Նշանեանին պատիժ կը տեղայ

Նշանեան 2013-ի Մայիսին ալ Իսլամներու մարգարէն անարգելու մեղադրանքով դատապարտուած էր 13.5 ամսուայ բանտարկութեան:

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ

Ցարդ Այտընի Ենիբազար բանտին մէջ ազատազրկուած Սեւան Նշանեան, Սէլչուկի 2. Հիմնական Պատժական Ատեանի մէջ շարունակուող դատավարութենէն ալ ստացաւ 5 տարի, 2 ամիս, 15 օրուայ բանտարկութեան եւ 12 հազար 600 ԹԼ տուգանքի պատիժ: Դատարանը այս պատիժը վճռեց, համոզուելով թէ Նշանեան ոտնակոխած է «Պատմական Եւ Բնութեան Արժանիքներու Պահպանման» օրէնքը: Փաստաբան Մուրատ Աքճը կը նշէ թէ իր պաշտպանեալը նման մեղադրանքով բանտարկուած միակ անձն է Թուրքիոյ մէջ: «Այս վերջին վճիռով իր բանտարկութիւնը կը հասնի 11 տարի 8 ամիսի: Նախորդ վճիռներու նման այս վերջինին համար ալ պիտի դիմենք վճռաբեկ ատեան» ըսաւ իրաւապաշտպանը: Ան համոզուած է որ այս արդիւնքը Նշանեանին հետ հաշիւ բակելու նստած մարդկանց յաղթանակն է: «Նշանեան 2013-ի Մայիսին ալ Իսլամներու մարգարէն անարգելու մեղադրանքով դատապարտուած էր 13.5 ամսուայ բանտարկութեան: Այս պատիժն ալ կը սպասէ Եղերնադատ ատեանի թղթածրարներուն մէջ» կ'աւելցնէ Մուրատ Աքճը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ