Ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումով կիրականանայ նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը

Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած համարուեցաւ 1994 թուի Մայիսին Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններով։ Սակայն վերջերս թափ ստացած են Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի վրայ զինեալ բախումները։ Զինադադարի քսանամեակի լրացած այս օրերուն երկրի ապագան, ներկայ խնդիրները եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները հասկնալու համար խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

alinozinian@agos.com.tr

Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած համարուեցաւ 1994 թուի Մայիսին Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններով։ Սակայն վերջերս թափ ստացած են Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի վրայ զինեալ բախումները։

Զինադադարի քսանամեակի լրացած այս օրերուն երկրի ապագան, ներկայ խնդիրները եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները հասկնալու համար խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։

       Ալին Օզինեան- Օգոստոսէն այս կողմ Ղարաբաղ Ատրպէյճան սահմանագծի վրայ յաճախակի բախումներ կը նկատուին։ Ի՞նչ կը պատահի։

Կարէն Միրզոյեան- Օգոստոսէն ի վեր սկսած են Ատրպէյճանական յարձակումները, որոնք կ՚ապացուցեն թէ Ատրպէյճան համերաշխ չէ ներկայ դրութեան հետ եւ լուծման երթալ ալ չ՚ուզեր։ Ոչ միայն զինուորական գետնի վրայ, այլ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ալ Ատրպէյճան լուծումէ հեռու կը մնայ։ Այս պայմաններու տակ վերջնական խաղաղութիւն մըն ալ չերեւիր։

       Ա.Օ.- ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակի աշխատութիւններու մէջ Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիրքը ի՞նչ է։

Կ.Մ.- Ինչպէս որ գիտէք ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակը խնդիրը խաղաղ լուծումի մը բերելու համար 1993-էն ի վեր կ՚աշխատի։ Առաջին օրէն սկսեալ Ղարաբաղ այս խմբաւորումէ ներս խօսքի հաւասար իրաւունք ունէր։ 1998-էն այս կողմ Ղարաբաղը բանակցողի դիրքի մատնուեցաւ, այսինքն այժմ խօսքի հաւասար իրաւունք չունի։ Մինսկեան խմբակի համանախագահներու հետ հանդիպումները կը շարունակուին։ Բայց ներկայ դրութիւնով ոչ ոք կը գոհանայ։ Մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը տիրէ յարաբերական խաղաղութիւն մը, զոր կը պարտինք ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակին։

       Ա.Օ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք խմբակէ ներս Ռուսիոյ դիրքորոշումը։

Կ.Մ.- Ռուսիա այս խնդրի երկու կողմերուն հետ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունի։ Տարածքաշրջանի վրայ ազդեցութիւնը մեծ է։ Յիշենք Օգոստոս ամսուն Սոչիի մէջ կայացած ժողովը։ Սահմանի վրայ մեծ լարուածութիւն ապրուած օրերուն Ռուսիոյ նախագահը հրաւէր ուղղեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ այդ ժողովէն ետք ալ դէպքերը դադրեցան։

Ա.Օ.-Իսկ ի՞նչ է Թուրքիոյ դերը այս խաղին մէջ։

Կ.Մ.- Ափսոս որ Թուրքիա դրական դերակատարութիւն մը չէ ունեցած։ Մինչդեռ ան որպէս տարածքաշրջանի մերձակայ երկիր կրնար աւելի աշխոյժ դեր ստանձնել խաղաղութիւնը կերտելու համար։ Անոնք նախընտրեցին Ատրպէյճանի կողքին կանգնիլ։ Այս պայմաններու տակ կասկածելի կը դառնայ իր միջնորդութիւնը։ Դեռ աւելին, Թուրքիա իր այս ռազմավարութիւնով փոխանակ խաղաղութեան տանող ճանապարհը դիւրացնելու, ալ աւելի կը դժուարացնէ։

       Ա.Օ.-Ինչե՞ր են Ղարաբաղի հանրապետութեան նախապատուութիւնները։

Կ.Մ.- Ղարաբաղեան ազատութեան շարժումը ինքնավարութեան շարժում մըն էր։ Ժողովուրդը ընտրութիւն մը ըրաւ, որ իր արդար իրաւունքն է։ Մենք շահեցանք այս պատերազմը, բայց տակաւին ունինք ուրիշ պատերազմ մը եւս։ Կ՚ուզենք այս ժողովուրդին արժանի կերպով, այսինքն ժողովրդավարական, ընկերային եւ տնտեսական առումով բարգաւաճ երկիր մը գոյացնել։ Մենք զուրկ էինք Խորհրդային Միութենէն բաժնուող այլ երկիրներու ձեռքբերումներէն։ Պատերազմը աւերած էր երկրի ենթակառոյցը։ Այժմ կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ։

Ա.Օ.- Սփիւռքը ինչե՞ր կ՚ընէ Ղարաբաղի ճանաչման համար։

Կ.Մ.- Սփիւռքի աջակցութիւնը կը վայելենք, բայց խնդիրը միայն սփիւռքին բեռցնելն ալ սխալ է։ Ան մեզի համար միջոց մըն է, մեր իրողութիւնը, պայքարը ծանօթացնելու համար միջոց մը։ Ատրպէյճան ո՛չ միայն տնտեսական շրջափակում կը գործադրէ Ղարաբաղի դէմ, այլ հաղորդակցութեան շրջափակումով մեր ձայնն ալ լռեցնել կը փորձէ։ Սարսափի կը մատնուի, երբ տեսնէ թէ Ղարաբաղի մասին տեղեկութիւններ կը շրջին երկրէն դուրս։ Սփիւռքը կը ճանչնայ իր ապրած երկրի պայմանները եւ այդ ուղղութեամբ ալ կ՚աջակցի մեզ։ Բայց կան ուրիշ երկիրներ ալ, որոնք լուրջ հայկական սփիւռք մը չունին, սակայն կը զօրակցին մեզի։ Անոնց համար նշանակութիւն ունի ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան իրաւունքը։ Լիթուանիան եւ Պասքերը այդ տեսակով մեզ հետ են։ Այս տարի Եւրոխորհրդարանէ ներս ալ հիմնուեցաւ Ղարաբաղի բարեկամութեան խմբակը։

Ա.Օ.-Իսկ օտար երկիրներու մէջ ներկայացուցչութիւններ ունիք որոնք դեսպանատուն կամ հիւպատոսարան չեն համարուիր։ Ինչե՞ր կ՚ընեն այդ կառոյցները։

Կ.Մ.- Մինսկեան խմբակի բանակցող երկիրներու, այսինքն Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէջ ներկայացուցչութիւններ ունինք։ Բացի այդ Պէյրութն ալ կարեւոր կեդրոն մըն է Միջին Արեւելքի մէջ։ Կայ տակաւին Աւստրիան, Գերմանիան, որոնք Եւրոպայի կարեւոր երկիրներէն են։ Անոնք դիւանագիտական հանգամանք չունենալով հանդերձ իրենց գտնուած երկիրներու օրէնքներուն ենթակայ են։ ԱՄՆ-ի ներկայացուցչութիւնը օտար գործակալութեան հանգամանք ունի։ Կան նաեւ հասարակական կազմակերպութեան բնոյթով գործող ներկայացուցչութիւններ։

Ա.Օ.- Այդ ներկայացուցչութիւնները կրնա՞ն Ղարաբաղի վիզա տալ։

Կ.Մ.- Ո՛չ, այդ իրաւասնութիւնը ունի միայն Ղարաբաղի Հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը։ Կամ ալ վիզա կը ստանաք Ղարաբաղի մուտքին:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ