Դարադարձի շեմին Հայոց Ցեղասպանութիւնը (Գ)

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
rzarakolu@aol.com

Արդի ժամանակներու գաղափարախօսութիւնը ազգային պետութիւնն էր։ Առանց ազգ ըլլալու, առանց ազգային պետութիւն ունենալու անկարելի էր արդիականանալ։ Այս մերձեցման տարբեր մէկ շարաւիղն ալ մեծ պետութիւններու ձեռքին քաշքշուած ինքնավարման իրաւունքը եղաւ։ Այս գաղափարի գիւտարարը Ուլիսոնն էր։ Բայց Լենին ալ օտար չէր այս մտայնութեան։ Ռուսաց Կայսրութիւնը թէեւ փլուզուած էր, սակայն -որքան ալ ռուսակեդրոն ըլլայ- իր օրինականութիւնը այս սկզբունքին վրայ կազմեց։ Պուխարինի 1936-ին պատրաստած Սովետական սահմանադրութեան մէջ ինքնորոշման իրաւունքը սկզբունքի բնոյթը ունեցաւ։ Այդ սկզբունքի միջոցաւ ալ համեմատաբար աւելի հեշտութեամբ անցաւ Սովետներու քայքայման գործընթացը։ Ծրագիրը ինքնավարութեան հասկացողութիւնով փոքր ազգերու ալ գոյատեւման առիթ ստեղծեց։

Միւս կողմէ Հունկարա-Աւստրական եւ Օսմանական ժառանգին վրայ ալ ազգային պետութիւններ կառուցուեցան, որոնք ունեցան նաեւ փոքրամասնութեանց լուրջ խնդիր մը։ Իրականութեան մէջ Թուրքիա այս շարքին վերջին օղակն էր։ Հայերը իրենց ազգային պետութիւնը Թուրքիոյ հատուածին վրայ չի կրցան կառուցել, որովհետեւ 1915-ին նպատակներէն մէկն ալ հայերուն իրենց ճակատագիրը ճշդելու, Պալքանեան օրինակներուն հետեւելով ազգային պետութիւն մը հիմնելուն արգելք ըլլալ էր։ Հայաստան հազիւ Սովետական յեղափոխութեան ենթարկուելէ ետք է որ Արեւելեան հատուածին մէջ պատմական Հայաստանէն մեկուսացած հայրենիք մը ըլլալով բարձրացաւ։ Այս բոլորին իբր արդիւնք Պալքանեան պարտութեան թրաուման ապրող թուրք ազգայնականութիւնը այդ պարտութեան հատուցումը հայ ժողովուրդէն գանձեց։ Կանխուեցաւ Արեւմուտքի մէջ ենթագիտակցութեան դրոշմուած յանցագործութեան հոգեբանութիւնը աւելի մեծ ու յարատեւ դաժանութեան մը տեղի տուաւ։ Զինուորական յաղթանականը չէր բաւած որ թուրքերը յաղթահարեն Պալքաններէ ետք սեփական երկրէ ալ վտարուելու վախը։ Արեւմուտքին հայերու դէմ դաւադրութիւնը տեսնելով քէմալականներն ալ մերթ ընդ մերթ կը մատնուէին հոգեբանական ախտի՝ սարսափի։

Իրաւ ալ հրաշքի համազօր ճարպիկութեամբ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան թելադրած նոր հաւասարակշռութիւններէն օգտուող, ոչ միայն ռազմադաշտի, այլ դիւանագիտական գետնի վրայ ալ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցող քէմալականները յաջողեցան նոր Թուրքիա մը կերտելու։ Թալաթ փաշայի եւ այլ ՄՅԿ առաջնորդներու արկածախնդրութեան հետեւանքով ծաղկած համաթրքական քաղաքականութիւնը ցեղասպանութիւններով, ռազմաճակատներով, համաճարակներով կամ սովի պատճառով ոչ միայն մէկ միլիոնէ աւելի հայուն, այլ մէկ միլիոնի մօտ Անատոլուի քրիստոնեաներուն, քիւրտ կամ թուրք միլիոնէ աւելի Անատոլուի իսլմաներուն, ալէվիներուն, էզտիներուն մահուան պատճառ դառնալը կը մոռցուի։ Թուրքիոյ պաշտօնական տեսութիւնը տակաւին կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատերազմի բնական երեւոյթ մը ըլլալով ներկայացնել։ Մարդկութեան դէմ յանցանք գործած, մլիոնաւոր զոհերու հետ կայսրութեան մը անկումը ապահոված այդ մարդիկ տակաւին պատիւներու կ՚արժանանան։

Չէ յաղթահարուած Մեծ Եղեռնի թրաուման։ Մէկ կողմ թողենք յաղթահարելը, յանցագործութեան հոգեբանութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 1915-էն այս կողմ համայն մարդկութեան կողմէ յիշատակումը եւ մոռացութեան մշուշի պառակտումը Անգարան փոխանակ ներողութիւն խնդրել մղելու, ալ աւելի յարձակողական ուրացման ռազմավարութեան մը մղեց։ Երիտասարդ սերունդներու միտքերը թունաւորուեցաւ այս ուրացումով։ 2000-էն ետք ազգայնական ԷՃէվիթ- Պահչէլի կառավարութիւնները ալ աւելի յարձակողական ուրացումի մը դիմեցին եւ գրգռեցին թրքական սփիւռքը։ Սփիւռքի թուրքերը գրգռուեցան նոյնինքն դեսպաններու ձեռքով։ Այս մասին ամենասուր արշաւները Գերմանիոյ մէջ կատարուեցան։ Չէ որ Գերմանիա եւ Թուրքիա Ա. Աշխարհամարտին դաշնակիցներ էին։ Գերմանացիներու ճանաչումը անելի պիտի մատնէր ուրացման ռազմավարութիւնը։ Կարեւոր էր նաեւ Անգլիական եւ Ամերիկեան խորհրդարանները։ Անոնց այս ուղղութեամբ որոշումները կանխելու համար մեծ ջանք վատնուեցաւ։ Մինչդեռ անգլիացիներու համար նման բան մը պէտք չէր։ Անոնք շատ աւելի վաղ, Մալթայի մէջ հրաժարած էին։

Այժմ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան ուրացումը վերածուած է յատուկ համակարգի մը։ Պետական միտքը հայոց պահանջատիրութիւնը Թուրքիոյ սպառնացող վտանգ մը ըլլալով կը տեսնէ եւ ամէն գետնի վրայ կը ձգտի այդ վտանգին դէմ պայքարելու։ Նիւթը հանրապետութեան ազգային ապահովութեան կարեւորագոյն խնդիրներու շարքէն կը դասուի։ Վարչապետութիւնը 29 Մայիս 2001-ին հրատարակած շրջաբերականով մը կը յայտարարէ որ վարչապետի օգնականի նախագահութեամբ կազմուած «Ցեղասպանութեան Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պայքարը Համակարգող Խորհուրդ» անունով կազմ մը գոյացուցած է։ Այդ կազմին անդամներ կու տան Ապահովութեան, Արդարադատութեան, Ներքին Գործոց, Արտաքին Գործոց, Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւնները, Բարձրագոյն Ուսման Խորհուրդը, Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութիւնը, Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառը, Պետական Արխիւներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը եւ Վարչապետարանի Ծանօթացման Ֆոնտը։

Այս կառոյցի աշխատանքերը առաջին հերթին ուղուեցան դպրոցներու։ Կրթութեան Նախարարութիւնը կը թելադրէր թէ միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի ուսուցիչները հայոց, պոնտացիներու եւ ուղղափառ ասորիներու անհիմն պնդումներուն դէմ զգուշացնեն աշակերտութիւնը։ Նոյն շրջանին Կրօնից Տեսչութիւնն ալ հաւատացեալները կը զգուշացնէր քրիստոնեայ քարոզիչներու դէմ։ Այս արշաւին մեծ եռանդով մասնակցեցան նաեւ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը, համալսարանները եւ Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութիւնը։ Ամէն մէկը իր կարգին ահազանգներ կը հնչեցնէին։ Օրինակի համար սպայակոյտը հաշուած էր որ 2020 թուականին Թուրքիոյ բնակչութեան տասը տոկոսը քրիստոնեաներ պիտի ըլլան։ Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութիւնն ալ կը նշէր որ 1998-2001 թուականներու միջեւ 8 միլիոն Աստուածաշունչ բաժնուած է։ Արշաւէն անմասն չէին մնացած նաեւ Անգարայի եւ Իսթանպուլի առեւտրական կաճառները։

Հակացեղասպանութեան խորհուրդի ամենահաւատարիմ գործիչներէն հանդիսացան Բանուորական Կուսակցութիւնը եւ «Այտընլըք» թերթի շրջանակը։ Անոնց առաջնորդութեամբ կազմուեցաւ «Թալաթ Փաշայի Կոմիտէ» մը, որ Եւորպայի զանազան կեդրոններու մէջ գրգռիչ նախաձեռնութիւններ ունեցաւ։

Ահա այսպիսի համայնապատկերի մը մէջ է որ քաղաքական այրերը յաճախ կ՚առաջարկեն հայ եւ թուրք պատմաբաններէ կազմուած հասարակական խորհուրդի մը 1915-ի իրողութիւնը յայտնաբերելու համար ժողովներ գումարելը։

Կ՚երեւի կը ծաղրեն մեզ։

(Վերջ)

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ