Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքի հետ հաղորդակից մնալու բազում միջոցներ ունի։ Այդ առիթը ընձեռողը անշուշտ որ հայ ժողովուրդի դարերու ընթացքին կուտակած մշակութային հարստութիւնն է։ Բազմակողմանի է այդ հարստութիւնը, բազմերանգ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքի հետ հաղորդակից մնալու բազում միջոցներ ունի։ Այդ առիթը ընձեռողը անշուշտ որ հայ ժողովուրդի դարերու ընթացքին կուտակած մշակութային հարստութիւնն է։ Բազմակողմանի է այդ հարստութիւնը, բազմերանգ։
Պարտինք հաստատել թէ 24 ամեայ հանրապետութիւնը իր հիմնարկութենէն սկսեալ լաւագոյնս կ՚արժեւորէ այդ հարստութիւնը, թէ հայրենիքի եւ սփիւռքի կապը վառ պահելու եւ թէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման նպաստելու իմաստով։ «Հայաստան-սփիւռք համաժողովները», «Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման 1700 ամեակը», «գիրերու գիւտի 1600 ամեակը», լաւագոյն միջոցներ եղան, թէ այս տարեդարձներու ազգային գիտակցութեան ամրապնդման խթան ըլլալուն, եւ թէ առիթ ստեղծեցին որ հայ անհատը շփուի իր հարազատ երկրին հետ։
Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւս նպաստեց նոյն արդիւնքին, կազմակերպելով բազմաթիւ նախագիծներ եւ միջոցառումներ։ Միայն «Արի Տուն» երիտասարդական նախագիծը անգամ բաւարար է Նախարարութեան այս ծիրէն ներս տարած աշխատանքը գնահատելու համար։ Բայց կայ աւելին։ Եւ անոնցմէ մէկն էր այս տարի ներկայացող եւ Կոմիտաս Վարդապետի ձօնուած փառատօնը։ Աշխարհի տարբեր ծագերէն բազմաթիւ մենակատարներ կամ խումբեր եկած էին Կոմիտաս երգելու «Երգում ենք Կոմիտաս» խորագրին ներքեւ։ Իսկ Պոլիսի մշակութային հարստութիւնը փոխանցելու համար եւս մի նախագիծ, որու շրջանակներով Երեւան ժամանեցին Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբը եւ Մարալ պարի համոյթը։ Երկու խումբերու համար ալ առաջին այցելութիւն մը չէր այս, բայց ունէր առաջին այցելութեան յատուկ յուզում։ Արդար է այս յուզումը, քանի որ Հայաստանի բեմերու վրայ ամէն մի ելոյթ նոր մարտահրաւէր մը կը նշանակէ։ Եւ աւելին՝ Լուսաւորիչ եկած էր իր վերջին աշխատութեան՝ «Հրանդ Տինք Օրաթորիա»ի առաջին ներկայացումը կատարելու։ Երկարատեւ ու տքնաջան աշխատութեան մը պտուղն էր որ պիտի մատուցուէր Հայաստանի արուեստասէրին։ Հեղինակային համերգ մըն էր այս, քանի որ բացի «Հրանդ Տինք Օրաթորիա»էն, այդ օր բեմին վրայ հնչող բոլոր երգերու յօրինողն էր Պոլսահայ երգահան՝ Մաժակ Թոշիկեան։
Ուրեմն կարելի է ըսել որ 24 Սեպտեմբեր Հինգշաբթի երեկոյ Երեւանի Օփերայի պատմական շէնքի Արամ Խաչատուրեան համերգասրահին մէջ մէկ խորագրի ներքեւ բազմաթիւ յաղթանակներ ձեռք բերուեցան։
Յաղթանակի առաջին օրինակը համարենք Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Երգչախումբը, թէ իր երաժշտական կատարումով եւ թէ կազմակերպչական ձեռնհասութեամբ։ Արդարեւ խումբի երիտասարդ գործիչները, գլխաւորութեամբ Սայաթ Կիւրիւնի, կատարեալ հմտութեամբ կազմակերպեցին երգ ու նուագի սահմանէն դուրս մնացող բոլոր գործերը։
Իր երգչախումբին հետ կատարեալ յաղթանակ մը տարաւ նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Կարելի է ըսել որ Լուսաւորիչ Երգչախումբի երաժշտական բոլոր ձեռքբերումները խմբավար Մամիկոնեանի հեղինակութիւնն են, քանի որ ան բազում տարիներէ ի վեր ստանձնած է այս խումբի ղեկը եւ իր կազմը կ՚առաջնորդէ նոր բարձունքներ նուաճելու։
Կատարեալ յաղթանակի մը տիրացաւ երգահան Մաժակ Թոշիկեան։ Ան արդէն բովանդակ Թուրքիոյ տարածքին իր անունը դրոշմած էր իբրեւ փոփ երաժշտութեան յաջող երաժիշտ։ Բազմաթիւ երգիչ-երգչուհիներ իր յօրինումներով հասան բարձունքներ։ Սակայն Մաժակ Թօշիկեանի երաժշտական կենսագրութիւնը վերջին տարիներուն ունեցաւ բոլորովին տարբեր բնոյթ։ Այս երկրորդ ընթացքին մէջ Թօշիկեան ուղղուեցաւ հայկական երաժշտութեան, յօրինեց հայ բանաստեղծներու, յատկապէս ալ Յովհաննէս Շիրազի խօսքերով բազմաթիւ երգեր, որոնք արժանացան ժողովուրդի համակրանքին։ «Հրանդ Տինք Օրաթորիո»ն, որուն խօսքերուն հեղինակն է թերթիս աշխատակից Պէրճուհի Պէրպէրեան, այդ ստեղծագործութիւններու գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ իր շատ աւելի ճոխ երաժշտականութեամբ եւ ծաւալով։
Յաղթանակներ տարին այս համերգին մասնակցող բոլոր մենակատարները։ Երգչուհի Սիպիլ Փէքթորոսօղլու Իսթանպուլի մէջ որոշ համբաւի տիրանալէ զատ, յաջողած է նաեւ Հայաստանի երաժշտասէրներուն գնահատանքին արժանանալ։ Պոլսեցիներու սիրելի երգիչը Սահակ Պարթեւ Կարեան իր համեստութեան մէջ հսկայ մըն է, որուն դիմաց կը խոնարհին բոլորը։ Ան չի սիրեր գլուխ գովել, բեմ կ՚ելլէ, արհեստավարժ երաժիշտի լրջութեամբ կը կատարէ իր արուեստը եւ գովասանքները ինքնաբերաբար կը տեղան իր գլխուն։ Լիտա Քէօսէօղլու կատարեալ շարքային մըն է Լուսաւորիչ Երգչախումբի կազմին մէջ։ Բայց երբ իրեն կը վստահուի մենակատարութեան պատասխանատուութիւնը, կ՚արդարացնէ այդ վստահութիւնը եւ բեմին վրայ կը պարզէ արհեստավարժ երգչուհիի մը տիպարը։ Այն ինչ որ կ՚ըսենք Լիտա Քէօսէօղլուի համար, նոյնութեամբ կը պատշաճի Լուսաւորիչի մի այլ շարքայինի՝ Սէրճան Կազէրօղլուի համար ալ։ Թէնոր Պօղոս Եղիազարի երաժշտական ոդիսականը սկիզբ առած է Սայաթ Նովա մանկանց երգչախումբին մէջ։ Ապա երաժշտութիւն ուսանած է Երեւանի Երաժշտանոցը, ապահովելով նաեւ բեմական շնորհ։
Անուանի սոփրանօ Այլին Աթէշ Իսթանպուլի Պետական Օփերայի մեներգչուհի է եւ արդէն իր կարողութիւնները փաստած է մարմնաւորելով օփերայի երաժշտութեան զանազան գլխաւոր դերեր։
Յաջողած էր Հայաստանի մանուկներէ բաղկացած «Արեւներ» երգչախումբը, որ մեծ ներդաշնակութեամբ կը մասնակցէր մենակատարներու ելոյթին։
Իրականութեան մէջ առանձին յաջողութիւնները մէկտեղուելով ներկայացուցին ամբողջական եւ կատարեալ յաջողութիւն մը, որուն գործադրման մէջ կայ եւս երկու յաջողութեան նմոյշներ։ Անոնցմէ մէկն է ՀՀ. Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան, որ ձեռնարկեց այս միջոցառումին եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ պանծալի յաղթանակը ապահովելու համար։ Պոլսահայ բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւս բաժին ունի այս յաղթանակին մէջ, քանի որ ան առաջին պահէն գիտակցած էր նման ելոյթի նշանակութեան։
«Մարալ»ի միջոցաւ կրկնակի յաջողութիւն
Պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է Մարալ պարախումբը, որ իր հիմնարկութեան 35 ամեակը նշեց Կարէն Տէմիրճիեանի անուան մարզահամերգային համալիրի բեմին վրայ։ Եթէ խօսքը կը վերաբերի յաղթանակներու, ամենայն սրտբացութեամբ կարելի է ըսել, որ Մարալ իր զոյգ պարուսոյցներու, Կարպիս եւ Իրիս Չափքան ամոլի հետ կրկին անգամ յաջողութիւնով պսակուեցաւ Երեւանի հանդիսատեսին դիմաց։ Խումբը Երեւանի մէջ ներկայացուց հետզհետէ դասականացած իր պարերէն յայտագիր մը, որուն կատարման ընթացքին կը ցոլանար յարատեւ աշխատութեան բարի արդիւնքը։ Մարալի բազմամեայ մենապարուհիներէն Սարէն Քիւլէկէչ Շէշէթեան վերջերս ստանձնած է խումբի դերահաս պարողները մարզելու կարեւոր աշխատութիւնը։ Սակայն ան այս համերգին իր հեզաճկուն կատարումներով անգամ մը եւս նուաճեց հանդիսատեսի համակրանգը։
Նշենք որ Սփիւռքի Նախարարուհին իր աշխատակազմին հետ ներկայ գտնուեցաւ զոյգ ելոյթներուն եւ նախարարութեան շքանշաններով պատուեց պոլսահայ արուեստի ներկայացուցիչները։
Աշխարհասփիւռ հայ իրողութեան մէջ շատ անգամ անգիտութեան կամ նախանձի բերմամբ անտեսուած, նոյնիսկ երբեմն արհամարհուած է Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը։ Իսկ պոլսեցի գեղարւեստական խումբերը իրենց ելոյթներով կը պանծացնեն այս հնամենի ոստանի փառքը, պատիւը ու արժանիքը։ Ժամանակի թելադրած բոլոր հրամայականներու դիմաց պոլսեցին արդարօրէն հպարտանալու բազմաթիւ միջոցներ ունի, որոնցմէ միայն երկուքին անդրադարձանք իրենց Հայաստանեան ելոյթներուն առիթով։
Ողջոյն արուեստի գործիչներու վաստակին։