Ախթալայի մէջ կայացաւ ամենամեայ խորովածի փառատօնը

ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

dzovinarlok@gmail.com

Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին վանքի սովորական անդորրը խախտած է, բակը մարդա­շատ է, եր­գը, պարն ու խո­րովա­ծի անու­շա­բոյր հոտն ալ՝ ամե­նուր։ Այս աշ­խոյժ ժխո­րի պատ­ճա­ռը ար­դէն աւան­դա­կան դար­ձած Խո­րովա­ծի Մի­ջազ­գա­յին 7-րդ Փա­ռատօնն է, որ այս տա­րի կը կայ­նայ Սեպ­տեմբե­րի 12-ին։ «Ախ­թա­լա- 2015» խո­րովա­ծի, արուես­տի, երաժշտու­թեան մի­ջազ­գա­յին 7-րդ փա­ռատօ­նը նա­խորդ տա­րինե­րու հա­մեմատ աւե­լի մար­դա­շատ է, ինչն ալ կը վկա­յէ փա­ռատօ­նի ձեռք բե­րած մեծ համ­բա­ւի մա­սին։ Ամէն տա­րի խո­րովա­ծի մի­ջազ­գա­յին փա­ռատօ­նին կը մաս­նակցին հա­յեր ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զե­րէն, այլ նաեւ՝ ար­տերկրէն, ով­քեր կը վա­յելեն խո­րովա­ծը ու հնչող երգ-երաժշտու­թիւնը, կը շփուին մի­մեանց հետ։ Փա­ռատօ­նին յայ­տագրուած եւ կը մաս­նակցեն ըն­տա­նեկան պիզ­նը­սով զբա­ղուող 40 ձեռ­նե­րեց­ներ, ներ­կա­յացած են 20 խո­հարար­ներ, իրենց պատ­րաստած խո­րովա­ծը ներ­կա­յաց­ուած են ժիւ­րիի դա­տին։ Փա­ռատօ­նին կը մաս­նակցին «Իբի­ցա» հիւ­րա­նոցա­յին հա­մալի­րը, «Ազ­նա­վուր» ռես­տո­րան-սրճա­րանը, Երե­ւանի գա­րեջ­րի ակա­դեմիան, Աբո­վեանի խո­հարա­րական կրթա­համա­լիրը, «Վա­հագ­նա­տուն» ռես­տո­րանը եւ այլ ռես­տո­րան­ներ, ինչպէս նաեւ Իջե­ւանի զօ­րամա­սի զի­նուոր խո­հարար­ներն ու այլ խո­հարար­ներ։ Այս տա­րի մեծ է նաեւ զբօ­սաշրջիկ­նե­րու թի­ւը։ Յա­տուկ փա­ռատօ­նին մաս­նակցե­լու հա­մար Թբի­լիսէն Ախ­թա­լա եկած են նաեւ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեցւոյ Վի­րահա­յոց թե­մի վար­չա­կան ու լրա­տուա­կան կազ­մի, ինչպէս նաեւ «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի ներ­կա­յացու­ցիչներ։ Կեդ­րո­նի մե­ներգչու­հի Ան­նա Պօ­ղոսո­վան փա­ռատօ­նի շրջա­նակ­նե­րուն հան­դէս եկաւ նաեւ մե­նակա­տարու­մով։ «Վի­րահա­յոց թե­մի մամ­լոյ եւ լրա­տուու­թեան բաժ­նի տնօ­րէն» Սու­սաննա Խա­չատ­րեանը կը նշէ, որ իրենք ար­դէն երկրորդ ան­գամ կը մաս­նակցեն խո­րովա­ծի փա­ռատօ­նին. «Մենք 2 տա­րի առաջ եղած ենք այստեղ, մաս­նակցած փա­ռատօ­նին։ Այն ժա­մանակ այսքան բազ­մա­մարդ չէր, այս տա­րի աւե­լի մեծ թիւով մար­դիկ կը մաս­նակցին փա­ռատօ­նին, փա­ռատօնն ալ այս ան­գամ շատ աւե­լի լաւ կազ­մա­կեր­պուած է։ Պէտք է պահ­պա­նուի աւան­դոյթը ու ամէն տա­րի կա­յանայ փա­ռատօ­նը, սո­ցիալա­կան վի­ճակը պէտք է պատ­ճառ չհան­դի­սանայ փա­ռատօ­նը ձա­խողե­լու հա­մար։ Սա եւս ազ­գա­յինը պահ­պա­նելու ու սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցե­լու մի­ջոց է», կ՚ըսէ Սու­սաննա Խա­չատ­րեանը։

Փա­ռատօ­նին մաս­նակցող­նե­րու ու­շադրու­թիւնը յատ­կա­պէս գրա­ւած են զի­նուոր խո­հարար­նե­րու մա­տու­ցած շի­լանե­րը։ Ախ­թա­լեցի­ներն իրենց հեր­թին Ախ­թա­լա քա­ղաքի բեր­քուբա­րիքը կը ցու­ցադրեն փա­ռատօ­նի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Սեր­կէյ Բար­սե­ղեան Ախ­թա­լայի հա­մար 2 միջ­նա­կարգ դպրո­ցի աւագ դա­սարա­նի աշա­կերտ է, առա­ջին ան­գամ կը մաս­նակցի փա­ռատօ­նին, կ՚ըսէ՝ իրենց սե­ղանի­կին ներ­կա­յացուած ամ­բողջ բա­րիք­նե­րը վա­ճառած են. «Մենք «Իմ­փաքթ» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րուն կը մաս­նակցինք փա­ռատօ­նին, մօտ 30.000 դրամ եկա­մուտ ստա­ցած ենք վա­ճառ­քէն։ Այդ գու­մա­րը կը ծախ­սուի Ախ­թա­լա հա­մայնքի բա­րեգոր­ծա­կան կամ բա­րեկարգման որե­ւէ ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րուն։ Շատ հա­ճելի կը թուի փա­ռատօ­նը, որով­հե­տեւ այն առիթ կը հան­դի­սանայ, որ մար­դիկ տար­բեր վայ­րե­րէն ծա­նօթա­նան մեր քա­ղաքին ու մեր քա­ղաքի պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րուն», կ՚ըսէ փա­ռատօ­նի մաս­նա­կից Սեր­կէյ Բար­սե­ղեանը։

Մի­ջոցա­ռումնե­րու հիմ­նա­կան մա­սի աւար­տէն ետք ժիւ­րին ներ­կա­յացուց խո­րովա­ծի մրցոյ­թի ար­դիւնքնե­րը։ Փա­ռատօ­նի բա­ցար­ձակ յաղ­թո­ղը ճանչցուեցաւ Երեւանի Գարեջրի Ակադեմիան։ Մասնակցութեան համար ժիւրիի սահմանած այլ անուանակարգերու վկայականներ եւ պատուոյ գրեր յանձնուեցան փառատօնի գրեթէ բոլոր մասնակից խումբերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ