17-րդ դարու Ամիդը, Տիգրանակերտը, յայտնի էր իր հայերէն ձեռագիրներով: Նոյնիսկ գոյացած է «Ամիդի Ձեռագրաց Դպրոցը»: Այս Թանկարժէք հարստութեան մասին խօսած ենք Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ինստիտուտի՝«Մատենադարան»-ի գիտաշխատող Անուշ Սարգսեանի հետ: Ձեռագիրները եւ անոնց գիտութիւնը շատ բան կ'ըսեն Տիգրանակերտի պատմութեան եւ հայ մշակոյթի մասին: Խօսքը կը ձգենք Անուշին:
Ձեռագիր մատեանները պատրաստուած են Միջնադարի ընթացքին, յատուկ դպրոցներու, գրչատուներու կամ դասատուներու մէջ: Ձեռագիրերը կը ստեղծուէին տարբեր նպատակներով, ընդհանրապէս եկեղեցիներու մէջ գործածելու համար, եկեղեցականներ կ'ուզէին գեղեցիկ զարդարուած ձեռագիրեր ունենալ, ատիկա տեսակ մը պատիւ էր: Ձեռագիրեր կը պատուիրէին նաեւ եկեղեցիներուն նուիրաբերելու կամ յիշատակ թողնելու նպատակով: Օրինակ Երուսաղէմի ուխտի երթալու ժամանակ ամէնէն յարգի նուէրը կը համարուէր ձեռագիր մատեան մը տանիլը:
Ձեռագիր մը պատուիրելը կամ պատրաստելը շատ թանկ արժէր, մագաղաթը, ներկերը, ոսկին: Հիմնականը վանքերու մէջ է որ կ'ըլլար այս աշխատանքը: Սակայն Ամիդը եւ Հալէպը կ'առանձնանան անով, որ քաղաքամէջի եկեղեցիներուն կից դասատուներու մէջ կը պատրաստուէին ձեռագիրեր: Այսպէս, այս գրչակեդրոններու մէջ կը ձեւաւորուէր ամբողջ դպրոց մը, որ կ'ունենար իրեն յատուկ ձեռագիրերու ոճ, գոյն, նկարագիր, մասնագէտներ կրնան անմիջապէս գիտնալ, թէ որ ձեռագիրը որ դպրոցին կը պատկանի:
Ձեռագիրերու պատրաստութիւնը կը տեւէ վեց ամիսէն կամ մինչեւ մէկ տարի, երբեմն ալ աւելի: Օրինակ, Ամիդի առաջնորդի կողմից Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին նուիրաբերելու համար պատուիրուած Աստուածաշունչի պատրաստումը տեւած է 10 տարի (1622-1632):
Ձեռագրագիտութիւնը նաեւ պատմագրութիւն է
Ձեռագիրերու մանրանկարչութիւնը կարելի չէ ներկայացնել առանձին, պէտք է ճիշդ հասկնալ ամբողջ գրչութիւնը, ժամանակը, գրչութեան դպրոցի ուղղութիւնները, առնչութիւնները այլ կեդրոններու հետ , եւ ընդհանրապէս կեդրոնին դերը եւ դիրքը:
Ձեռագիրերը որպէս կանոն ունին յիշատակարաններ, անգլերէնով colofons, այսինքն՝ տեղեկութիւններ ձեռագիրը գրուելուն մասին, թէ գրիչը երբ գրած ու աւարտած է ձեռագիր մատեանը, կը ներառուի թուականը, վայրը, եւ թէ որու համար գրուած է եւ ինչ նպատակով գրած է, նաեւ տեղեկութիւններ ժամանակագրական իրադարձութիւններու մասին: Յիշատակարանները շատ հարուստ սկզբնաղբիւրներ են սերտելու համար տուեալ ժամանակի պատմութիւնը: Այս աղբիւրներէն օգտուելով կրնանք ամբողջ ժամանակագրութիւնը պատրաստել, թէ ինչպէս եղած է պատմութիւնը Ամիդի դպրոցին, ինչ որ նաեւ պատմութիւնն է ինքն Ամիդ քաղաքի: Այս յիշատակարաններուն մէջ կը ներկայացուի նաեւ ընդհանուր քաղաքական իրավիճակը եւ պատմական դէպքեր եւ եղելութիւնները: Օրինակ 1624 թուականի յիշատակարանի մը մէջ (Մ1299, Ստեփանոս Կարմիր) գրիչը վկայում է, որ Ամիդի նոր պարսպի շինութեան համար նոյնիսկ գործածած են գերեզմանի շիրիմնաքարերը:
Ամիդը որպէս ձեռագրական դպրոց
Եղած են դպրոցներ որուն յստակ ուղղութիւն չեն ունեցած, բայց Ամիդի պարագային շատ իւրայատկութիւններ կան, որոնք կը բնութագրեն դպրոցը: Պէտք է ըսել, որ Ամիդի մանրանկարչական դպրոցը ուշ ժամանակաշրջանի կը պատկանի, արդէն հասած են Եւրոպական ազդեցութիւնները, Պոլսոյ վրայով: Փաստ մը, որ մշակութային կապ եղած է Պոլսոյ եւ Ամիդի միջեւ, ուր մարդիկ ճամբորդած են երկուքին միջեւ նաեւ գրչութեան նպատակով: Կայ նաեւ Ջուղայի գործօնը: Ջուղան եղած է աւելի մօտիկ քան Պոլիսը, եւ մշակութային փոխառութիւնները շատ զարգացած են: Այս դպրոցին մէջ ոչ միայն կը գրուին ձեռագիրեր ու կը կ'աշխատին մանրանկարչութեան վրայ, այլ նաեւ ձեռագրեր կը կազմուէին ու կը վերանորոգուէին:
Ամիդի մէջ գրչութեան դպրոց սկզբնաւորուած է 16-րդ դարու վերջերուն, իսկ 17-րդ դարու կէսերուն ապրած է իր ծաղկումը, եւ յարատեւած է մինչեւ 18-րդ դարը: Անշուշտ վերջին շրջանին արդէն կար տպագրութիւնը, բայց աւանդականի կողմնակիցները շարունակած են ձեռագիր գրել՝ գիտնալով հանդերձ տպագիր գիրքերուն մասին : Մեծ քանակութեամբ տպագիր գիրքեր կային արդէն, սակայն գրչագիր գիրքը չէ կորսնցուցած իր արժէքը:
Բոլոր յիշատակարաններու մէջ Ամիդը կը յիշուի որպէս Հայոց Միջագետքի մայրաքաղաքն էր, միեւնոյն ատեն եպիսկոպոսանիստը, ան նաեւ ճանապարհներու խաչմերուկ էր: Պոլիսէն արեւելք երթալու նոյնիսկ Հալէպ երթալու համար անպայման Ամիդէն կ'անցնէին: Ինչ որ կը նշանակէ Երուսաղէմ ուխտի երթալու ճամբան ալ հոսկէ կ'անցնէր: Էջմիածին եւ Վանի ճանապարհներն ալ հոսկէ կ'անցնէին: Նուէրներ կ'առնէին ճամբուն վրայ, եւ այդպիսով պահանջարկը կը մեծնայ եւ դպրոցը կը ծաղկի: Օրինակ Փիլիպպոս Կաթողիկոսը (1632-1655) Էջմիածինէն Երուսաղէմ ուխտի երթալու ճանապարհին, իր հետ կը տանի Աւետարան մը որ անկատար էր, կը յանձնէ Ամիդի դպրոցին որպէսզի ամբողջացնեն մանրանկարչութիւնը եւ այդ ձեռագիրը այժմ կը գտնուի Երեւան, Մատենադարանի ձեռագիրերու հաւաքածուին մէջ:
Ամիդի դպրոցին մեծ թափով զարգանալուն մէջ մեծ դեր ունեցած են մեծանուն վարդապետները՝ Յովհաննէս Շիրակը, Ղուկաս Կեղեցին, Սրաապիոն Ուռհայեցին, որ յետագային դարձած է Կաթողիկոս, Բարսեղ Արծրունին՝ որ քառասուն տարի վարած է Ամիդի եպիսկոպոսութիւնը եւ Մշոյ Սբ. Կարապետի առաջնորդութիւնը, որը այդ ժամանակ կապուած էր Ամիդի Եպիսկոպոսութեան: Այստեղ տեղակայուած էին նաեւ հայ խոճաները, որոնք շատ հարուստ էին, եւ կը հովանաւորէին եկեղեցին, բան մը, որ կարեւոր հանգամանք մըն էր Ամիդի դպրոցի ծաղկումին: Այստեղ գրուած ձեռագիրերը կը կազմեն պատկառելի թիւ մը: Մինչեւ հիմա կրցած եմ հաւաքել հարիւրէն աւելի ձեռագիրեր, որոնք գրուած են Ամիդի մէջ:
Թոփքափուի ձեռագիրը
Ամիդի ձեռագիրերէն Մատենադարանին մէջ կը պահուին քառասուն հատը, մնացածը ցրուած են աշխարհի տարբեր գրադարաններուն եւ մատենադարաններուն մէջ՝ Իռլանտական Չեսթըր Պիթիի գրադարանը, Բրիտանական Թանգարանը, Վենետիկ եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու հաւաքածուներուն մէջ, Երուսաղէմ, Փեթերպուրկի համալսարանը, Հալէպ, Պեռլին եւ Վատիկանի գրադարան եւ այլուր: Եւ կայ մէկ Ամիդի ձեռագիր, Պոլսոյ Թոփքափուի թանգարանին մէջ, որը պատրաստուած է 1625 թուականին, եւ որը Գրչապետ Յովհաննէսի կեանքի 25 գործերէն վերջինն է: Ձեռագիրին վրայ կայ միայն Յովհաննէս անունը, բայց պէտք է մանրամասն սերտել մանրանկարչութիւնը, հասկնալու համար ոճը, որի առիթը դեռեւս չենք ունեցած: Ձեռագիրեր կան, որոնց պատմութիւնը գիտենք, սակայն այս մէկը չենք գիտեր ճիշդ ինչպէս հասած է Թոփքափուի թանգարանը, վստահաբար թանգարանին արխիւներուն մէջ կայ պատմութիւնը:
Այդ ձեռագիրը1967-ին Համազասպ Ոսկեան ցուցակագրած է: Կան ուրիշ ձեռագիրեր ալ Թոփքափուի թանգարանի մէջ, օրինակ Սիրարփի Տէր Ներսիսեանը ուսումնասիրած է Կիլիկիոյ մէջ գրուած ձեռագիր մը, եւ դարձեալ կը պահուի Թոփքափուի թանգարանին մէջ
Ես վստահ եմ որ Թուրքիոյ տարածքին ամէն տեղ կան հայկական ձեռագիրեր, քանի որ ի վերջոյ մարդիկ գիտեն այսպէս բանի մը արժէքը, եւ վստահ նախընտրած են պահել քան ոչնչացնել: Վստահ եմ եղած են գիտակից մարդիկ, որոնք գիտցած են ատոնց արժէքը եւ պահած են: Յայտնի է որ հարիւրաւոր ձեռագիրեր հասած են Պոլիս եւ Պոլիսէն վաճառուած են դէպի աշխարհի բոլոր կողմերը:
Ամիդի հետ կապուած պատմութիւն մը կայ, թէ ինչպէս վանահայր մը, Ջերմուկում 1921-ին գնած է Չնքուշի Ս. Կարապետ եկեղեցիին պատկանած Աւետարանը 50 ղուրուշի փոխարէն եւ այժմ այս ձեռագիրը կը պահուի Երուսաղէմի մէջ: Պատկերացնելու համար ըսենք որ ճիշդ այդ օրերուն, դանիացի միսիոներուհի Քարեն Եփփէն, կը հաւաքեր հայ որբերը անապատներն, իւրաքանչիւր որբը մէկ ղուրուշի փոխարէն: Ուրեմն կրնանք պատկերացնել թէ այդ օրերուն իսկ ինչ մեծ արժէք կը ներկայացնէին ձեռագիրերը:
Ամիդի դպրոցը իւրայատուկ է
Ամիդի դպրոցի համակողմանի ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ պիտի դնէ 17-րդ դարու հայոց եւ տարածաշրջանի պատմութենէն բաւական դրուագներ: 17-րդ դարու պատմութիւնը ուսումնասիրելու քիչ աղբիւրներ ունինք, այս դպրոցը ուսումնասիրելով ընդհանուր հայեացք պիտի ունենանք այդ ժամանակաշրջանին մասին: Մանրանկարներուն եւ յիշատակարաններուն շնորհիւ կրնանք պատկերացում կազմել ամբողջ դարաշրջանին մասին: Դարու մշակութային դրոյթը ամբողջովին կը բացուի մեր առջեւ: Ամիդի դպրոցը այնպիսի մեծ մտաւորականներ եւ անձնաւորութիւններ տուած է, ինչպիսին է Մինաս Ամդեցին:
Ամիդի դպրոցը բազմաթիւ նորարարութիւններ ունի, անոնցմէ մէկն է Համառօտ Աստուածաշունչ կոչուած ձեռագիրի ընդօրինակութեան երեւոյթը: Այս ձեռագիրը գրուած է 1601 թուականին, Գրչապետ Յովհաննէսի ձեռքով: Ծագումնաբանական ծառի տեսքով ներկայացուած Աստուածաշունչ մըն է եւ կը պարունակէ զուգահեռ պատմութիւններ և առանձնայատուկ մանրանկարչութիւն: Երբ այդ ժամանակ կ'աշխատէին այս ձեռագիրին վրայ, իրենց յայտնի չէ եղած թէ թարգմանական գործ մըն ասիկա: 12-րդ դարու յայտնի Ֆրանսացի Աստուածաբան Պետրոս Պոատեցու "Compendium historiae in genealogia Christi" գործն է, որը ունի զանազան լեզուներու թարգմանութիւններ, եւ Հայերէնի թարգմանութեան առաջին յայտնի օրինակը 1367-71թ-ի է: Ուրեմն Ամիդի մէջ վերակերտուած է այս ձեռագիրը, եւ այս վերակերտումին շնորհիւ դարձեալ տարածում գտած է աստուածաբաններու մէջ: Ամիդի օրինակէն ձեւաւորուած է ձեռագրախումբ մը, որոնցմէ մինչեւ հիմա կրցած եմ հաւաքել 15 օրինակներ զանազան տեղեր արտագրուած:
Ամիդի դպրոցը գործած է ցանցի մը վրայ, որը ունենալով Ամիդը որպէս կեդրոն, աշխատանք տարուած է նաեւ մօտակայ շրջաններուն մէջ, օրինակ Չնքուշը, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, Արղնը, Աթախո վանքը եւ այլ տեղեր: Սակայն կեդրոն եղած են քաղաքամէջի Սբ. Կիրակոս եւ Սբ. Սարգիս եկեղեցիները: Եւ քանի որ կը զբաղուէին նաեւ ձեռագիրերու վերանորոգութեամբ, այս Ճիշդ այստեղ է վերանորոգուած «Հեթումի Աւետարան» անունով յայտնի ձեռագիրը (Մ9422): Այս ձեռագրի յիշատակարանէն կը գիտնանք , որ Մշոյ Ս. Կարապետի վրայ յարձակումներու ժամանակ վանականները կը թաղէին ձեռագիրները, յետագային երբ կը հանդարտէր վիճակը, ձեռագիրները դարձեալ կը հանէին, որոնք երբեմն փչացած կ'ըլլային: Եւ այս մէկ ճոխ մանրանկարչութիւն ունեցող ձեռագիրը բերուած է Ամիդ վերանորոգուելու: Եւ անգամ վերանորոգողը կը պատմէ, թէ կը հիւանդանայ ձեռագիրին վրայ աշխատած ժամանակ, կարծելով որ ձեռագիրն է պատճառը: Սակայն ետքը շնորհիւ Ամիդի Բարսեղ Եպիսկոպոսին, շարունակուած է աշխատանքը, եւ վերադարձուած Սբ. Կարապետ: Ձեռագիրը այսօր կը գտնուի Մատենադարանի մէջ, եւ այն գործերէն է որոնք փրկուած են ցեղասպանութենէն հասնելով Էջմիածին:
Կարեւոր ուսումնասիրութեան խնդիր է թէ Ամիդի հայկական գրչութեան դպրոցը այլ լեզուներով ալ ձեռագիրեր պատրաստած է թէ ոչ: ունինք մէկ կարեւոր վկայութիւն մը որ այլ լեզուներով եւս գրած են: Յիշատակարաններէն մէկուն մէջ, գրչապէտը կը սգայ իր երիտասարդ աշակերտին մահը, նշելով թէ ան կը գրեր նաեւ Օսմաներէն, արաբերէն եւ պարսկերէն: Փաստօրէն հայերուն հասու էր նաեւ ուրիշ լեզուներով ձեռագիր պատրաստելը: Ասորական եկեղեցին ալ հարուստ եղած է իր գրչութեամբ: Նայած եմ ասորական ձեռագիրները, բայց բնաւ նմանութիւններ չկան Հայկականներուն հետ, այս առումով փոխառութիւններ չեն եղած իրար միջեւ: Թերեւս եթէ հայ գրիչներուն պէտք եղած է, դրամ շահելու նպատակներով աշխատած են նաեւ այլալեզու ձեռագիրերու վրայ: Պէտք է հաշուի առնենք որ Մերձաւոր Արեւելքի մասին է խօսքը, եւ հայերն ալ մեծ դեր ունէին այս ընդարձակ տարածաշրջանի մշակութային արտադրութեան մէջ: Այնպիսի քաղաքներով շրջապատուած էր Ամիդը, օրինակ Հալէպ, Եդեսիա (Ուրֆա), որ անկարելի է որ գործակցութիւն եղած չըլլայ լեզուներու եւ մշակոյթներու միջեւ:
Ձեռագրագիտութեան դժուարութիւնները
Ձեռագրագիտութիւնը այնպիսի բան մըն է որ շատ իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ: Օրինակի համար Հայաստանի մէջ կան մեծ թիւով նիւթական աջակցութեան տարբերակներ, ճամբորդելու համար, կամ այլ սերտողութիւններու համար, բայց օրինակի համար թանգարանի մը մէջէն, ձեռագիրի մը մէկ էջին պատճէնը ապահովելը չիյնար այս տարբերակներէն ոչ մէկուն մէջ: Կարծես թէ մենք չեն տեղաւորուիր ձեւաչափերուն մէջ:
Անշուշտ շատ դժուարութիւններ ունինք, առաջին կարգին, ինծի համար հասանելի չեն բոլոր ձեռագիրները որոնց պէտք ունիմ իմ ուսումնասիրութեանս համար: Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ Չէսթըր Պիթիի թանգարանին մէջ պահուող Ամիդի երկու ձեռագիրները ուսումնասիրելու, որոնց շնորհիւ շատ ծալքեր բացուած են ուսումնասիրութեանս մէջ: Տակաւին առիթը չեմ ունեցած Թոփքափուի թանգարանի Ամիդի ձեռագիրը ուսումնասիրելու, բայց յոյսով եմ որ շուտով այդ ալ կը ստացուի:
Ձեռագիրները մշակութային ժառանգութիւն են
Այս ամբողջ ժառանգութիւնը, հակառակ անոր որ հազարաւոր ձեռագիր կորսուած ու փճացուած են, այդուհանդերձ մնացած ձեռագիրները իսկ, տարածուած աշխարհի թանգարաններուն մէջ, վկաներն են քաղաքակրթութեան մը, որ այսօր այլեւս գոյութիւն չունի:
Յայտնի է, որ Գարեգին Սրվանձտեանցը 1879 թուականին պտտելով ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը եւ ցուցակագրած է ձեռագիր մատեանները: Այս ցուցակէն գիտնանք որ միայն Ամիդի Սբ. Կիրակոս եւ Սբ. Սարգիս եկեղեցիներուն գրադարաններուն մէջ եղած է 91 ձեռագիր, որոնցմէ մեզի հասած են միայն թ հատը: Իսկ մնացածը ցեղասպանութեան հետ անհետ կորսուածներու շարքին են:
Նպատակներէս մէկն է ի յայտ բերել եւ վերակենդանացնել հայկական մշակոյթի մէկ մասնիկը որ այսօր այլեւս ոչ մէկ ձեւով գոյութիւն չունի: Բարեբախտաբար գոյութիւն ունի Սբ. Կիրակիս եկեղեցին: Ուրիշ շատ մը տեղեր, այդ կեդրոններն ալ չեն պահպանուած: Այդտեղ գոյութիւն ունեցած զարգացած կենցաղին ոտքի փաստերէն մէկը եթէ ինքն Սբ. Կիրակոսն է, ապա միւսը այս ձեռագրական դպրոցի աւանդն է, որ եկած հասած է մեզի չորս դար ետք, եւ մենք այսօր անոնց շնորհիւ կրնանք հասկնալ այդ ժամանակուան կեանքը: