ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
2-4 Նոյեմբեր թուականներու միջեւ Թել Աւիվ, Իսրայէլի Բաց Համալսարանի մէջ Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան Հետազօտութիւններու Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ՝ «Ցեղասպանութիւն. Պատմութիւն եւ Յիշողութիւն» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ժողովականները Իսրայէլի նախագահ Ռէվէն Ռիվլինի կողմէ հիւրասիրուեցան Երուսաղէմի իր համեստ նստավայրին մէջ։ Անոնք աւելի ետք այցելեցին Վաղատ Էր Սալամ գիւղը, ուր հրեաներ եւ արաբներ միասնաբար կ՚ապրին եւ Նեվէ Շալոմ անուն զբօսայգին, որ ծանօթ է նաեւ «խիղճ ունեցողներու համաշխարհային պարտէզ» անուանումով։ Հոն յիշատակեցին հայերը փրկող թուրքերը եւ հրեաները փրկող հայերը։ Ռէվէն Ռիվլին ծնած էր դեռ Իսրայէլի պետութեան հիմնարկութենէն առաջ երբ Պաղեստինը անգլիական գաղութ մըն էր։ Ռիվլինի ընտանիքը 1809-էն ի վեր Երուսաղէմ կը բնակի։ Անոնք ընտանեօք կը պատկանին Վիլնա Տէ Կաօն ուխտին, այսինքն հրէական կրօնաբարոյական աւանդութեան։ Իսրայէլի նախագահը Երուսաղէմի համալսարանը աւարտելէն ետք երկար տարիներ աշխատեցաւ իբրեւ փաստաբան։ Անդամակցած է «Լիքուտ» կուսակցութեան եւ զանազան կառավարութիւններու մէջ ստանձնած է նախարարութեան պաշտօն։ Եղած է նաեւ Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի բանբեր։ 2014-ին Իսրայէլի նախագահ ընտրուեցաւ։
Արաբերէնի քաջ տիրապետող Ռիվլին, երկրի փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս ալ արաբներուն իրաւունքներու պաշտպանն է։ Ան դէմ է երկպետութեան լուծումին։ Իբրեւ իմաստուն քաղաքագէտ իր խոտոր տեսութիւններով, թէ աջակողմեան եւ թէ ձախակողմեան գործիչներուն զօրակցութիւնը կը վայլէ։
Ռիվլինի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն ալ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման համար կազմակերպուած արշաւներուն զօրակցիլն է։ Սակայն նախագահ ընտրուելէ ետք համակերպեցաւ Արտգործ Նախարարութեան Թուրքիոյ հետ նոր խնդիրներէ խուսափելու ցանկութեան։
Մեր հանդիպման պահուն նշեց թէ որպէս Երուսաղէմցի, լաւ գիտէ իր հայ հարեւաններու նախնեաց ապրած ողբերգութիւնը։
Թուրքիան 1948-ին, ցեղասպանութենէ վերապրածներու կողմէ հիմնուած Իսրայէլի պետութիւնը առաջին ճանչցող երկիրներէն է։ Երկու երկիրներու միջեւ այդ օրէն շարունակուող ամուր յարաբերութիւններ կան։ Միւս կողմէ Թուրքիան ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յայտարարութիւնը եւ Ցեղասպանութեան Միջազգային Բանաձեւը առաջին ընդունող երկիրներէն է։ Նոր պատժական օրէնքին մէջ ցեղասպանութիւնը յստակօրէն բնութագրուած է եւ պատժամիջոցներ նախատեսուած։
Այս բոլորով հանդերձ Թուրքիոյ հանրապետութեան 1915-ի իրողութիւնը յամառօրէն ուրանալը կարեւոր հակասութիւն մըն է։ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները կը թուարկուի ԺԹ դարու վերջերուն։ «Բարեկամութիւն»ը երբեմն քննադատութիւն ալ կը պահանջէ եւ այս յատկութիւնը իրաւ բարեկամութեան չափաննիշն է արդէն։ Ցեղասպանութեան դարեդարձին Գերմանիոյ նախագահը իմաստուն կեցուածքով ընդունեց իրողութիւնը եւ պատասխանատուութեան բաժինը։ Որպէս իմաստուն պետական այր, նոյնը կը պատշաճի Ռիվլինին եւ ես կը հաւատամ թէ ան կ՚արդարացնէ այդ պատշաճութիւնը։
Պարոն Էրտողանին ահաբեկիչ Համասին ուղղեալ զօրակցութիւնը պատճառ եղաւ որ ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխելու աշխատող թրքական լոպին տկարանայ։ Սակայն այդ բացթողումը արժանապէս կը փակէ Ատրպէյճանական լոպին։ Ի վերջոյ քարիւղի եւ զէնքի վաճառքով գոյացած խիտ յարաբերութիւններ կան։ Այս է որ Իսրայէլի Բաց Համալսարանի գիտաժողովի կազմակերպումն ալ որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելու ստիպուեցան։ Գիտաժողովի ընթացքին կազմակերպուեցաւ նաեւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը ցոլացնող հրեաներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Երեւանի Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի եւ Ինստիտուտի վարչականներէն Տոքթ. Սուրէն Մանուկեան։ Այնտեղ մէջբերումներ կատարուած էին Գերման Սոսիալ Տէմոքրաթ առաջնորդներէն Էտուարտ Պէրնշթայն, 1915-ին ԱՄՆ-ի Իսթանպուլի դեսպան Հէնրի Մորկէնթաու, «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպի հեղինակ Ֆրանզ Վերֆէլ, տանեացի գրող Ճորճ Մորիս Գոհէն Պրանտէ, ֆրանսացի լրագրող Պէրնար Լազար, մարդու իրաւունքներու շարժումի առաջնորդներէն եւ 1914-ի հայկական բարեփոխումներու գործիչներէն
Անտրէ Մանտելշթամ, ցեղասպանութիւն բարի հեղինակ Ռաֆաէլ Լէմքին, տանեացի լեզուագէտ Էճ Մէյէր Պէնէտիքսէն, 1917-ի աշնան Ճէմալ Փաշայի հրամանով Տամասկոսի մէջ ձերբակալուած, տանջանքներու ենթարկուած, բայց ընկերները չմատնելով անձնասպանութեան դիմող Սարա Ահարանսոնի աշխատութիւններէն։ (Երանի թէ յիշուած ըլլար 1895-1896-ի հայոց կոտորածները քննադատող եւ հայ յեղափոխական շարժումին զօրակցող Ռոզա Լիւքսէմպուրկն ալ)։
Առաջին նիստի խորագիրն էր «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը եւ Ուրացումը»։ Ես այս բաժնի մէջ զեկուցեցի «Ցեղասպանութեան Ուրացումին Դէմ 1990-ականներուն Մղուած Պայքարը» խորագիրով։ Երկրորդ նիստը «Յիշողութեան Ձեւաւորումը» եւ երրորդ նիստին ալ «Ի՞նչ Գիտենք Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին։ Ցեղասպանութեան Հետազօտութիւններու Մէջ Նոր Հակումներ» խորագիրները։ Այս նիստին «Պիլկի» համալսարանէն Փրոֆ. Այհան Աքթար վերլուծեց 1915-ին, Տիյարպէքիր Լճէի քայմաքամի դէմ կատարուած մահափորձը։ Չորրորդ նիստը նիւթ կ՚առնէր «Ժամանակի Հայելիի Մէջ Հոլոքոստի Ցոլացումներ» եւ հինգերրորդն ալ «Ցեղասպանութեան Գրական Երեսակը» խորագիրները։
Փակման նիստի խորագիրը ալ աւելի հետաքրքրական էր՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Իսրայէլի պետութեան կողմէ ճանաչումը. եթէ ոչ այսօր, հապա ե՞րբ»։