Մերձաւոր արեւելեան քաղաքատնտեսական ներկայ զարգացումներու վրայ իր առանձնայատուկ ազդեցութիւնը ունի քրտական գործօնը։ Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակով քրտական հարցը առաջին անգամ բարձրացուած է Վերսայլեան աշխարհակարգի հաստատման շրջանակներուն։ 1920 թուի Սեւրի դաշնագիրը Թուրքիոյ կը պարտադրէր Քիւրտիստանին ինքնավարութիւն տրամարդրել։ Երբ 1923-ին Սեւրին յաջորդեց Լոզանի խորհրդաժողովը, քրտական հարցը դարձեալ քննարկման նիւթ եղաւ։ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովը անմիջապէս հեռագրեց Լոզան, ըսելով որ քրտերը երբեք չեն բաժնուիր Թուրքիայէն։ Հեռագիրը ստանալով թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Իսմէթ Փաշան Լոզանի մէջ յայտարարեց թէ Թուրքիա կը պատկանի երկու ժողովուրդներու՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն։ Սակայն ինչպէս յայտնի է աւելի ետք Թուրքիոյ մէջ արգիլուեցաւ քրտերէնը եւ քիւրտերը հռչակուեցան «Լեռնային Թուրքեր»։
ԱՆՈՒՇԱՎԱՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Մերձաւոր արեւելեան քաղաքատնտեսական ներկայ զարգացումներու վրայ իր առանձնայատուկ ազդեցութիւնը ունի քրտական գործօնը։ Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակով քրտական հարցը առաջին անգամ բարձրացուած է Վերսայլեան աշխարհակարգի հաստատման շրջանակներուն։ 1920 թուի Սեւրի դաշնագիրը Թուրքիոյ կը պարտադրէր Քիւրտիստանին ինքնավարութիւն տրամարդրել։ Երբ 1923-ին Սեւրին յաջորդեց Լոզանի խորհրդաժողովը, քրտական հարցը դարձեալ քննարկման նիւթ եղաւ։ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովը անմիջապէս հեռագրեց Լոզան, ըսելով որ քրտերը երբեք չեն բաժնուիր Թուրքիայէն։ Հեռագիրը ստանալով թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Իսմէթ Փաշան Լոզանի մէջ յայտարարեց թէ Թուրքիա կը պատկանի երկու ժողովուրդներու՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն։ Սակայն ինչպէս յայտնի է աւելի ետք Թուրքիոյ մէջ արգիլուեցաւ քրտերէնը եւ քիւրտերը հռչակուեցան «Լեռնային Թուրքեր»։
Անմիջականօրէն առնչուելով տարածաշրջանի չորս խոշոր երկիրներու՝ Թուրքիայի, Իրաքի, Իրանի եւ Սուրիոյ ազգային շահերուն, քրտական հարցը այժմ ալ չէ կորսնցուցած իր հրատապութիւնը։ Յատկապէս հետաքրքրական են Թուրքիոյ քրտական քաղաքականութեան վերջին վերափոխումները, մասնաւորապէս՝ թուրք-քրտական հաշտեցման ներկայ գործընթացը։
Ազգային շարժումները ռազմական ուժի միջոցաւ լուծելու թրքական աւանդական քաղաքականութիւնը կը կիրարկուէր նաեւ քիւրտերու նկատմամբ, յատկապէս ալ Լոզանի տխրահռչակ համաժողովէն ետք։ Քրտական դիմադրութիւնը առաւել համակարգուած եւ հուժկու բնոյթ ստացաւ 1980-ական թուականներէն սկսելով, երբ անկախ Քիւրտիստանի հռչակումը նպատակ ունենալալով ասպարէզ իջաւ նորաստեղծ «Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւն»ը։ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Իսմէթ Եըլմազի հրապարակած տուեալներու համաձայն 2012 թուի Յունիսի 8-ի դրութեամբ այս կուսակցութեան դէմ պայքարի ժամանակ զոհուած են 6.169 եւ վիրաւորուած են 4.008 զինծառայողներ։ Կարծիքներ կան որ վերջին հարիւրամեակին Թուրքիա Ա. Աշխարհամարտէն ետք ամենամեծ կորուստները ապրեցաւ այս պատերազմի ժամանակ։
Թրքական քաղաքականութեան վերափոխման միտումները նկատուեցան Արդարութիւն եւ Զարգացում (ԱՔՓ) Կուսակցութիւնը իշխանութեան գալէն ետք։
ԱՔՓ 2002 թուին իշխանութեան գալով այլ ոլորտներու կարգին ձեռնամուխ եղաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական բնոյթի փոփոխութիւններուն։ Այս փոփոխութիւնները կը միտէին երկիրը «Քէմալիզմ»ի զսպաշապիկէն դուրս բերելու։ Քաղաքական նոր միտքի հիմնական խնդիրներն էին արդիականացումը, եւրոպականացումը եւ քաղաքական դրուածքի պահպանումը։ Արտաքին քաղաքականութեան հիմնային փոփոխութիւնները աւելի համակարգուած բնոյթ ստացան, երբ թրքական Արտ. Գործ. Նախարարութեան ղեկը ստանձնեց մինչ այդ Վարչապետ Էրտողանի խորհրդական, յայտնի «Ռազմավարական Խորութիւն» հայեցակարգի հեղինակ Ահմէտ Տաւութօղլու, ըստ որու, Թուրքիան Եւրասիոյ սրտին տեղաբաշխուած եւ բազմաթիւ ինքնութիւններ ունեցող կեդրոնական երկիր մըն է։ Թուրքիան պէտք է ապահովէ ոչ միայն իր, այլ նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը։ Սեփական անվտանգութեան եւ կայունութեան երաշխիքը պէտք է հանդիսանայ տարածաշրջանի կարգ ու կանոնի, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման մէջ աւելի աշխոյժ եւ կառուցողական դերակատարումը։ Եթէ Անգարան կարողանայ հասնիլ այս նպատակներուն եւ աւելցնէ իր ազդեցութիւնը մերձաւոր արտասահմանի վրայ, այդ կերպ կ՚ուժեղացնէ իր դիրքերն ուժային այլ կեդրոններու եւ գերտէրութիւններու հետ յարաբերութիւններու միջոցին։
Այսպէսով Ահմէտ Տաւութօղլուի ռազմավարական հայեցակարգի նպատակը Թուրքիան միջազգային դիւանագիտութեան կարեւոր անդամի վերածելն է։ Եւ ճիշդ ալ Տաւութօղլուի նախարար նշանակուելէն մէկ ամիս ետք Էրտողանը հանդէս եկաւ քրտական նախաձեռնութեամբ։ Անշուշտ այսպիսի ծրագիրները չէին կրնար իրականանալ երկրէ ներս բնակչութեան մէկ քառորդը կազմող քիւրտերու հետ զինեալ առճակատման պայմաններու տակ։ 2000-ական թուականներուն տարածաշրջանի վրայ զգալիօրէն մեծցած էր քրտական գործօնի դերն ու ազդեցութիւնը, պայմանաւորուած նաեւ Իրաքի քրտական կիսանկախ քաղաքական միաւորումի ձեւաւորումով։
Թրքական դիրքորոշումը հետեւեալ կերպով կը բնութագրէ յայտնի քրտագէտ Շ. Մհոյեանը։ «Հակաքրտական քաղաքականութիւն իրականացնող հարեւան պետութիւնները, մասնաւորապէս Թուրքիան փութաջանօրէն գործի դրաւ Իրաքէ ներս քրտական ինքնավարութեան գործընթացը խաթարելու ամէն կարգի միջոցներ՝ ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, ներքին քայքայիչ ձեռնարկումներ։ Կը քարոզուէր այն գաղափարը, որ Իրաքի հիւսիսին կը ստեղծուի նոր Աֆղանստան մը, որ տագնապալի հետեւանքներ կը բերէ տարածաշրջանին»։
Այժմ արդէն կազմաւորուած եւ ոտքի կանգնած Իրաքեան Քիւրտիսանի հետ Թուրքիան ունի արագընթաց զարգացող տնտեսական կապեր եւ տարածաշրջանային քաղաքական ընդհանուր շահեր։ Քիւրտիստանի մէջ գրանցուած 78 երկիրներէ 2.241 ընկերութիւններու մօտաւորապէս կէսը թրքական են։ Թուրք-Քրտական առեւտրաշրջանառութիւնը կը կազմէ 8 միլիառ ԱՄՆ տոլար։ Կանխատեսումներու համաձայն յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին այդ առեւտուրը կը հասնի 20 միլիառի։ Բացի այդ 2002 թուականին թրքական շինարարական հատուածի ներդրումները կը կազմեն 4,3 միլիառ։ Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի սահմանին գործող Հապուր սահմանային անցակէտով օրական կ՚անցնին 2.500 փոխադրական միջոցներ, իսկ Մերսինի նաւահանգիստէն դուրս եկող բեռնատարներու մէկ քառորդը ուղղուած են Քիւրտիստան։
Բացի նշուած տնտեսական բաղադրիչէն Իրաքեան Քիւրտիստանը եւ Թուրքիան կը միանան ընդհանուր թշնամիի դէմ՝ յանձինս Պաղտատի։ Սուրիոյ պատերազմը նոյնպէս Թուրքիոյ համար կարեւոր կը դարձնէ քիւրտերու համար գոնէ ոչ թշնամական յարաբերութիւններու ձեւաւորումը։ Սուրիոյ հակակառավարական ուժերու դիրքերու թուլացման զուգահեռ Թուրքիան ձեռնամուխ եղաւ հարեւան երկրի քրտական քաղաքական ուժերու՝ Ժողովրդական Միութիւն Կուսակցութեան (PYD), Քրտական Ազգային Խորհուրդի (KNC) եւ Ազատութեան Կուսակցութեան հետ խորհրդակցութիւններ կատարելով։ Անգարան այսպէսով կը փորձէր քրտական չէզոքութիւնը խախտելով զանոնք ներքաշել կառավարական զօրքերուն դէմ մղուած զինեալ պայքարին մէջ։
Սակայն PYD-ի նախագահ Սալիհ Մուսլիմ չգնաց Թուրքիոյ նախանշած արկածախնդրութեան ճանապարհին։
Էրտողան ակնյայտօրէն կը զգայ քիւրտ ընտրողնրու զանգուածի եւ քաղաքական ուժերու աջակցութեան կարիքը սահմանադրական փոփոխութիւններու, նախագահական հաւակնութիւններու եւ Կիւլէնականներու հետ սրուած յարաբերութիւններու շրջանակով։ Յատկանշական է նաեւ որ Թուրքիոյ իշխող (ԱՔՓ) Կուսակցութեան ըստ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներու մէջ ժողովրդկանութիւն վայելող գլխաւոր քաղաքական ուժն է։ Ներքին օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելէ եւ «արգիլուած լեզու» հասակացողութիւնը վերացնելէ ետք 2003 թուականին TRT-3 հեռուստակայանը սկսաւ 30 վայրկեանի քրտերէն հաղորդումներու։ Իսկ 2008-էն ետք TRT-6 հեռուստաընկերութիւնը շրջօրեայ հաղորդումներ կատարեց այն լեզուով, որու օգտագործումը անգամ ազատազրկման պատճառ կ՚ըլլար նախապէս։
Թուրք-քրտական հաշտեցման բանակցութիւններու համար բարենպաստ պայմաններ ապահովելու նպատակով թրքական նոր սահմանադրութեան քննարկումներու ժամանակ Էրտողան առաջին անգամ ակնարկեց ֆէտէրաթիվ Թուրքիոյ մասին։
Հաշտեցման հնարաւոր գործընթացը դրական ազդակներ կը ստանար նաեւ քրտական կողմէ։ Իմրալը կղզիի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Ապտուլլահ Էօճալանը, որ 1984-էն ի վեր զինեալ պայքար կը մղէ քրտական անկախ պետութիւն ստեղծելու համար, հիմա հանդէս կու գար փոխզիջումային դիրքերէն։ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման որպէս կարեւոր սկզբունք կը նշէր «ընդհանուր ժողովրդավարական հայրենիք» գաղափարը։ «Հայրենիք, ուր գոյութիւն չէր ունենար միայն մէկ լեզու, մէկ ազգ եւ մէկ կրօն»։
Ժողովրդավարացման փաթեթը ներկայացած էր որպէս թուրք-քրտական հակամարտութեան կարգաւորումի խթան։ Սակայն այն, ըստ էութեան հիասթափութիւն յառաջացուց քրտական քաղաքական շրջանակներէ ներս։
Այսպէսով թուրք-քրտական հաշտեցման գործընթացի ներկայ փուլին Անգարա լուծեց իրեն համար կարեւոր խնդիր մը։ Հասաւ Թուրքիոյ տարածքէն PKK-ի զինուորական ճամբարներու կազմալուծման եւ զինուած դիմադրութեան վերացման։ Փոխարէնը չկատարեց էական ոեւէ զիջում։ Խնդիրը փոխադրեց քաղաքական դաշտ, ուր պայքարի միջոցները տարբեր բնոյթներ կը ներկայացնեն։
Իսկ ի՞նչ կ՚ըլլայ գործընթացի վերջնական արդիւնքը, նոր Լոզա՞ն, թէ իրական հանգուցալուծում, թերեւս պարզ չէ։ Ան կախուած է նախ քրտական քաղաքական ուժերու շրջահայեացութենէն, պատմութեան վերիմաստաւորման կարողութենէն եւ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու եւ իրաւունքներու համար մղուող պայքարի բնական դաշնակիցներու հետ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ կառուցելու ցանկութենէն եւ ունակութենէն։
(*) Անուշավան Բարսեղեան.- «Նորավանք» Հայագիտական Կեդրոնի փորձագէտ- խորհրդական