Մենք ու մեր խնդիրները

16 Մարտին կայացած ՎԱՏԻՓ-ի հերթական ժողովը իսթանպուլահայոց օրակարգին բերաւ բաւական վիճելի նոր հիմնահարց մը։ Հարթակի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովականներուն փոխանցեց խիստ շահեկան տեղեկութիւններ պոլսահայ հասարակութեան անունով հրապարակուելիք երկու անջատ յայտարարութիւններու մասին։

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

baruyr@agos.com.tr

 

16 Մարտին կայացած ՎԱՏԻՓ-ի հերթական ժողովը իսթանպուլահայոց օրակարգին բերաւ բաւական վիճելի նոր հիմնահարց մը։ Հարթակի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովականներուն փոխանցեց խիստ շահեկան տեղեկութիւններ պոլսահայ հասարակութեան անունով հրապարակուելիք երկու անջատ յայտարարութիւններու մասին։ Նիւթը օրակարգի եկած է առաջին անգամ 11 Փետրուարին Անգարայի մէջ երկրի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն վարչապետ Տաւութօղլուի հետ հանդիպման ժամանակ։ Տաւութօղլու այնտեղ ցաւ յայտնած է Ամերիկեան Նիւ Եորք Թայմս թերթի մէջ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ստորագրութեամբ հրատարակուած եւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն ճնշումի տակ ըլլալը պնդող յօդուածին համար։ «Երանի թէ այդ պնդումները հերքող գրութիւն մը գար նոյն ինքն փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ» ըսելէ ետք Վարչապետը շեշտած է որ իր խօսքերը պարտադրութիւն մը ըլլալով չդիտուին։ Սակայն յայտնի է որ վարչապետի խօսքերը հասած են իրենց հասցէին եւ իսկոյն տեղւոյն վրայ մասնակի խորհրդածութիւններ կատարուած են պահանջուած բովանդակութիւնով շարադրութիւն մը պատրաստելու մասին։ Միւս համայնքներու նեկայացուցիչներն ալ խոստացած են համապատասխան գրութեան մը տակ իրենք ալ ստորագրելու։

Պետրոս Շիրինօղլու ապա տեղեկացուց որ «Ենի Շաֆաք» թերթի յօդուածագիր Մարգար Եսայեան խմբագրած է երկու անջատ յօդուածներ, որոնցմէ մէկը կը փառաբանէ գործող կառավարութեան վերջին 12 տարիներուն դրսեւորած փոքրամասնութիւններու ի նպաստ քաղաքականութիւնը։ Երկրորդ յօդուածը նիւթ կ՚ունենայ Ապրիլ 24-ի նկատմամբ Թուրքիոյ հայերու մերձեցումը։ Մարգար Եսայեան Օրթագիւղի թաղական խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզի ընկերակցութեամբ այցելած է Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց եւ պատճէնները փոխանցած Շիրինօղլուին։ «Երկու նախագիծերն ալ ներկայացուցի Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արք. Եպիսկոպոսին։ Ան հարցուց շարադրութեան հեղինակը եւ ապա առանց ընթեռնելու յայտնեց որ ինք չստորագրեր նման զեկոյց մը»։ Այս բացատրութիւնը փոխանցելէ ետք Պետրոս Շիրինօղլու ըսաւ որ նկատի ունենալով նիւթին փափկութիւնը, 24 Ապրիլի վերաբերեալ յայտարարութիւնը իր խորհրդականներէն մէկուն միջոցաւ փոխանցած է Հանրապետութեան Նախագահին։

Այս բացատրութիւններէ վերջ ժողովականները իրենց միջեւ խորհրդակցեցան նման գրութեան մը պատեհ կամ անպատեհ հետեւանքներուն շուրջ։ Յիշուեցաւ 2001 թուին Ֆրանսական Խորհրդարանի որդեգրած որոշումներէն ետք Մեսրոպ Պատրիարքին ալ նման բնոյթով յայտարարագիր մը հրապարակելը։ Այժմ յայտնի չէ թէ Աթէշեան Սրբազան յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ, թէ ոչ։ Ան նախապէս հաղորդած էր որ եղեռնի զոհերուն յիշատակին համար Պատարագ պիտի մատուցէ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը հրաժարած էր մասնակցիլ աշխարհասփիւռ Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն 23 Ապրիլ ժամը 19։15-ին իրենց զանգակներու հարիւր անգամ ղօղանջելու որոշումին։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ