Մինչեւ հիմայ եղածը ի՞նչ էր

Վերսկսաւ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կատարած շրջանին, 24 Ապրիլ 2011-ին սպաննուած շարքային Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը։

Վերսկսաւ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կատարած շրջանին, 24 Ապրիլ 2011-ին սպաննուած շարքային Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը։

Վճռաբեկ Ատեանը թղթաբանական թերութիւններու բերմամբ չեղեալ համարեց նախորդ դատավարութիւնը։ Դատակազմը նախապէս կայացուցած վճիռին մէջ համոզուած էր որ սպանութիւնը արկածով պատահած է, այդ պատճառաւ ալ անուշադրութեան հետեւանքով մարդ սպաննելու փոխարէն ոճրագործին համար վճռած էր չորս տարուայ բանտարկութիւն։

Վերսկսող նոր դատավարութեան առաջին նիստը կայացաւ 13 Յունուար Երեքշաբթի Տիյարպէքիրի Զինուորական Ատեանի մէջ։ Նիստին ներկայ գտնուեցան Սեւակ Պալըքճըի ծնողքը եւ իրաւապաշտպան Իսմաիլ Ճէմ Հալավուրդ։ Ամբաստանեալ Քըվանչ Աղաօղլու Էլազըղի Զինուորական Ատեանին միջոցաւ նամակ մը յղելով պահանջեց որ զերծ պահուի դատական նիստերէն։ Պալըքճը ընտանիքի իրաւապաշտպանները դատարանէն պահանջեցին որ մերժէ այս դիմումը։ Սակայն դատակազմը յօժարեցաւ Աղաօղլուի նիստերէն ազատ մնալու ցանկութեան։

Իրաւապաշտպան Հալավուրդ նոր առիթի մը յայտնութիւնը ըլլալով կը մեկնաբանէ դատավարութեան վերսկսիլը։ «Վճռաբեկ Ատեանը ձեւական թերութիւններու բերմամբ չեղեալ համարեց նախորդ վճիռը։ Այժմ ի հիմանէ պիտի քննարկուի խնդիրը։ Կրկին պիտի լսուին արդարադատութեան բժիշկները եւ դէպքի ականատեսներու վկայութիւնները։ Եթէ նկատի ունենանք որ նախապէս ականատեսներու վրայ ծանր ճնշում մը պարտադրուած էր, այժմ կրնանք յուսալ որ անոնք այդ ճնշումի բացակայութեան դէպքին լոկ իրենց խղճի ձայնով վկայութիւն բերեն» ըսաւ Հալավուրդ։

Դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 27 Փետրուար 2015 թուականին։    

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ