Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապուած պետական պաշտօնեաներու մասին շարունակուող հարցաքննումներու բերմամբ Ազգային Լրաքաղութեան Բաժնի նախկին վարիչ Ռամազան Աքեիւրէք եւս ձերբակալուեցաւ։ Աքեիւրէքի ձերբակալման պատճառներուն մէջ կան «դիտումնաւոր սպանութեան մէջ թերացում», «պաշտօնը չարաշահել» եւ «պաշտօնաթուղթերու զեղծարարութիւն» մեղադրանքները։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@gmail.com
Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապուած պետական պաշտօնեաներու մասին շարունակուող հարցաքննումներու բերմամբ Ազգային Լրաքաղութեան Բաժնի նախկին վարիչ Ռամազան Աքեիւրէք եւս ձերբակալուեցաւ։ Աքեիւրէքի ձերբակալման պատճառներուն մէջ կան «դիտումնաւոր սպանութեան մէջ թերացում», «պաշտօնը չարաշահել» եւ «պաշտօնաթուղթերու զեղծարարութիւն» մեղադրանքները։
Աքեիւրէք հարցաքննող դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի տուած հայցագիրին մէջ, 15 Փետրուար 2006-ին Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան ղրկած միակ գրութեան մը յենելով պնդեց իր պաշտօնը կատարած ըլլալը։
Աքեիւրէք 2003 տարուայ Դեկտեմբերին Տրապիզոն քաղաքի Ապահովութեան Տնօրէն կարգուած, 2006 Մայիսին ալ Լրաքաղութեան Բաժնի Տնօրէնութեան պաշտօնի բարձրացուած էր։
Դատախազը յենելով Իսթանպուլի Ապահովութեան Նախկին Տնօրէն Ճէլալէտտին Ճէրրահի հայցագրին, Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք, Աքեիւրէքին ինչո՞ւ համար Ճէրրահին տեղեկութիւն տուած չըլլալը հարցուց։ Աքեիւրէք Ճէրրահը հերքելով պնդեց որ Օկիւն Սամասթի ձերբակալուելուն համար պէտք եղած օգնութիւնը ցոյց տուած է եւ շրջանի Լրաքաղութեան Բաժնի Վարիչ Սապրի Ուզունը մեղադրեց։
Աքեիւրէքի պաշտօնավարած շրջանին Տրապիզոնի մէջ շատ մը դէպքեր ապրուեցան։ 2004-ին «Մաք Տոնալտս»ը պայթեցուեցաւ եւ յանցագործները չյայտնուեցան։ Իսկ պայթեցումը իրականացունող Էրհան Թունճէլ պաշտօնի բարձրացումի արժանացաւ։ Թունճէլ պաշտօնէ առնուելէն ետք ալ Տինքի ոճրի համար պատրաստութիւն տեսնող կազմակերպութեան դէմ գործողութիւն չիրականացուեցաւ։ Աքեիւրէք աւելի առաջ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի մէջ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հարցաքննիչ մարմնին ալ հարցումներուն պատասխանելով Թունճելին համար ցաւ զգալը յայտնած, եւ ամէն առիթով Թունճելը պաշտպանած էր։ Տրապիզոնի Սանթա Մարիա եկեղեցիի կաթոլիկ վարդապետ Անտրէա Սանթորօ ալ 5 Փետրուար 2006-ին սպանուած էր։
Տինքի սպանութեան գծով պետական պաշտօնեաներու ուղղուած հարցաքննումներու արդիւնք, 13 Յունուար 2015-ին Տրապիզոնի Լրաքաղութեան Բաժնի ոստիկան Մուհիտտին Զէնիթ եւ ոստիկանապետ Էօզքան Մումճու ձերբակալուած էին։
18 Յունուարին ալ Ճիզրէի Ապահովութեան Տնօրէն Էրճան Տէմիր ձերբակալուած էր։
Տինքի ոճրի գծով անունը անցնող բոլոր պաշտօնեաներուն մէջ բացի այս պահուս Լրաքաղութեան Բաժնի տնօրէնի պաշտօնը վարող Էնկին Տինչէ, բոլորը հարցաքննուեցան։ Ռամազան Աքեիւրէք, Ռէշաթ Ալթայ, Ֆարուք Սարը, Էրճան Տէմիր, Մուհիտտին Զէնիթ եւ Մեհմէտ Այհանի մասին դատախազական քննութիւն կատարուելով հանդերձ Տինչի մասին ցարդ որեւէ կանչ չկատարուեցաւ։