Պռոշ թագաւորի դուստր Գեղանի Նուարդը

Արա Գեղեցիկի առասպելը՝ ըստ Չանաքքալէի հայերի

ՄԱՍ Բ

Արդէն բաւական ժամանակ անցած էր, ինչ Արա Գեղեցիկը հրաժեշտ էր տուել Զուարթին եւ իր ճերմակ նժոյգով ճամբայ ընկել գտնելու Շամիրամի մօտ պահուող դեղը, որ պիտի բանար իր հօր՝ հա­յոց Արամ թա­գաւո­րի աչ­քե­րը։ Եւ ահա Արան մէկ այլ բեր­դի կը հան­դի­պի ու նո­րէն ձայն կու տայ՝ «Է, հէ՜յ, ո՞վ կայ այդտեղ»։

Բեր­դի պա­տու­հա­նէն լու­սե­ղէն, հու­ռի փե­րի աղ­ջիկ մը կը պա­տաս­խա­նէ, թէ՝ «ի՞նչ կը փնտռես հոս, ա՜յ սի­րուն երի­տասարդ։ Չե՞ս մեղքնար քու կեան­քիդ, որ մի­նակդ հա­մար­ձա­կեր ես գալ եօթը գլխա­նի դե­ւին սահ­մաննե­րը»։

Արան կը հիանայ աղջկայ ձայ­նին քնքշու­թե­նէն եւ մէկ բա­ժակ ջուր մը կը խնդրէ։ Աղ­ջի­կը որ դու­ռը կը բա­նայ, կը տես­նայ Արա­յի գե­ղեց­կութիւ­նը, կը սկսի լալ. «Ես ին­ծի չեմ մեղքնար, բայց քե­զի պէս գե­ղեցիկ երի­տասար­դին մեղք է, որ զոհ դառ­նայ չար դե­ւին»։

Արան, սա­կայն, կ՚ըսէ թէ ին­քը վա­խենա­լու բան մը չու­նի։ Արա­յի խի­զախու­թե­նէն ոգե­ւորուած՝ աղ­ջի­կը քիչ մը սիրտ կ՚առ­նէ։ Արան ջու­րը խմե­լու ըն­թացքին աղջկան աչ­քե­րուն կը նա­յի ու կը սի­րահա­րի, աղ­ջիկն ալ՝ Արա­յին։

Մէյ մըն ալ հո­ղը կը դղրդայ, փո­թորիկ մը կը բարձրա­նայ, ծա­ռերը հո­ղէն կը պո­կուին դե­սու­դէն կ՚ընկնին. Դե­ւը կու գար.

-Այս ի՞նչ է, մար­դու հոտ կու գայ քի­թիս, ո՞վ կայ այստեղ։

-Ե՛ս եմ այստեղ, -կ՚ըսէ Արան ու մար­տի կը բռնուի դե­ւի հետ։ Արան կը հա­նէ իր թու­րը եւ անանկ կը զար­նէ, որ դե­ւին եօթ գլու­խը թա­ւալգլոր գետ­նին կ՚ընկնէ։ «Ես դեռ կեն­դա­նի եմ, մէյ մըն ալ զարկ տուր, որ մե­ռանիմ», -կը խո­րաման­կէ դե­ւը։ Բայց Արան կը յի­շէր, որ դե­ւին եր­կու ան­գամ զար­կել չէր կա­րելի, զի նո­րէն կեն­դա­նու­թիւն կ՚առ­նէր, ուստի նա միեւ­նոյն պա­տաս­խա­նը կու տայ, ինչ որ առա­ջինին ու բեր­դէն վար կը նե­տէ անոր լէ­շը։

Աղ­ջի­կը ու­րա­խու­թե­նէն կը փաթ­թուի Արա­յին՝ «Ես քու կինդ ըլ­լալ կ՚ու­զեմ», -կ՚ըսէ։

- Այո՛, դուն իմ կինս պի­տի ըլ­լաս, -կ՚ըսէ Արան։

Եւ աղ­ջի­կը Արա­յին կը պատ­մէ, որ ին­քը Նուարդն է՝ Պռոշ թա­գաւո­րին մէկ հա­տիկ աղ­ջի­կը։

-Ին­ծի Գե­ղանի Նուարդ կ՚ըսէին։ Շա­միրա­մը իմա­նալով այդ, շատ նա­խան­ձե­ցաւ եւ ին­ծի այս դե­ւի մի­ջոցով փախցրեց հօրս ար­քունի­քէն։ Ո՛չ ես գի­տեմ հօրս դրու­թիւնը, ո՛չ ալ հայրս ու եղ­բայրներս տե­ղեակ են իմ մա­սին։

Արան կը հարցնէ Պռոշ թա­գաւո­րի ով ըլ­լա­լը։

-Ու­րեմն դուն չէ՞ս լսած Պռոշ թա­գաւո­րի թու­րին մա­սին։ Դէ ինչ, լսէ՛ պատ­մեմ։ Իմ հայ­րը ու­նէր թուր մը, բայց ոչ սո­վորա­կան։ Շատ կռիւ­ներ յաղ­թած էր այդ թու­րով, շատ ար­քա­ներ գիտ­ցած են անոր զօ­րու­թիւնը։ Երբ հայրս տա­րիքն առած էր եւ ձեռ­քե­րը կը դո­ղային, որո­շում առաւ վե­րաց­նել այդ թու­րը, որ եղ­բայրնե­րիս մէջ խժդժու­թիւն չըլ­լայ թու­րին տի­րանա­լու հար­ցում։

Կը կան­չէ նախ մեծ եղ­բօրս ու կ՚ըսէ, որ նա թու­րը տա­նի ծո­վը նե­տի, ետ­քը ին­քը կ՚օրհնէ ու նրան կը յանձնէ իր գա­հը։

Մեծ եղ­բայրս երբ որ կը հաս­նի ծով, թու­րը ան­գամ մը փոր­ձե­լու հա­մար կը հա­նէ պա­տեանէն եւ ծո­վու եզեր­քի ժայ­ռին կը զար­նէ եւ պա­նիրի պէս կը կտրէ բե­կոր մը։ Շատ կ՚ափ­սո­սայ որ ասանկ եզա­կի թուր մը պի­տի փո­շիանայ եւ կը թաքցնէ այն ժայ­ռի մէջ։ Սա­կայն կ՚եր­թայ հօրս կ՚ըսէ թէ թու­րը ծով նե­տած է։

-Ի՞նչ պա­տահեց, երբ որ թու­րը նե­տեցիր ծո­վուն մէջ, -կը հարցնէ հայրս։

-Ոչ մէկ բան չպա­տահեց-, կը պա­տաս­խա­նէ եղ­բայրս։

Հայրս կը հասկնայ որ եղ­բայրս սուտ կը խօ­սէ եւ կը պա­տուի­րէ անոր՝ ետ բե­րել թու­րը։ Այ­դու ետք նա միջ­նակ եղ­բօրս կը պա­տուի­րէ ծո­վը նե­տել թու­րը, սա­կայն միջ­նակ եղ­բայրս ալ կը մեղքնայ այն ու չի նե­տեր։ Հեր­թը կը հաս­նի կրտսեր եղ­բօրս։

Եղ­բայրս ձեռ­քը կ՚առ­նէ թու­րը եւ ճամ­բայ կ՚ընկնի։ Ուրբաթ օր էր, ծո­վը հան­դարտ, օդը ջերմ, բայց երբ կրտսեր եղ­բայրս թու­րը ծո­վը կը նե­տէ, ծովն ան­մի­ջապէս կ՚ալե­կոծուի, քա­մի կը բարձրա­նայ եւ սաս­տիկ փո­թորիկ մը կը սկսի։ Եղ­բայրս շատ կը զար­մա­նայ եւ հօրս կը պատ­մէ կա­տարուածը։

Հայրս կը հասկնայ որ եղ­բայրս ճիշդ կը խօ­սի եւ իս­կա­պէս կա­տարած է իր պա­տուի­րանը։ Նա գոհ կը մնայ եւ կ՚օրհնէ կրտսեր եղ­բայրս։

Իսկ այժմ ես ան­գամ չգի­տեմ հայրս ո՞ղջ է ար­դեօք, թէ՝ ոչ։ Շա՜տ կա­րօտ­ցած եմ հա­րազատ­նե­րուս-, կ՚ըսէ Նուարդը եւ կ՚արտասուի...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ