Երեւանի Ազգագրական ինստիտուտի մէջ 3 Մարտ Երեքշաբթի կայացաւ պատմաբաններ՝ Նամըք Տինչ եւ Ատնան Չէլիքի հեղինակած «Հարիւրամեայ Ախը» գիրքին ծանօթացումը։ Ինստիտուտի գրադարանին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ գտնուեցան ակադեմական շրջանակներէ եկած դէմքեր։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Երեւանի Ազգագրական ինստիտուտի մէջ 3 Մարտ Երեքշաբթի կայացաւ պատմաբաններ՝ Նամըք Տինչ եւ Ատնան Չէլիքի հեղինակած «Հարիւրամեայ Ախը» գիրքին ծանօթացումը։ Ինստիտուտի գրադարանին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ գտնուեցան ակադեմական շրջանակներէ եկած դէմքեր։
Ազգագրական ինստիտուտի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ներկայացուց գրքի հեղինակներէն Նամըք Տինչը, զինք հրաւիրելով իր կատարած աշխատութիւնը ներկաներուն հետ բաժնելու։
Հեղինակը նախ նշեց որ իրենց կատարածը բանաւոր պատմութեան աշխատութիւն մըն է, որոշ ժամանակահատուածի եւ որոշ տարածքաշրջանի վրայ։ «Ցեղասպանութեան դարադարձին ուզեցինք Տիյարպէքիրի մէջ տեղացի ժողովուրդին յիշողութիւնը ստուգել 1915-ին պատահածներուն մասին։ Աւելի քան եօթանասուն անձերու հետ խօսեցանք, որոնց երիցագոյնն էր 103 տարեկան պառաւ մը, իսկ կրտսերագոյնը 22 տարեկան երիտասարդ մը։ Այլ խօսքով երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդներու յիշողութեան կը դիմէինք եւ զարմանալով կը տեսնէինք թէ որքան թարմ է այդ յիշողութիւնը Տիյարպէքիրի եւ շրջակայ գաւառներու մէջ։ Յիշողութիւնը այսքան թարմ պահող զանազան գործօններ կան, որոնցմէ մէկը ժողովուրդին այդ տարածքի վրայ յարատեւ կեցութիւնն է։ Ոչ թէ եկուորներ այլ բնիկ տեղացիներ են անոնք, որոնք սերած են բազմահարիւր տարիներու անցեալ ունեցող ընտանիքներէ։ Ուրիշ ազդակ մըն ալ համարեա ամէն տունէ ներս հայ մեծմայրիկի մը, մօրաքրոջ մը առկայութիւնն է։ Վկայութիւնները յաջորդ սերունդներուն փոխանցուած է անոնց միջոցաւ»։
Գիրքի բովանդակութեան պարզումներէն ետք Նամըք Տինչ յայտարարեց իր յաջորդ նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ վանեցիներու ցեղասպանութեան յիշողութեան։
«Այդ ծրագիրը պիտի իրականացնենք երկու հանգրուանի մէջ։ Բանաւոր պատմութեան տեսակցութիւններ պիտի ընենք Վան քաղաքի այժմու բնակիչ քիւրտերու հետ եւ Հայաստանի մէջ ալ նախկին վանեցի հայերու հետ։ Երկու խմբակին ալ պիտի ուղղենք նման հարցումներ, լուսաբանելու համար թէ ի՞նչ պատահած է 1915-ին Վանի մէջ։ Յոյսով ենք որ երկու պատումներու բաղդատական քննարկումը շահեկան լուսաբանութիւն պիտի ըլլայ թէ պատմութեան առումով եւ թէ հայերու եւ քիւրտերու ընկալումները յստակացնելու բերումով։
Նշենք որ Հայաստանեան շփումներու ընթանքին Նամըք Տինչի կ՚ընկերակցի նաեւ պատմաբան Այհան Ըշըք։ Ըշըք ալ պատեհ առիւթներով կը բացատրէ իր ալ հիմնադիրներուն մէջ եղած «Զան» հիմնադրամը։ Զան խումբ մը քիւրտ պատմաբաններու մէկտեղումով կազմուած կառոյց է որ կը մշակէ նմանաբնոյթ նախագիծներ։
Իսկ Նամըք Տինչ բացի այս հետազօտութիւններէն, պատմութեան հետ առնչուած ծրագիրներ կը պատրաստէ «ԻՄՃ» Հեռուստակայանի համար։ Ցեղասպանութեան դարադարձին առթիւ ան պատրաստած է տասը բաժիններէ բաղկացող հաղորդաշար մը, «Դէմ առ դէմ» խորագրով։
Յայտնի է որ երիտասարդ քիւրտ պատմաբաններու աշխատասիրութիւնը յաւելեալ գրականութիւն մը պիտի պարգեւեն հայոց ցեղասպանութեան նիւթին։