Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի օր ԱԳՓ կուսակցութեան Իսթանպուլեան համագումարին, երբ հերթական քննադատութիւնը կը կատարէր Ֆեթուլահ Կիւլէնի եւ անոր ԱՄՆ-ի մէջ տարած քաղաքական աշխատութիւններուն մասին, անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայոց լոպիական աշխատութիւններուն, պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, յունական եւ հրեական լոպիները Կիւլէնի հետ համագործակցութեան մէջ են։ Տաւութօղլուի այս պնդումներուն մասին դիմեցինք, ԱՄՆ-ի հայկական ծանօթ կազմակերպութիւններէն, Հայ Իրաւապաշտպաններու միութեան վարչական Էտվին Մինասեանի, որ ժխտեց Վարչապետին այդ պնդումը, ըսելով որ հայ լոպիները աշխոյժ ջանք կը վատնեն Կիւլէնի դպրոցներու փակուելուն համար։

Հայ Ազգային Կոմիտէի նման սփիւռքահայ կառոյցները եւս կը մերժեն այս պնդումը։ Անոնք օրինակ բերելով Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի դէմ քուէարկող երեսփոխաններուն ստացած նեցուկները, անոնց ընծայուած ճամբորդութիւնները, յատկապէս Թէքսաս նահանգի մէջ Կիւլէն շարժումի անդամներուն Ատրպէյճանական լոպիի հետ ունեցած ջերմ յարաբերութիւնը եւ հակահայաստանեան գործունէութիւնները, կը նշեն որ Կիւլէնականներուն երկխօսութեան պատգամներն ու կատարած գործերը իրար կը հակասեն։ Հայոց եւ Կիւլէնականներու միջեւ սրուածութեան մի այլ օրինակն ալ առնչուած է Գալիֆորնիոյ եւ կարգ մը ուրիշ նահանգներու մէջ գործող Կիւլէնական դպրոցներու հետ։ Հայերը ընդհանրապէս կը պահանջեն այս դպրոցներուն փակուիլը։ Նախորդ տարի Լոս Անճէլըսի մէջ գործող երկու դպրոցներու փակման գործընթացին մէջ հայկական լոպին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ։ Կարգ մը հայ ծնողներու այս դպրոցներու մասին գոհունակութիւնը ինքնին նշանակութիւն մը չունի, որքան ատեն որ կազմակերպութիւները նման զօրակցութիւն մը չեն ցուցաբերեր։ Մնաց որ Գալիֆորնիա նահանգի հայազգի պատգամաւոր Ատրին Նազարեանի առաջնորդութեամբ խորհրդարանի յանձնախումբը վաւերացուց Կիւլէնի դպրոցներու դէմ տնտեսական քննութիւն կատարելու որոշումը։
Երկխօսութեան կամ միջկրօնական մերձեցումներու շրջագծով հետապնդուած սփիւռքի հետ կապ հաստատելու ջանքերը հայկական կողմէ շատ անգամ անվստահութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը դիտուին։ Ընդհանուր համոզումը այս ջանքերուն դաւադրական խաղեր ըլլալն է։
ԱԳՓ կուսակցութեան եւ Կիւլէնի շարժումի միջեւ ծաւալած հակադրութիւնն ալ նշանակութիւն մը չունի, քանի որ հայերը փորձառութեամբ համոզուած են որ Թուրքիոյ քաղաքական խմբաւորումները իրարու հետ ինչ խնդիր ալ ունենան, հակահայ գաղափարի շուրջ իսկոյն կրնան համագործակցիլ։