Ասորիներ իրաւունք կը պահանջեն Ալեքսանդրէտի մէջ

Փոքրամասնութիւններուն բռնագրաւուած կալուածները ետ առնելու համար տարուած իրաւական պայքարը կը շարունակուի։ Վերջերս Կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարքարանն ալ Հաթայի Իսքենտէրուն քաղաքի մէջ գրաւուած տարածքներու վերատիրանալու համար դատարան դիմեց։

Խնդրոյ առարկայ տարածքը ասորիներու Թայիֆսի հիմնարկին կողմէ ծախու առնուած էր 1932-ի Յուլիսին։ Այդ ժամանակ Հաթայ ֆրանսական տիրապետութեան տակ Սուրիական քաղաք մըն էր։ Երբ այդ քաղաքը 1939-ին Թուրքիոյ փոխանցուեցաւ 1945-ի Փետրուարին տարածքը պետականացուեցաւ եւ գրանցուեցաւ Ելմտական նախարարութեան անունով։

Սակայն դատական գործընթացը բախեցաւ Պատրիարքարանին օրինական ինքնութիւն չունենալու խնդրին։ Պատրիարքի փոխանորդ Եուսուֆ Սաղի իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլուի դիմումը Իսթանպուլի Կուսակալութեան միջոցով փոխանցուեցաւ Ներքին Գործոց Նախարարութեան, իսկ ան ալ նիւթը փոխանցեց Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։ Այս վերջինս իրաւունք չճանչցաւ Պատրիարքարանի անունով դատ բանալու։ Նախարարութիւնը այս արգելքին համար պատճառաբանեց Պատրիարքարանի իրաւական ինքնութեան բացակայումը։

Ըստ երեւոյթի եթէ ասորի կաթողիկէ համայնքը վճռակամ ըլլայ, Թուրքիոյ գլխուն փորձանք դառնալիք նիւթ մը եւս պիտի հասնի ԵՄԻԱ-ի օրակարգին։  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ