Հայկական նոր միութիւն Տէրսիմի մէջ

Իսթանպուլաբնակ Տէրսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք ներկայիս Տէրսիմ բնակող հայերն ալ կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը՝ «Տէրսիմի Հայոց եւ Ալէվիներու Բարեկամութեան Միութիւն» կոչումով։ Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինի անունով «Ակօս»ի խմբագրութիւն այցելող Սէրքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, որուն որոշ թիւի մը հասնելէն ետք պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Պոլսահայ իրականութեան վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական զարգացումներէն կարելի է համարել յաջորդաբար հիմնուած հայրենակցական միութիւնները։ Մօտաւորապէս տասը տարուայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին կեանքի կոչուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի, Տէրսիմի, Սասուն-Պիթլիսի, Սասնայ Աճար գիւղի, Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ իսթանպուլաբնակ հայերու հիմնած հայրենակցական միութիւնները։ Նշենք որ Արաբկիրի եւ Պուրունքըշլայի նման կարգ մը գաւառներու իսթանպուլաբնակ հայեր ալ պաշտօնապէս միութեան վերածուած չըլլալով հանդերձ կազմակերպեալ աշխատութիւն կը ծաւալեն իրենց երբեմնի հայրենի սովորութիւնները վառ պահելու եւ համաքաղաքացիներու միջեւ զօրակցութիւն գոյացնելու նպատակաւ։

Այս հոսանքէն ետք վերջերս նոր շարժում մը եւս ծայր տուած է, որ իր կարգին կը թելադրէ նոր խորհրդածութիւններ։ Այժմ կրօնափոխ եղած գաւառի հայութիւնը եւս կը դիմէ միութիւններ հիմնելու գործընթացին, անցեալի ինքնութիւնը վերյիշելու, հետզհետէ վերակերտելու միտումով։ Այս շրջագծով առաջին օրինակը հանդիսացաւ Մուշ քաղաքի եւ շրջակայքի բնակիչ կրօնափոխ հայերու կողմէ հիմնուած «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը։ Ան վերջերս կատարեց իր անդրանիկ համագումարը եւ ճշդեց վարչական խորհուրդը։

Այժմ նման աշխատութիւն մը ձեւաւորուած է Տէրսիմի մէջ։ Իսթանպուլաբնակ Տէրսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք ներկայիս Տէրսիմ բնակող հայերն ալ կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը՝ «Տէրսիմի Հայոց եւ Ալէվիներու Բարեկամութեան Միութիւն» կոչումով։ Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինի անունով «Ակօս»ի խմբագրութիւն այցելող Սէրքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, որուն որոշ թիւի մը հասնելէն ետք պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը։

Մինչ այդ, նախաձեռնարկ կազմը արդէն սկսած է որոշ գործունէութեանց։ «Առաջի հերթին սկսանք հայերէնի դասաւանդութեան։ Նախկին իսթանպուլաբնակ այժմ Հայաստան հաստատուած Տիրան Լոքմակէօզեան Տէրսիմ ժամանեց եւ սկսաւ դասաւանդութեան։ Առաջին հերթին տասնըհինգ աշակերտներ ունինք, որոնց թիւը շուտով կ՚աւելնայ։ 16-20 Ապրիլ թուականներուն Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Տէրսիմի ֆիլմերու ցուցադրութիւն։ Տէրսիմի աշխարհագրութիւնը, ազգագրութիւնը եւ պատմութիւնը նիւթ առած բազմաթիւ վաւերագրական, գեղարուեստական եւ կարճամեթրաժ ֆիլմներ նկարահանուած են, որոնցմէ կազմուած ընտրանիով մը պիտի ներկայանանք Հայաստանի հասարակութեան։ Բացի այդ Տէրսիմի շրջակայքի գիւղապետներէ բաղկացող պատուիրակութիւն մըն ալ Հայաստան պիտի այցելէ եւ շփումներ պիտի ունենայ շրջանային վարիչներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»։

Իսկապէս հետաքրքրական եւ ոգեւորիչ են ատենապետ Սէրքան Սարիաթաշի յայտարարութիւնները, որոնք ինքնաբերաբար պիտի արժանանան հայ ժողովուրդի ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին միտք տանջող զանազան շրջանակներու ուշադրութեանց։     

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ