Անցեալ 11 Փետրուար Չորեքշաբթի երեկոյ, Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու աշխարհական ներկայացուցիչներուն ուղղուած հրաւէրին արձագանգները կը շարունակուին։ Վարչապետին ընթրիքի հրաւէրին ժամանեցին զանազան ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններէ շուրջ 40 հրաւիրեալներ։ Հասարակութեան աւելի լայն շերտի մը հետ շփում ապահովելու համար բացի հոգաբարձութեանց կամ թաղականութեանց ներկայացուցիչներէ, հրաւիրուած էին նաեւ հայրենակցական միութիւններու, մամլոյ ծառայութիւններու եւ հարթակներու ներկայացուցիչներ։

Տաւութօղլուի ընթրիքի թերեւս ամենակարեւոր արդիւնքներէն մէկն էր վարչապետի օգնական Պիւլէնդ Արընչի համայնքային ընտրութիւներու եւ պատրիարքի ընտրութեան մասին կատարած յայտարարութիւնը։ Արընչ ժողովականներուն կը հաւաստիացներ, թէ մինչեւ տարուոյս Յունիս ամիսը աւարտած պիտի ըլլայ փոքրամասնութեան հաստատութիւններու ընտրութիւնը ձեւաւորող նոր կանոնագիրը։ Իսկ պատրիարքի ընտրութեան մասին վարչապետի օգնականը շատ աւելի յստակ խօսեցաւ, ըսելով.- «Բերէք ներկայ պատրիարքի անզօրութեան մասին բժշկական տեղեկագիրը եւ իսկոյն կատարենք նոր պատրիարքի ընտրութիւնը»։ Եօթը տարիէ ի վեր թափուր մնացած պատրիարքական աթոռին իր գահակալին տիրանալու գործընթացին մէջ ամենավերին մարմինէ եկող այս առաջարկը անգամ մըն ալ յոյս տածեց այս նիւթի մէջ հետզհետէ յուսալքուած փոքրամասնութեան աշխարհական ներկայացուցիչներուն, ըստ որում կը լուծուի փոքրամասնութեան հասարակութեան անտէրութիւնը։
Երբ վարչապետի եւ իր օգնականին ելոյթներէն ետք դիմում կը կատարուէր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, զիրենք յուզող խնդիրներու մասին արտայայտուելու համար, գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, ժողովականները առհասարակ անդրադարձան կալուածներու վերադարձուելուն գործին մէջ կայացած խոչընդոտներուն։
Ընթրիքի մասնակիցներէն «Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու» հարթակի անդամ Թադէոս Պէպէք, աւելի վերջ մեկնաբանելով վարչապետի ընթրիքը, ըսաւ որ պոլսահայ հասարակութիւնը էական հարցեր ունի, որոնց գլխաւորն է համայնքային վարչութեան խնդրին մէջ թափանցիկութեան եւ ժողովրդավարութեան բացակայումը։ «Մեր դրութիւնը սխալ դրուած է։ Ունինք նուազ եկամուտ ունեցող հաստատութիւններ, որոնք իրենց տարեկան պիւտճէն կը հաւասարակշռեն աւելի մեծ եկամուտ ունեցող հաստատութիւններու օժանդակութեան միջոցաւ։ Օժանդակող եւ ստացողի հակադրութիւնը անհիմն աստիճանակարգ մը կը գոյացնէ հաստատութիւներու միջեւ, ուրկէ կարելի չըլլար ժողովրդավարական սկզբունքներով ազատ խօսքի հարթակ մը ստեղծել» ըսաւ Թադէոս Պէպէք։
Ինքնին ողջունելի է վարչապետի հրաւէրով գոյացած այս հանդիպումը, քանի որ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցչութեան առումով կապ կը հաստատուի աշխարհական կարգերու հետ ալ։ Անշուշտ այս տեղ կարեւորը այդ կարգերուն, նման ժողովներէն առաջ նախապատրաստութեան աշխատանքներն են։ Ընդհանուր համոզմամբ հայոց ներկայացուցիչները այս առաջին ժողովին բաւական ցրուած եւ անկազմակերպ պատկեր մը ցոլացուցին։ Բայց եթէ ամէն գործընթաց նպաստ կը քաղէ փորձառութենէ, մենք այս թերութիւնները կը վերագրենք առաջին հանդիպումի, յուսալով որ յաջորդները աւելի արդիւնաբեր կ՚ըլլան մեր ժողովուրդի համար։