա­­­նագ­­­րին մէջ մեր մատ­­­նանշած կարգ մը անուններ չեն հար­­­ցաքննուած, բայց մենք կա­­­տարուած ամ­­­բաստա­­­նու­­­թիւննե­­­րուն փաս­­­տե­­­­­­­րով ալ ամ­­­րա­­­­­­­ցուի­­­լը տես­­­նե­­­­­­­լով կը կա­­­րեւո­­­րենք եւ դրա­­­կան կը գտնենք Քէօք­­­ճի­­­­­­­ւի պատ­­­րաստած ամ­­­բաստա­­­նագի­­­րը։ Դա­­­տախա­­­զի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած թղթած­­­րա­­­­­­­րի մեր­­­ժումը սխալ կը գտնենք եւ կը պա­­­հան­­­ջենք որ գոր­­­ծադրուի 25 պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը»։

Պա­­­քըր­­­ճըօղ­­­լու շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելով ըսաւ թէ Տին­­­քի ոճի­­­րի վե­­­րին կա­­­ռոյ­­­ցը եւ անոնց յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը լու­­­սա­­­­­­­բանե­­­լու հա­­­մար հար­­­ցաքննու­­­թիւնը պէտք է ալ աւե­­­լի խո­­­րանայ եւ աւար­­­տին հաս­­­նի։ «Թղթած­­­րա­­­­­­­րը յանձն առ­­­նե­­­­­­­լէն այս կողմ ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ հար­­­ցաքննու­­­թիւն մը կա­­­տարող դա­­­տախազ Կէօքալփ Քէօք­­­ճի­­­­­­­ւի պաշ­­­տօ­­­­­­­նին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի­­­լը մեծ կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւն ու­­­նի» ըսաւ փաս­­­տա­­­­­­­բան Հա­­­քան Պա­­­քըր­­­ճըօղ­­­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ