Արամ Թագաւորի Որդի Արա Գեղեցիկը

Արա Գեղեցիկի առասպելը՝ ըստ Չանաքքալէի հայերի

Մաս Ա

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Երեւի չկայ մէկ հայ, ով լսած չլինէր Արա Գեղեցիկի եւ Շա­միրա­մի առաս­պե­լը։ Ահա պոլ­սա­հայոց շրջա­նում տա­րածուած է Չա­նաք­քա­լէի հա­յերի աւան­դազրոյ­ցը, ուր Արա Գե­ղեցի­կի պատ­մութիւ­նը միահիւ­սուած է հրա­շապա­տում-հէ­քեաթ­նե­րի եւ էպի­կական աւան­դազրոյցնե­րի իւ­րօ­րինակ տար­րե­րով։

Ըստ Չա­նաք­քա­լէի հա­յերի, հա­յոց Արամ թա­գաւո­րին աչ­քե­րը կու­րա­ցեր էին եւ ոչ մի դեղ չէին կա­րող գտնել, որ բա­ցուին թա­գաւո­րին աչ­քե­րը։ Արամ թա­գաւո­րը պառ­կած էր ան­կո­ղինին մէ­ջը։ Մու­նե­տիկ­ներ հա­նեցին ամ­բողջ երկրին մէջ, որ եթէ ոեւէ մէ­կը կրնայ ապա­քինել թա­գաւո­րին, մեծ պար­գեւնե­րու կ՚ար­ժա­նանայ։

Շատ հե­քիմ ու գի­տուն բժիշկներ եկան, բայց ոչ մէկը կրցաւ օգ­նել թա­գաւո­րին։ Օր մը ալե­ւոր ծե­րու­նը եկաւ, մօ­տեցաւ թա­գաւո­րին, թէ՝ «Թա­գաւորն ապ­րած կե­նայ, ես գի­տեմ քո աչ­քե­րուդ դե­ղը, բայց այն Շա­­միրամ թա­­գու­­հու մօտ կը գտնուի»։

Ամենքն աւե­­լի տխրե­­ցին, յատ­­կա­­­պէս թա­­գաւո­­րը. «Շա­­միրա­­մը ին­­ծի չի տար այդ դե­­ղը», -ըսաւ նա։

Արամ թա­­գաւո­­րը գե­­ղեցիկ ու ամ­­րա­­­կուռ զա­­ւակ ու­­նէր՝ Արա Գե­­ղեցիկ կ՚ըսէին անոր։

-Հա՛յր, թո՛ղ տուր, ես եր­­թամ, բե­րեմ քու աչ­քե­րուդ դե­ղը Շա­միրա­մին մօ­տէն։ Ես ան­պայման կը բե­րեմ. պա­տուովս խօսք կու տամ։

Արամ թա­գաւո­րը յու­սա­հատ կը պա­տաս­խա­նէ.

-Շա­միրա­մը կա­խարդ է։ Ան քեզ ետ չ՚ու­ղարկէր։ Աչ­քե­րուս լոյ­սը կորսնցնե­լէս ետ­քը կեան­քիս յոյսն ալ չեմ ու­զեր կորսնցնել։

Բայց Արա Գե­ղեցի­կը շատ կը յա­մառի, եւ Արամ թա­գաւո­րը վեր­ջա­պէս կ՚օրհնէ իր տղան։ Արան ճամ­բայ կ՚իյ­նայ դէ­պի Վան։ Երբ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը ան­ցած է, ճամ­բին կը հան­դի­պի ժայ­ռի մը վրայ կա­ռու­ցած բեր­դի մը եւ ձայն կու տայ։ Բեր­դի պա­տու­հա­նէն աղ­ջիկ մը կը պա­տաս­խա­նէ Արա­յին, թէ ով ես, ուր կ՚եր­թաս, այս վտան­գա­ւոր վայ­րե­րում ինչ կ՚ընես։

Արան մի գա­ւաթ ջուր կը խնդրէ, աղ­ջի­կը կ՚եր­թայ ջուր կը բե­րէ, կու տայ Արա­յին։ Արան մօ­տիկէն կը տես­նայ, որ աղ­ջի­կը լու­սե­ղէն, հու­րի փե­րի աղ­ջիկ մըն է։

Աղ­ջի­կը կը պատ­մէ, որ ին­քը թա­գաւո­րի աղ­ջիկ է, անու­նը Զուարթ է ու այստեղ մի­նակ չէ, եօթ գլխա­նի դեւ մը կայ, այն եկաւ ու փախցրեց իրեն, բե­րաւ այս բեր­դի մէջ բան­տարկեց։ «Իմ կեանքս ոչինչ է, բայց մեղք է քե­զի պէս երի­տասար­դին, որ զոհ եր­թայ անօ­րէն դե­ւին։ Հի­մա ար­դէն ճիշդ անոր գա­լուն ժա­մանակն է, ան ար­դէն մար­դու հոտ առած կ՚ըլ­լայ»։

Արան կ՚ըսէ թէ աւե­լի լաւ, ին­քը հէնց դրան էլ կը սպա­սէ։ Մէկ ալ յան­կարծ սաս­տիկ փո­թորիկ մը կը բարձրա­նայ, ներս կը մտնէ եօթ գլխա­նի աժ­դա­հայ դեւ մը ու կը սկսի պո­ռալ, թէ՝ ուր է այդ օտար մար­դը, ին­քը անոր հոտն առած է։

Այդ մի­ջոցին Արան դուրս կու գայ անոր դի­մաց, կ՚ըսէ, թէ ին­քը եկեր է դե­ւի հետ չա­փուե­լու։ Դե­ւը կատ­ղած կը յար­ձա­կի Արա­յի վրայ, Արան կը սոս­կայ, բայց ան­մի­ջապէս պա­տեանէն կը հա­նէ սու­րը եւ մէկ հատ կը զար­նէ, դե­ւին եօթ գլուխն ալ վար կը գլո­րին, սա­կայն դե­ւը կ՚ըսէ.

-Դեռ կեն­դա­նի եմ, եթէ տղա­մարդ ես՝ հա­րուած մը եւս տուր, որ շուտ մեռ­նիմ։

Բայց Արան լաւ գի­տէր, որ եթէ դե­ւին երկրորդ հա­րուած մը տաս, ան նո­րէն կը կեն­դա­նանայ, ատոր հա­մար կ՚ըսէ.

-Ո՛չ, ես մօր­մէն մէկ ան­գամ ծնած եմ, հա­րուածս ալ մէկ պի­տի ըլ­լայ, -ու դեւն իս­կա­պէս կը սատ­կի։

Զուար­թը այդ որ կը տես­նայ, ու­րա­խու­թե­նէն կը փաթ­թուի Արա­յի վի­զը, կը համ­բուրէ ու կ՚ըսէ թէ՝ «Ես քու կինդ պի­տի ըլ­լամ»։ Բայց Արան կը բա­ցատ­րէ նրան, որ այդ լի­նող բան մը չէ, ամօթ է, ին­քը մեծ եղ­բայր ու­նի, ուստի Զուար­թը մեծ եղ­բօր կի­նը պի­տի ըլ­լայ։ Զուար­թը թէեւ չու­զե­լով, բայց կը հա­մաձայնի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ