Հայաստանի աղն ես, Կիւմրի

Արո­ւեստնե­րու եւ ար­հեստնե­րու քա­ղաք Կիւմրին պա­տահա­կան չէ, որ Հա­յաս­տա­նի աղը կը կո­չեն։ Թե­րեւս կրնանք խօ­սիլ քա­ղաքի պատ­մութեան մա­սին, աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քի եւ այլն, բայց այդ չէ, որ կը կեր­տէ Կիւմրիի ոգու պատ­կե­րը ձեր մտքին մէջ։

ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Հայաստա­նի աղն ես, Կիւմրի,

Դու խօս­քա­շեն, սրա­միտ,

Ճշմար­տութեան մաղն ես, Կիւմրի,

Դու իմաս­տուն, միամիտ։

Յով­հաննէս Շի­րազ

Արո­ւեստնե­րու եւ ար­հեստնե­րու քա­ղաք Կիւմրին պա­տահա­կան չէ, որ Հա­յաս­տա­նի աղը կը կո­չեն։ Թե­րեւս կրնանք խօ­սիլ քա­ղաքի պատ­մութեան մա­սին, աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քի եւ այլն, բայց այդ չէ, որ կը կեր­տէ Կիւմրիի ոգու պատ­կե­րը ձեր մտքին մէջ։

Կ՚ըսեն, Կիւմրին Հա­յաս­տա­նի հայ­րա­քաղաքն է կամ ալ կա­տակի մայ­րա­քաղա­քը։ Կիւմրե­ցինե­րու կա­տակ­նե­րը չեն շրջան­ցեր իրենք զի­րենք ան­գամ։ Կա­տակ­ներ հիւ­սած են իրենց անո­ւան շուրջ ալ։

Ըն­կե­րը ըն­կե­րոջը կ՚ըսէ.

-Կրնա՞ս մեծ բա­նի մը անու­նը տաս։

-Ծով, -կը պա­տաս­խա­նէ ըն­կե­րը։

-աւե­լի մեծ։

-Ով­կիանոս։

-Ալ աւե­լի մեծ։

-Կիւմրե­ցիի բե­րան։

-Հա՜յ, հա՜յ, հա՜յ, խօ չը­սինք այդքան մեծ։

Կ՚ըսեն, կիւմրե­ցինե­րը շատ գլուխգո­վան են։ Կիւմրե­ցիին որ հարցնես, կ՚ըսէ՝ գլուխ ու­նիմ, գո­վում եմ։ Կիւմրե­ցինե­րը իրենց հպարտ ու ինչ որ տեղ մե­ծամիտ պա­հուած­քը կ՚ար­դա­րաց­նեն այն տա­ղանդնե­րով, որոնց ծնած է Շի­րակի հողն ու ջու­րը. աշ­խարհին յայտնի թո­ւաբա­նագէտ ու տիեզե­րագէտ Անա­նիա Շի­րակա­ցին, հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծներ Աւե­տիք Իսա­հակեանն ու Յով­հաննէս Շի­րազը, մե­ծատա­ղանդ կոմ­պո­զիտոր­ներ Նի­կողա­յոս եւ Ար­մէն Տիգ­րա­նեան­նե­րը, ժո­ղովրդա­կան մեծ գու­սան Շե­րամը (Գրի­գոր Տա­լեան), սի­րուած ու մե­ծատա­ղանդ դե­րասան Մհեր Մկրտչեանը, ժո­ղովրդա­կան նկա­րիչ Սեր­գէյ Մեր­կուրո­վը, Ժո­ղովրդա­կան Ար­տիստ Շա­րա Տա­լեանը, ակա­դեմի­կոս Սեր­գէյ Համ­բարձումյա­նը, փի­լիսո­փա Գէոր­գի Կիւրճիեւը, օլիմ­պիական խա­ղերի ախո­յան­ներ Եու­րի Վար­դա­նեանը, Լե­ւոն Ջուլֆա­լակեանն եւ այլք Կիւմրիի մէջ ծնած են։

Այս ցան­կը այ­սօր ար­դէն հա­մալ­րե­լու եկած են երի­տասարդներ, ով­քեր չնա­յած Կիւմրիի մէջ տի­րող աղ­քա­տու­թեան ու գոր­ծազրկու­թեան (Շի­րակի մար­զը, որի կեդ­րոնն է Կիւմրին, Հա­յաս­տա­նի ամե­նաաղ­քատ մարզն է), կը նո­ւաճեն աշ­խարհի չեմ­պիոնի տիտ­ղո­սը։ Անոնց կը թո­ւէ Նա­զիկ Ավ­դա­լեանը, ով 2009թ-ին դար­ձաւ ծան­րա­մար­տի աշ­խարհի ախո­յան։ Կ՚ըսեն, ծանր ու դժո­ւար կեան­քէն է, որ երի­տասարդնե­րու հա­մար դժո­ւարու­թիւննե­րը ամե­նեւին էլ խո­չըն­դոտ չեն։

Կիւմրի տո­ւած տա­ղանդնե­րէն զատ, այստեղ կրնաք հան­դի­պիլ այնպի­սի իւ­րօ­րինակ ու յատ­կանշա­կան երե­ւոյթնե­րու, ինչպէս օրի­նակ Կիւմրո­ւայ ֆայ­տո­նը։

Ֆայ­տոնն որ մե­ռաւ, Կիւմրին կը մեռ­նի։

Ֆայ­տոնն, օղուլ, պա­պից պապ կ՚ եր­թայ։

Ֆայ­տո­նի մա­հը ան վախ­տը գու կայ, երբ աշ­խարհիս մէջ էլ մարդ չմնայ։

«Ֆայ­տոն Ալե­քը» Խ. Դաշ­տենց

Նախ­կին ժա­մանակ Կիւմրո­ւայ բո­լոր հար­սա­նեկան զոյ­գե­րուն Ֆայ­տոն Ալե­քի կառ­քը տե­ղափո­խած է, պտոյտներ տո­ւած քա­ղաքի յայտնի ու կեդ­րո­նական փո­ղոց­նե­րով։ Քա­ղաքի մէջ յայտնի քա­նի մը ֆայ­տոնչի­ներ եղած են, որոնք իրենց գոր­ծը վե­րածել են իրա­կան արո­ւես­տի այնպէս, որ ֆայ­տո­նը այ­սույետ Կիւմրիի ան­բա­ժանե­լի մա­սերէն դար­ձած է։

Կիւմրիի մէջ մէկ այլ հե­տաքրքրա­կան սո­վորու­թիւն ալ կայ մինչ այ­սօր պահ­պա­նուած։ Եր­թուղա­յին փո­խադ­րա­միջոց­նե­րէն օգ­տո­ւելիս մար­դիկ սո­վորու­թիւն ու­նին վճա­րել միւ­սի փո­խարէն։ Սա յար­գանքի յու­րա­տեսակ դրսե­ւորում է, որ սերնդե­սերունդ փո­խան­ցո­ւած է։ Վա­րոր­դը տրա­մադ­րում է այսպէս կո­չուած «տոմս», որը ցոյց է տա­լիս, որ քո փո­խարեն մէկն ար­դէն իսկ վճա­րած է։ Այս մա­սին կիւմրե­ցինե­րը եւս կը կա­տակեն.

-Ծա­ղիկ, տոմսդ առել եմ, ալ չառ­նես,-մէ­կը կ՚ըսէ հան­րա­կառ­քէն իջ­նե­լու ժա­մանակ։

Կան­գա­ռին քա­նի մը հո­գի կիջ­նէն առանց վճա­րելու։ Վա­րոր­դը կը ջղայ­նա­նայ թէ՝ Ծա­ղիկի տոմս մը առան, ծաղ­կե­փունջով իջան։

Հպարտ կիւմրե­ցին աչ­քի կ՚իյ­նայ իր հիւ­րա­սիրու­թիւնով եւս։ Իր տան վեր­ջին դրա­մը կը ծախ­սէ, որ իր հիւ­րին պա­տուով ըն­դունէ ու ճա­նապարհ դնէ։

Կիւմրին 20-րդ դա­րի սկզբին եր­րորդ ամե­նամեծ ար­դիւնա­բերա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը եղած է Թիֆ­լի­սէն ու Պա­քուէն յե­տոյ։ Բայց 1988-ի երկրա­շար­ժը ասես խո­ցող աղեղ էր, որ կոտ­րեց ու հո­ղին հա­ւասա­րեցուց եր­բեմնի զար­գա­ցած ու հա­րուստ քա­ղաքը։ Ան­ցեալի պատ­մութիւննե­րը, կիւմրե­ցի աւագ­նե­րու հպարտ կե­ցուածքն ու քա­ղաքին տի­րող մթնո­լոր­տը նոյն յատ­կա­նիշ­նե­րը փո­խան­ցած են նոր սե­րունդին եւս։ Ու չնա­յած ար­տա­գաղ­թի ահագ­նա­ցող ըն­թացքին, կիւմրե­ցինե­րու մի ստո­ւար զան­գո­ւած կը շա­րու­նա­կէ արա­րել ու մտա­ծել սի­րելի քա­ղաքի զար­գացման մա­սին՝ ան­խախտ հա­ւատով, լա­ւատե­սու­թիւնով եւ մե­ծահո­գու­թիւնով տոգորուած։