Երեւան ճանչցաւ յունաց եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը 24 Մարտին առնուած որոշումով մը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Օսմանեան հողերու վրայ 1915-1923 թուականներուն ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն։

Հայաստանի Ազգային Ժողովը 24 Մարտին առնուած որոշումով մը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Օսմանեան հողերու վրայ 1915-1923 թուականներուն ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Օրինագիծը Հանրապետական Կուսակցութեան կողմէ յղուած էր Խորհրդարան եւ վաւերացուեցաւ 117 պատգամաւորներու ստորագրութիւնով։ Խորհրդարանի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանով այս մասին կ՚ըսէ թէ 1915-1923 թուականներու միջեւ 200 հազար ասորիներ եւ 500 հազար յոյներ կազմակերպեալ ձեւով եւ պետական քաղաքականութիւնով մը մահացած են։ Օրինագծի վաւերացումով ասորի եւ պոնտացի մեր եղբայրներու ներկայութեամբ Հայաստան կը դատապարտէ բոլոր ցեղասպանութիւնները։ Այս որոշումով Հայաստան Սէյֆօ անունով ծանօթ ասորիներու ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող երկրորդ երկիրը կը հանդիսանայ։ Կ՚ակնկալուի որ այս տարուայ մէջ Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Ավստուրալիա խորհրդարաններն ալ նման որոշումի մը յանգին։ Նշենք որ յունաց ցեղասպանութիւնը ալ նախապէս ճանչցուած էր Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Շուէտի խորհրդարաններուն կողմէ, որոնք այս մասին որոշում կայացուցած էին։ Հայաստան Փետրուար ամսուայ մէջ ալ որոշած էր 9 Դեկտեմբեր թուականը իբրեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու յիշատակման օր։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ