Ութը տարի է նոյն տեղն ենք

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութներորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով կ՚ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի «Ակօս» քալելու մասին։ Նոյն օրը երեկոյեան 19.00-ին դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ։

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութներորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով կ՚ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի «Ակօս» քալելու մասին։ Նոյն օրը երեկոյեան 19.00-ին դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ։ 

2007-ի 19 Յունուարին ոճիրը լսող բազմահազարներ արդէն փութացած էին «Ակօս»ի խմբագրատան առաջքը՝ Հրանդ Տինքի ինկած վայրը։ «Հրանդի ընկերները» հարթակը, Հրանդը սիրողները, հետեւորդները, հաւատացողները յաջորդող տարիներուն կրկնեցին նոյն եղանակը, միայն թէ ժամը 13.30-ին Թաքսիմէն մեկնելով հասան խմբագրութիւն, ուր կրկին բազմահազարներ կուտակուած էին միշտ։

Այս տարի ալ նոյն աւանդոյթը կրկնուեցաւ։ Ժամը 15.00-ին, երբ յարգանքի լռութիւն կը պահուէր, ոստիկանական շրջանակները հաւաքուած զանգուածը կ՚ենթադրէին վեց-եօթը հազարի շուրջ, իսկ հասարակական կազմակերպութիւններու վարիչները այդ բազմութիւնը կր գնահատէին աւելի քան տասը հազար։

Մի ուրիշ աւանդութիւն էր որ յարգանքի լռութենէ ետք թերթի պատշգամէն յայտարարուի տուեալ տարուայ պատգամը։ Այս տարի այս պարտականութիւնը կատարեց բանաստեղծ Մուրաթհան Մունկան։ Ան իր ելոյթին մէջ նշեց որ Հրանդը սպաննող մտայնութիւնը ծանօթ է բոլորին, յատկապէս Տէրսիմի, Մարաշի, 6-7 Սեպտեմբերի, Մատըմաք հիւրանոցի եւ Ռոպոսքիի կոտորածներէն։ «Ինչպէս ձեզմէ շատեր գիտեն, այս երկրէ ներս ամէն ուրացումին ետեւը հաւաքական գերեզմաններ կան։ Հրանդ Տինքի մահուան ութնամեակը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին։ Ցեղասպանութեան ուրացումը կամ մերժումը Թուրքիոյ դարաւոր առանձնութեան ալ պատմութիւնն է։ Պատմութեան, մտքի, խղճի եւ աշխարհի առանձնութիւնը։ Երկիրը պարտաւոր է անցեալի ուրուականներէն առանց վախնալու պատմութեան հետ առերեսուելու, այդ առերեսումէն գոյացող պատասխանատուութիւնները կատարելու…»։

Մունկանի ելոյթէն ետք «Ակօս»ի պատշգամէն ժողովուրդը բարեւողներու մէջ Ռաքէլ Տինքի կողքին էին Պերքին Էլվանի վշտահար ծնողքը Սամի եւ Կիւլսիւմ Էլվան։

Երեկոյեան ժամերուն ուրիշ խումբ մըն ալ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու համար Թաքսիմէն դէպի Կալաթասարայի հրապարակ երթ կազմակերպեց։ Շքերթի աւարտին հայերէն եւ թրքերէնով արտասանուեցան մամլոյ յայտարարութիւններ։

19 Յունուար 2015 Երկուշաբթի օր բացի Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն, Երեւանի, Լոնտոնի, Պեռլինի, Փարիզի, Լիոնի եւ այլ քաղաքներու մէջ ալ կատարուեցան յիշատակման միջոցառումներ։

***

Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու 20 Յունուարին վարչապետարանի կայքէջէն ցաւակցութեան գրութիւն մը հրապարակեց։ Այդ գրութեան մէջ Տինք կը ներկայացուէր իբր՝ «Թուրքերու եւ Հայերու հասարակական ապագայի կերտման գործընթացի մէջ միջոցներ որոնող Անատոլուի մտաւորականը»։

Վարչապետ Տաւութօղլու գրութեան մէջ համբերութիւն կը մաղթէր Տինքի վշտահար ընտանիքին եւ զայն սիրող բոլորին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ