ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ «Քարքարոտ Արահետներ»ուն լռութիւնը

«Քարքարոտ Արահետներ»ուն մէջ երբ կը տեսնէք Առնօ Խայաճանեանը, լուռ մնացէք։ Եկած է իր նախնիներուն հետքերը որոնելու։ Բարեւեցէք լուռ ու մունջ, անձայն անշշուկ անցէք քովէն։ Հարցնող հայեացքներով մի՛ նայիք երեսին, գործ ունի՝ մի՛ խանգարէք։ Կարող է լսէ ձայն մը, որ ծանօթ է իրեն։ Տատը խօսած է այն բարբառով, պապը ըսած է նոյն բառը։ Թողէք քար մը վերցնէ ճամբու եզրէն։ Քարը վաղուց քար դարձած է ձեզի համար, բայց անոր համար նոր կեանք է, նոր աշխարհ… Բարով եկար սիրելիս, փնտռէ ինչ որ գտնես՝ քու նախնեաց շուքն է։ Շուք՝ որ անցեալին շունչ ալ ունէր։