Մենք չենք հասած այդ օրերուն, այլ լսած ենք մեր ծնողներէն պատմութեան նման։ Նոյնիսկ մեր ծնողաց անչափահաս տարիքներուն կը հասնի մի գուցէ։
Իսթանպուլի շարժանկարի սրահներուն մէջ ցուցադրուած են հայերէն երկու ֆիլմեր՝ «Պեպօ» եւ «Անուշ»։ Եղեռնէն վերապրածներու սերունդը քաղաքի բոլոր թաղամասերէն փութացած էր այդ երկու ֆիլմերը դիտելու։ Ֆիլմեր՝ որոնց երաժշտութիւնն ալ ոչ թէ ամիսներ, այլ տարիներ շարունակ հոլովուած էր ժողովուրդի բերնին մէջ։
Երկու Աշխարհամարտերու միջեւ տակնուվրայ եղած համաշխարհային քաղաքականութեան պայմաններուն տակ իրենց ապրած երկիրներու խիստ անթափանց սահմաններուն մէջ ճնշուածները եօթերորդ արուեստի շնորհիւ պուտ մը հայկականութիւն պիտի վայելէին։ Այդ տարիներուն հօրս ընտանիքը կը բնակէր Ռումէլիհիսար, իսկ մօրս ընտանիքը Սամաթիա։ Անոնց կողքին թոփգաբուցիներ, ետիգուլէցիներ, վլանկացիներ, կետիքփաշացի կամ գումգաբուցիներ, Վոսփորի երկու ափերուն շարուած համեստ գիւղերուն մէջ բնակող բազմաթիւ հայութիւն կը փութային Փէրայի սինամանէրը հայկական ֆիլմերը տեսնելու համար։ Շարժանկարը Ի. դարու վայելքն էր։
Գեղարուեստներու այս եօթերորդ ճիւղը յաջողեցաւ տարիներու հոլովոյթով իր ուրոյն լեզուն, ճաշակը, պատմելաոճը եւ բարձր թէքնիկ կարելիութիւնները ներկայացնել։ Բայց ափսոս, այդ ճամբորդութեան մէջ կորսնցուց ամենակենսական յատկութիւնը՝ հանդիսատեսը, կամ գոնէ մեզի այդպէս կը թուի։ Անձնական փորձառութիւնով շրջապատուած եմ ծանօթներու, բարեկամներու շրջանակով մը, որոնց մէջ շատեր տարիներէ ի վեր շարժանկարի սրահէ մը ներս ոտք չեն դրած։ Գոհացած են ձրիաբար իրենց մատուցուածով։ Ամերիկայի մէջ «Ապուշի Տուփ» կոչուած հեռուստատեսութեան ընկալուչը ԻԱ. դարու իշխանութիւնն է, որ յաջողած է բազմամիլիոններ բանտարկել իրենց տուներուն մէջ։
Այս բոլորը մտաբերեցինք, երբ օրակարգի վրայ է Ֆաթիհ Աքընի «Ջարդ» ֆիլմի Թուրքիոյ շարժանկարի սրահներուն մէջ ցուցադրութիւնը։ Բնականաբար այս օրերուս բոլորս ալ, երբ իրար կը հանդիպինք, նիւթը շուտով կու գայ այս ֆիլմին։ Եւ ես ափսոսանքով կը տեսնեմ թէ որքան շատ են շարժանկարի սրահ մը երթալով այս ֆիլմը դիտելու տրամադիր չեղողները։ Անոնք անտարբերութեամբ ուս կը թօթուեն ու կ՚ըսեն թէ շուտով սկաւառակը դուրս կու գայ եւ տան մէջ կը դիտեն։
Նման զարմանքի մատնուած էի, երբ քաղաքիս հայութիւնը անտարբեր կը մնար վերջին քանի մը տարիներուն Թաքսիմի հրապարակին վրայ կատարուող 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն։ Այդտեղ ամէն տարի ալ աւելի բազմութիւն մասնակցութիւնով կատարուած յիշատակման արարողութեան մասնակցողներու մէջ հայերը միշտ չնչին փոքրամասնութիւն եղան։ Իսկ ի՞նչ է պատճառը։ Թուրքիայէ ներս տասնամեակներ շարունակուող ճնշման քաղաքականութի՞ւնը։ Հետզհետէ ծանր լուծի մը վերածուած հայ ինքնութենէ հեռու մնալու մարմա՞ջը։ Չէզոքութեան մէջ որոշ ապահովութիւն տեսնող այլասեռած քաղքենիութի՞ւնը։ Թերեւս ալ այս յիշուածներուն բոլորը միասնաբար մեզ կը տանին ուղղութիւնով մը, որուն մէջ պիտի կորսնցնենք մեզի աւանդուած եւ փոխանցուած սրբութիւնները։ Հայախօսութենէ դադրելով, հայ կրթութենէ հեռանալով, հայեցի անուններուն գործածութենէն հրաժարելով հասանք այս հանգրուանին։ Նօսրացանք, աղքատացանք եւ ուժաթափ եղանք այն պահուն, երբ ճիշդ ալ կարիքը ունինք աւելի հզօր, աւելի պահանջատէր եւ աւելի կորովի ըլլալու մեր յափշտակուած իրաւունքները ետ առնելու համար։