Վերջերս Թուրքիա այցելեց Ուրուկուայցի միակ նախագահը, որ Հայաստան այցելած ու որոշ ժամանակ հոն ապրած է խորհրդային տարիներուն։ Իր գրքի թրքական տարբերակը ներկայացնելու համար այցելած է իր տիկնոջ հետ եւ մեծ ոգեւորութիւն եւ հետաքրքրութիւն գոյացուցած։ Գիրքին վերնագիրն է՝ «Նախագահ Մը Առանց Պալատի» թարգմանութիւնը ուղղակիրօրէն ակնարկութիւն մըն է Պարոն Էրտողանին, որ իր իշխանութեան տարիներուն հսկայ պալատ մը շինած է Անգարայի մէջ։
ՏԻԷԿՕ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ուրուկուայի մէջ զինուորական բռնապետութեան օրօք Խոզէ Մուխիքան «Թուփամարոս» խումբի անդամ ըլլալով զինեալ պայքար մղեց իշխանութեան դէմ։ Բանտարկուեցաւ ու նաեւ աքսորուեցաւ։ Այն ժամանակ Նիքիթա Խուրուշչէվի իշխանութեան տարիներուն ապաստան գտաւ Հայաստանի մէջ։ Իր խոստովանութեամբ լաւ տպաւորուած էր հայերու պատմութեամբ եւ մշակոյթով։ «Մատենադարանին մէջ տեսնելով որ շատ փոքր գիրերով սուրբ գիրքեր կային, հասկցայ որ հայ ժողովուրդը տարիներու ընթացքին հալածուեցաւ» խոստովանած է մեզի հետ զրոյցի ժամանակ։
Մուխիքան այն նախագահը եղած է, ով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրը իր ձեռքով Հայաստան հրապարակին մէջ Հայաստանէն բերուած խաչքար բացեր է։ «Գոհար» նուագախումբի համերգներուն մասնակցած է Մոնթէվիտէոյի Համերգասրահին մէջ, ուր Կիլիկիոյ դրօշները ձեռքին վայելեր է հայ երգն ու երաժշտութիւնը։
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ան ըսաւ որ «երբեք արդարութիւն պիտի չըլլայ, քանի որ վնասը արդէն իրագործուեր է եւ ոեւէ մէկը պիտի չփոխհատուցէ հայութեան, սակայն ճանաչումը շատ կարեւոր է։ Գիտեմ որ Թուրքիոյ մէջ պիտի նեղանան այս խօսքերուն համար։ Կան պետական շահեր, որ խոչընդոտ կը հանդիսանան այս հարցի բնականոն լուծման»։
Այսօր թէեւ արդէն 80 տարեկան է, մասնագէտները չեն բացառեր որ, եթէ իր առողջութիւնը բարուօք ըլլայ ան նորէն թեկնածու կ՚ըլլայ նախագահի պաշտօնին, քանի որ բարձր տրամադրութիւնը հանդէպ աղքատութեան դէմ պայքարին եւ հասարակական արդարութեան ձեռքբերման, նորէն յաղթելու մեծ հնարաւորութիւններ կու տան։ Մուխիքան պատրաստ է։