Ո՞վ է ան անհեթեթը

Մուրատ Պարտաքճը անունը ծանօթ է շատերուն, իբրեւ սիրողական պատմաբան։ Ան սրտցաւօրէն յայտնեց թէ Օսմանեան արխիւները այնքան ալ վստահելի դիրքի մէջ չեն եւ փոխանցեց շահեկան տեղեկութիւն մը։ Ըստ Պարտաքճըի Թուրք Պատմութեան կաճառի պատասխանատուներէն մին վերցուցած է 1915-ի տարագրութեան որոշումէ ետք կատարուած աքսորի արձանագրութիւնները։ «Այս գործը ոչ թէ պաշտօնական հրամանով մը, այլ այդ անձի անհեթեթութեամբ կատարուեցաւ»։

Մուրատ Պարտաքճը անունը ծանօթ է շատերուն, իբրեւ սիրողական պատմաբան։ Ճիշդ է, որ ան այս ուղղութեամբ ակադեմական ուսում չէ ստացած, բայց կը պատրաստէ հեռուստացոյցի շահեկան հաղորդումներ, կը խմբագրէ օրակարգը ձեւաւորող գիրքեր։ Թէեւ ան հայկական խնդրի մէջ կը բաժնէ պետութեան պաշտօնական տեսութիւնը, բայց իր հրապարակումներով յաճախ ալ նեղ կացութեան կը մատնէ այդ նոյն տեսութեան ջատագովները։ Մեր հանդիպման ժամանակ ան դարձեալ այդ բնոյթով յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ կասկածի տակ թողուց պետական արխիւները։

Նախապէս Թալեաթ Փաշայի, իր ձեռագրով գրի առած օրատետրը հրատարակած եւ հաւաստի աղբիւրի մը վկայութեամբ հրապարակած էր տարագրուած հայերու մասին աւելի քան 900 հազար թուանշանը։ Ան հրատարակած էր նաեւ «Իթթիհատականի Սնտուկը» անուն գիրք մը, ուր տեղ կը գտնէին Իթթիհատական ղեկավարներու թղթակցութիւնները։ Մեր հանդիպումը կը զուգադիպէր այն օրերուն, երբ մամուլի մէջ լուրեր կը հրատարակուէին Օսմանեան արխիւներու պահուած Քեաղըթհանէի կեդրոնական շէնքի մասին։ Վերջին տեղումներէն վնասուած էր շէնքի տանիքը եւ կարգ մը փաստաթուղթեր վնասուած էին անձրեւի ջրերով։

Մուրատ Պարտաքճը սրտցաւօրէն յայտնեց թէ Օսմանեան արխիւները այնքան ալ վստահելի դիրքի մէջ չեն եւ փոխանցեց շահեկան տեղեկութիւն մը։ Ըստ Պարտաքճըի Թուրք Պատմութեան կաճառի պատասխանատուներէն մին վերցուցած է 1915-ի տարագրութեան որոշումէ ետք կատարուած աքսորի արձանագրութիւնները։ «Այս գործը ոչ թէ պաշտօնական հրամանով մը, այլ այդ անձի անհեթեթութեամբ կատարուեցաւ»։ Ժամանակի ընթացքին փոխուած է կաճառի վարչակազմը եւ այժմու վարիչները տեղեակ չեն թէ այդ փաստաթուղթերը ուր են։ Ան դեռ համոզուած է որ լքուած տարածքներու մասին արձանագրութիւններն ալ տարագրութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու հետ միասին վերցուած են։ Բայց ան տակաւին կը հաւատայ, որ այս բոլորը կարելի է լուրջ հետախուզութիւնով մը երեւան հանել։

Պարտաքճըի նշած այս արձանագրութիւնները կը պարփակեն 1915-ի տարագրուած հայերու թիւը, անուանացանկը եւ ուրկէ աքսորուիլը։ Այսպէսով տեղական իշխանութիւնները այս գրանցումներու հիման վրայ պիտի ստուգէին նաեւ տարագրուածներուն տեղ հասնիլը։ Իսկ լքեալ տարածքներու արձանագրութիւնները, բացի հայերուն թողած կալուածներուն քանակն ու յատկութիւնը հաստատող մանրամասնութիւններէն, պիտի բացատրէր նաեւ անոնց, ո՞ր հաստատութիւններուն կամ ո՞ր գաղթականներուն փոխանցուելուն մասին տեղեկութիւններ։

Պատմաբան Թանէր Աքչամ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Պարտաքճըի նշած արձանագրութիւններուն.- «Անոնց միջոցաւ, ոչնչացուածներու թիւին կողքին տակաւին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կրնան լուսաւորուիլ», կ՚ըսէ Աքչամ ու կը նշէ, որ 1919-ի դատավարութիւններու ժամանակ զինուորական դատարանն ալ փորձած է այս փաստաթուղթերէն օգտուիլ, բայց կարելի չէ եղած անոնց հետքը յայտնաբերել։     

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ