Զաքարիա Միլտանօղլուի 19 քաղաքները

Միլտանօղլու 15 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի երեկոյ «Ճէզայիր» շէնքի մէջ բանախօսութիւնով մը ներկայացաւ հանրութեան։ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւնը կը կրէր՝ «19 Քաղաք, 15 Հետքեր» խորագիրը։ Այսպէս ան խօսեցաւ Կեսարիոյ, Վանայ, Մշոյ, Տիյարպէքիրի, Տրապիզոնի, Կուտինայի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Տարտանելի եւ այլ քաղաքներու հայկական մշակութային ժառանգի մասին։

Եթէ քաղաքիս հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը՝ ՀայՃար, առաքելութեան մը վերածած է պատմական Հայաստանի քաղաքներուն ուղղեալ շրջապտոյտները, այս միութեան հիմնադիր անդամներէն ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու ալ այդ առաքելութիւնը ծաւալած է սոյն պտոյտներու առթած տպաւորութիւնը աւելի լայն զանգուածներու փոխանցելով։ Այս ծիրէն ներս Միլտանօղլու 15 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի երեկոյ «Ճէզայիր» շէնքի մէջ բանախօսութիւնով մը ներկայացաւ հանրութեան։ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւնը կը կրէր՝ «19 Քաղաք, 15 Հետքեր» խորագիրը։ Այսպէս ան խօսեցաւ Կեսարիոյ, Վանայ, Մշոյ, Տիյարպէքիրի, Տրապիզոնի, Կուտինայի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Տարտանելի եւ այլ քաղաքներու հայկական մշակութային ժառանգի մասին։ Նախքան քաղաքներուն մի առ մի նշումը, Միլտանօղլու քարտէսներու միջոցաւ ներկայացուց Օսմանեան Կայսրութեան եւ Հանրապետական Թուրքիոյ տարածքի վրայ հայոց գոյութիւնը։ Թուարկեց երկրէ ներս վանքերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ այլ հասարակապատկան հարստութեան վերաբերեալ գիտելիքները։ Ուրեմն կարելի է ըսել որ Միլտանօղլուի բանախօսութիւնը, եթէ կերպով մը պատմութեան վերյիշումն էր, էր նաեւ Հանրապետութեան Թուրքիոյ որդեգրած ուրացման եւ ոչնչացման ռազմավարութեան հրապարակումը։ Իրաւ ալ թուրք ազգայնական միտքը չէր գոհացած հայերու ոչնչացումով, այլ փորձած էր անոնց հետքերն ալ սրբել։ Այս մտայնութիւնով է որ մերթ ռմբակոծութեամբ, մերթ պայթուցիկ սարքերու գործածութեամբ փլցուած էին բազմադարեան մշակութային ժառանգ հանդիսացող ճարտարապետական կոթողներ։ Նոյն մտայնութեամբ բազմաթիւ տաճարներու սրբատաշ քարերը թալանուած եւ շահագործուած էին գիւղական տնակներու, գոմերու, ախորներու շինութեան համար։

Ատենախօսը կը յայտնէր, թէ այսօր ցուցադրուած 19 քաղաքներէ ամէն մէկը արժանի են անջատ բանախօսութեան մը նիւթ դառնալու։ «Այս մասին թէ գիտելիքներ եւ թէ տեսանիւթերով բաւականաչափ հարուստ ենք։ Այս մէկը ամբողջական անդրադարձ մըն էր, որպէսզի պատկերացում մը ունենանք ինչեր կորսնցուցած ըլլալնուս մասին»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ