Մեր թանկագին քարը

ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

2012-ին ծանօթացայ Պարոն Սարգիս Սերովբեանի հետ։ Երբ Պրազիլիոյ Սաօ Փաուլօ քաղաքէն Իսթանպուլ ոտք դրի, այս օտար քաղաքի մէջ դիմելու համար միայն մէկ անուն եւ մէկ հասցէ ունէի։ Սարգիս Սերովբեանն էր այն անունը եւ հասցէն՝ «Ակօս» թերթի խմբագրատունը որու հիմնադիրներէն եղած էր ան։ Երկար տարիներ առաջ այս երկրէն փախած, իր պատմութիւնով ցեղասպանութեան վառ ապացոյցը դարձած ընտանիքիս ոտնահետքերը կը փնտռէի։ Ուրիշ ոչ մէկ բանի կարիք զգացի։ Պարոն Սերովբեան իմ ամէն ինչն էր։ Իր ընտիր քաղաքավարութիւնով եւ անգին գիտելիքներով ոգեւորեց զիս եւ ուղղութիւն տուաւ։

Քարերուն, պատերուն կամ մարդկանց հասնելու ճամբան ցոյց տուաւ ան։ Եւ չորս տարիներու ընթացքին աւելի քան 13 հազար քիլոմեթր ճամբայ հարթելով կատարած ուղեւորութեանս մէջ օգտուեցայ այդ գիտելիքներէն։ Այսպէսով իրականացուցի իմ տեսլականը։

Եւ շատ աւելին, մեր դատին ծառայելու տրամադիր մէկը միշտ կրնայի գնահատել եւ անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ մնալ։

Սարգիս Սերովբեանի միջոցաւ գուշակեցի, որ քարերն ու մարդիկ մեր մեծագոյն գաղտնիքները պահողներն են։

Մարդկանց եւ մշակոյթներու գաղտնիքները գիտցող իմաստուն մըն էր ան։

Հանգիստ ննջէ Պարոն, իմացիր որ հոս ենք, մեր պատմական Անիի ներքեւ գոյանալիք բոլոր երկնակամարներուն տակ։ Գիտցիր, որ քու ներկայութիւնը վայելած եւ կեանքը բաժնած ըլլալուն երախտապարտութեամբ լեցուն բարեկամ մը ունիս։