ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
– Դուք, ուրեմն, զիս չէ՛ք ճանչնար…
Յախուռն ու հաստատական պատասխանեց թրքական թերթի մը թղթակիցին, որ առիթով մը կը հարցնէր իր ո՞վ ըլլալն ու ի՞նչ դեր ունենալը...։
Ճանչցողը կը ճանչնա՛ր արդէն, իսկ չճանչցողը պէ՛տք էր որ ճանչնար այս հողին մարդը, որ կ’երիտասարդանար, ինչպէս կ’ըսէր իր բարեկամներէն մէկը, ամէն անգամ, երբ հայկական պատմական հողերուն վրայ կը կոխէր, այցի կ’երթար անոնց։ Հողով երիտասարդացած ճամբորդը կը վերադառնար, իր ակօսներուն մէջ ցանելու համար հողէն բերուած հողին հունտը հողէ։ Կարծեմ «հող»ը բոլոր հոլովներով ալ հոլովեցի։ Եւ ճիշդ այդ էր նպատակս։ Որպէսզի՝ փորձեմ նախ ես ինքս հասկնալ, որ այս հողերուն վրայ ատենին ապրած ու այսօր չեղող մարդիկը իրենց արեամբ կարծրացած հողն ակօսող, այցելող մարդոց պէտք ունէին եւ դեռ ունին։ Այդ այցելուներէն մէկն է որ կորսնցուցինք ահա, որ իր թերթին մէջ՝
ըսելիք ունէր,
զայն ըսելու խիզախութիւն ունէր
եւ այդ խիզախութիւնը երբեք չկորսնցուց։
Հողէն եկած անոր խօսքը կը թարմացնէր իր խօսակցիները։ Հայրենիքին շունչը կ’առնէիր իրմէ։ Կը ճանչնար «այդ կողմերը» գտնուող բոլոր հայ, կիսահայ կամ հայասէր անձերն ու ձայները իրենց անուններով ու կոչումներով (ոմանք ունին միայն «ծածկանուններ», հասկնալի պատճառներով), լեռները՝ իրենց անուններով (Կարնոյ Այծպտկունքին պատահական մէկ ակնարկիս իր անմիջական արձագանգը զարմացուցած էր զիս), դամբանաքարերը՝ իրենց արձանագրութիւններով (Տրապիզոն գտած մէկ խաչքարս վերծանելէ ետք միայն գիտցայ, որ ինք շատոնց վերծանած էր զայն ու յօդուած ալ գրած՝ այդ մասին...)։
Հայրենաճանաչութեան այս աստիճանը ուրկէ՞ գտնել հիմա։ Ինչպէ՞ս սորվիլ զայն։ Եւ ի վերջոյ՝ ինչպէ՞ս ակօսին մէջ հայրենիքին հունտերը ցանել նորէն։