Հայուն երկուութիւնը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առ­ջեւ կը դնէ քեզ։

Այդ զգա­ցումն է որ կ՚ապ­րիս ամե­նաչնչին պա­տահա­րի իսկ առ­­ջեւ. կ՚ու­­նե­­­նաս երկրի ղե­­կավար մը, որ մէկ կող­­մէ քու ազ­­գա­­­յին պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնդ իր ամօ­­թը կը հա­­մարի, միւս կող­­մէ սա­­կայն ու­­նե­­­ցած, ան­­ցեալէն ժա­­ռան­­գուած քա­­նի մը շէնք ու շի­­նու­­թիւնդ գոր­­ծա­­­ծելի ու եկամ­­տա­­­բեր դարձնե­­լու որո­­շումներ կ՚ըն­­դունի (հոգ չէ թէ ապի­­կար վա­­րիչ­­ներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով)։ «Հա­­յու փի­­ճեր» պո­­ռացող ամ­­բո­­­խին առ­­ջեւ ծպտուն իսկ չհա­­նող մար­­դը կը բարձրաց­­նես մին­­չեւ եր­­կինքի եօթ­­նե­­­րորդ յար­­կը՝ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զո­­հերու սե­­րունդնե­­րէն կէս-բե­­րան նե­­րողու­­թիւն խնդրած ըլ­­լա­­­լուն հա­­մար։ Ապ­­րած եր­­կուու­­թիւնդ ծած­­կե­­­լու տա­­րազն ալ պատ­­րաստ է. «Սո­­խին անու­­շը չ՚ըլ­­լար, թուրք է»։ Չես մտա­­ծեր իսկ, որ նոյն վար­­քը քու վա­­րիչ­­ներդ ալ կ՚ու­­նե­­­նան. ինքզինք հա­­մայնքին ղե­­կավա­­րը հռչա­­կած ան­­ձը չէ՞ր որ եղ­­բայրաս­­պան կռիւ մը սոսկ կո­­չած էր 1915-ի պե­­տական յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւ­­նը, նոյն ան­­ձը չէ՞ որ դպրոց­­նե­­­րը փա­­կել տա­­լու հա­­մար հա­­զար ու մի խա­­ղեր կ՚ընէ, հա­­յերէ­­նի ու­­սուցիչ­­ներ վռնտել կու տայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն, կամ քու հո­­գեւոր առաջ­­նորդդ չէ՞ր, ոճ­­րա­­­գոր­­ծին իսկ լե­­զուով, որ­­պէս կայ­­սե­­­րապաշտ ու­­ժե­­­րու գոր­­ծիք բնու­­թագրո­­ղը 1915-ի զո­­հերը (այս պատ­­ճա­­­ռով նոյ­­նիսկ Հա­­յաս­­տա­­­նի կէս ճամ­­բա­­­յէն ետ դար­­ձուցած էին զին­­քը)։

Եր­­կուու­­թիւնդ աւե­­լի կը խո­­րանայ երբ կար­­գը հաս­­նի այնպի­­սի նիւ­­թե­­­րու, որոնք բնաւ քեզ չեն հե­­տաքրքրեր, այ­­սինքն որեւէ կապ չու­­նին հա­­յուն հետ։ «Մեզ չի հե­­տաքրքրեր»ը ըսե­­լու ձեւ մըն է ան­­շուշտ։ Արե­­ւել­­քի մէջ քա­­ղաք­­ներ կը կոր­­ծա­­­նին, մար­­դիկ հա­­րիւրնե­­րով կը մեռ­­նին՝ «մեզ չի հե­­տաքրքրեր»։ Ան­­քա­­­րայի մէջ, մայ­­րա­­­քաղա­­քիդ իսկ սրտին վրայ, ահա­­բեկ­­չութիւն կը կա­­տարուի, աւե­­լի քան 100 մարդ կը զո­­հուի՝ «մեզ չի հե­­տաքրքրեր»։ Թեր­­թեր, հե­­ռատե­­սիլի կա­­յան­­ներ կը փա­­կուին, լրագ­­րողներ կը ձեր­­բա­­­կալուին՝ «ամա՜ն, մե­­զի ինչ ճա­­նըմ»։ Ընտրեալ քա­­ղաքա­­պետ­­ներ, ակա­­դեմա­­կան­­ներ, գրող­­ներ, լե­­զուա­­բան­­ներ, այ­­լա­­­խոհ մար­­դիկ մէ­­կիկ մէ­­կիկ բանտ կ՚առաջ­­նորդուին՝ «մե­­զի՜ ինչ, թող իրար ու­­տեն»։ Վա­­ղը մէ­­կալ օր քու իսկ քուէնե­­րով ընտրեալ երես­­փո­­­խան­­ներ թե­­րեւս բան­­տարկուին եւ ես գի­­տեմ որ նոյն հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը պի­­տի տաս, պատ­­րաստի այդ նա­­խադա­­սու­­թիւնը պի­­տի թռի բեր­­նէդ՝ «մե­­զի ինչ»։

«Մե­­զի ինչ»ը, գի­­տեմ, եր­­կուու­­թեանդ ծփա­­ցող մասն է։ Սառ­­ցա­­­լերան մե­­ծը ծո­­վուն տակն է։ Գի­­տե՛մ։ Այս երկրին հա­­մար մե­­ծագոյն զո­­հը դուն եղած ես։ Այն մտայ­­նութիւ­­նը, որ այ­­սօր խա­­ւար օրե­­րու կ՚առաջ­­նորդէ մեզ, աւե­­լի քան 100 տա­­րի առաջ մարդկա­­յին պատ­­մութեան մե­­ծագոյն ու սոս­­կա­­­լի յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րէն մէ­­կը կը դարբնէր մու­­թին մէջ։ Գի­­տեմ, վի­­րաւոր ես հո­­գիիդ խոր­­քին մէջ։ Ո՞վ ձայն հա­­նեց երբ մի­­լիոն­­նե­­­րով կը նա­­հատա­­կուէինք, կը մտա­­ծես, իրա­­ւա՛մբ։ Չլռե­­ցի՞ն, չու­­րա­­­ցա՞ն, չծած­­կե­­­ցի՞ն ու դեռ չե՞ն լռեր, չե՞ն ու­­րա­­­նար, չե՞ն ծած­­կեր կա­­տարուած­­նե­­­րը։ 1915-ը մոռ­­ցի՛ր պահ մը, հա՞­­պա Ու­­նե­­­ւորու­­թեան տուրքը, 6-7 Սեպ­­տեմբե­­րը, Հրանդ Տին­­քին ոճի­­րը... Ո՞վ է հա­­շիւ տուողը եւ ո՞վ է պա­­հան­­ջո­­­ղը։

Ան­­տարբե­­րու­­թիւնդ ան­­հե­­­տաքրքրու­­թե­­­նէ չի բխիր, խռովք կայ լռու­­թեանդ մէջ։ Մու­­թին մէջ ձեռ­­քե­­­րը շփե­­լով այս մեծ խա­­ւարին դի­­մաց եր­­ջանկա­­ցող նեն­­գա­­­միտն ալ չես, գի­­տե՛մ, եր­­կուու­­թիւնդ, երկմտու­­թիւնդ է քեզ ան­­­գործու­­­թեան դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ղը թե­­­րեւս։ Սա­­­կայն հի­­­մա՛, ա՛յժմ, ներ­­­կա­­­­­­­յի՛ս, կա­­­տարուած անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան առ­­­ջեւ պո­­­ռացո­­­ղը, աղա­­­ղակո­­­ղը դուն պէտք չէ՞ ըլ­­­լա­­­­­­­յիր։ Դո՛ւն՝ որ պատ­­­մութեան մե­­­ծագոյն անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զոհն ես։ Նա­­­հատա­­­կու­­­թիւնդ ուժ պի­­­տի չտա՞յ ընդդէմ բռնա­­­պետու­­­թեան՝ ժո­­­ղովուրդնե­­­րու հա­­­մակե­­­ցու­­­թեան պայ­­­քա­­­­­­­րին։

Այ­­­սօր ինչպէ՞ս լռու­­­թեամբ ըն­­­դունիս բան­­­տարկու­­­թիւնը փոր­­­ձա­­­­­­­ռու լրագ­­­րող Այ­­­տըն Էն­­­կի­­­­­­­նի՝ մէ­­­կը, որ Հրան­­­դին նա­­­հատա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէն ետք ալ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած էր ձեռք մեկ­­­նել, օժան­­­դա­­­­­­­կել քե­­­զի, «Ակօս»ին մի­­­ջոցով։ Հա՞պա լրագ­­­րող Քատ­­­րի Կիւրսե­­­լը, որ Ծի­­­ծեռ­­­նա­­­­­­­կաբեր­­­դի յու­­­շարձա­­­նը բարձրա­­­ցած ու յար­­­գանքի իր տուր­­­քը մա­­­տու­­­ցած էր Մեծ Եղեռ­­­նի զո­­­հերու յի­­­շատա­­­կին։ «Մեր հայ եղ­­­բայրնե­­­րը, հայ ժո­­­ղովուրդը ան­­­մո­­­­­­­ռուկ ծա­­­ղիկը գոր­­­ծա­­­­­­­ծեր են՝ որ­­­պէսզի ապ­­­րուած ցա­­­ւերը, ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը, կո­­­րուստնե­­­րը չմոռ­­­ցուին։ Մենք եր­­­բեք չենք մոռ­­­ցած ու պի­­­տի չմոռ­­­նանք ալ։ Մեր հո­­­գիի խոր­­­քը կ՚ապ­­­րինք այս ցա­­­ւը, այս կո­­­տորա­­­ծը, այս ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով ստեղ­­­ծուած ող­­­բերգու­­­թիւնը»։ Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրի քա­­­ղաքա­­­պետ Կիւլթան Քը­­­շանա­­­քի խօս­­­քերն են՝ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան 100-ամեակի ոգե­­­կոչ­­­ման առ­­­թիւ Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրի մէջ կա­­­յացած սգա­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին։ Հի­­­մա բան­­­տարկուած է, հե­­­ռացուած պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն, ուր կո­­­չուած էր տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիր­­­ցի­­­­­­­ներու 55 առ հա­­­րիւ­­­րի քուէով։ Ար­­­ժա­­­­­­­նի չէ՞ ու­­­շադրու­­­թեանդ, հե­­­տաքրքրու­­­թեանդ։ Կամ ար­­­ձա­­­­­­­կագիր Աս­­­լը Էր­­­տո­­­­­­­ղա՞նը, որու մէկ յօ­­­դուա­­­ծը թարգմա­­­նած ու տպած էի՝ ցոյց տա­­­լու հա­­­մար մար­­­դա­­­­­­­սիրա­­­կան իր կե­­­ցուած­­­քը նաեւ Մեծ Եղեռ­­­նի զո­­­հերուն առ­­­ջեւ՝ մտա­­­ծելով, թէ թե­­­րեւս կը թրթռաց­­­նեմ հե­­­տաքրքրու­­­թեանդ ջի­­­ղը։ Եւ դեռ Նե­­­պիլ Էօզ­­­կենթիւրքը, Ճան Տիւնտա­­­րը, Նեճ­­­մի­­­­­­­յէ Ալ­­­փա­­­­­­­յը, Ալ­­­թան եղ­­­բայրնե­­­րը, միւսնե­­­րը, մար­­­դիկ, որոնք այս բարդ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան լու­­­սա­­­­­­­տու­­­ներն են։ Եւ հի­­­մա բան­­­տարկուած են կամ բան­­­տարկուելու սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին տակ կը գտնուին։

Չե՞ս կար­­­ծեր, այս ճնշումնե­­­րը նաեւ քե­­­զի կը վե­­­րաբե­­­րին։ Եր­­­կուու­­­թիւնը ո՛չ թէ ան­­­տարբե­­­րու­­­թեան, այլ յար­­­մա­­­­­­­րուո­­­ղակա­­­նու­­­թեան կ՚առաջ­­­նորդէ քեզ։ Եւ վաղ թէ ուշ այս խա­­­ւարը քեզ ալ պի­­­տի պա­­­տէ ու այն ժա­­­մանակ խօ­­­սելու կամ բո­­­ղոքե­­­լու առիթ եր­­­բեք պի­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նաս։

Նաեւ սփիւռքա­­­հայե­­­րուն է խօսքս։ Կը սի­­­րէք Թուրքիա գալ, այ­­­ցե­­­­­­­լել մեր հայ­­­րե­­­­­­­նի բնա­­­կավայ­­­րը, յու­­­շարձան­­­նե­­­­­­­րը, որոնք դեռ կան­­­գուն են, ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսներ, հա­­­մերգներ սար­­­քել այստեղ, հա­­­մագոր­­­ծակցիլ տե­­­ղացի արուես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րուն, մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն հետ։ Ուժ կու տաք մե­­­զի այս կեր­­­պով։ Սա­­­կայն այ­­­սօր վտան­­­գուած են այն բո­­­լոր վայ­­րե­­­րը, ուր կ՚այ­­ցե­­­լէք, այն բո­­լոր ան­­ձե­­­րը, զոր կը սի­­րէք եւ որոնց հետ կը հա­մագոր­ծակցիք։

Ձայն մը... Պզտիկ նե­ցուկ մը։

Գո­նէ ըսե­լու հա­մար, թէ չէք ըն­դունիր կա­տարուած անար­դա­րու­թիւննե­րը։

Գո­նէ յա­ջորդ սե­րունդնե­րը գիտ­նան, որ յան­ցա­կիցը, ըն­դունո­ղը, վա­ւերաց­նո­ղը չէիք կա­տարուած­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ