Մեզմէ շատեր կրնան լսած ըլլալ ԱՄՆ-ի Միսուրի նահանգը, բայց արդեօք քանի հոգի նախապէս լսած էր այդ նահանգին Ֆէրկիսըն քաղաքին անունը, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին կը զբաղեցնէ համաշխարհային բոլոր լրատուամիջոցները։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր լեզուներով կը սփռուին նոյն պատկերները, ուր անզսպելի ամբոխը կը ձգտի քարուքանդ ընել ամբողջ քաղաք մը։ Շրջուած ինքնաշարժներ կը տեսնենք, հրկիզուած եւ թալանուած խանութներ։ Ինչպէս Թուրքիոյ մէջ սովորական դարձած է, Ամերիկեան ոստիկանութիւնն ալ անզօր կը մնայ դէպքերը կանխելու եւ կը հարկադրուի յաւելեալ զէնք ու զինուոր առաքել դէպի Ֆէրկիսըն։ Ինչ զարմանալի է որ այս տեսակի դէպքերը գրեթէ նոյն բնոյթով կը ներկայանան Ամերիկայէն մինչեւ Թուրքիա։ Այս վերջնոյս Հանրապետութեան նախագահին այս տեսակ դէպքերու նկատմամբ դրսեւորած անհանդուրժողականութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Ակամայ կը տարուինք խորհելու թէ մեր նախագահի վանտալիզմ կոչած բանը արդեօ՞ք փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յաղթահարէ սահմաններ եւ իր քանդիչ ազդեցութեան տակ կ՚առնէ բազմահազար մղոններով հեռու երկիրներն ալ։
Այո՛, բարեկամներ որքան ատեն որ պետութիւններ իրար պիտի ընդօրինակեն հասարակութեան դէմ զէնք ու զինամթերքով ներկայանալու համար, մերոնք ալ պիտի ընդօրինակեն իրարու դիմադրութեան եղանակները։ Մի զարմանաք տեսնելով որ Սիլոփիէն Նիւ Ճըրսի, Փարիզէն Աթէնք, Հնդկաստանէն Պելառուս կամ Նոր Զէլանտիա նոյն եղանակները կը գործադրուին։ Անշուշտ թէ ոմանց Խորհրդային միութեան փլուզումը տեսնելով աւետած համաշխարհայնացումը այս չէր։ Բայց ի՞նչ կը կարծէիք։ Դուք պիտի յափշտակէիք աշխատող դասակարգի բոլոր ձեռքբերումները, համաշխարհային մարդկութիւնը պիտի դատապարտէիք օր ըստ օրէ աճող աղքատութեան ճիրաններուն, գործազրկութեան վախով թոշակառութեան տարիքը պիտի հասցնէիք մարդու կեանքի տեւողութենէն աւելի բարձր համեմատութիւններու, ձեր շահերուն համար պահակ կանգնեցուցածներնիդ պիտի պաշտպանէիք անպատժելիութեան զրահով եւ մենք ալ ձեռնունա՞յն պիտի մնայինք ձեր դիմաց։
Ֆէրկիսընի մէջ պատահածները ապացուցեցին թէ այդքան դիւրին չէ։ Պիտի պարտադրենք հաշիւ տալու։ Մի՛ սակարկէք մեր պաշտպանութեան սարքերուն մասին։ Ոչ մեր դրամարկղերը պաշտպանելու համար գոյացած բանակներ ունինք, ոչ ալ հրասայլեր։ Հիմա դուք զբաղեցէք որ նոր օրէնքներ հրապարակէք ձեր խորհրդարաններէն եւ զէնք համարէք մեր մոլոթոֆեան քոքթէյլները։ Օրէնսդիրը դուք էք։ Կը տնօրինէք ինչ որ ուզէք։ Բայց մենք կը հնազանդինք կամ ոչ, ան ալ թողէք մեր նիւթը ըլլայ։ Ուրեմն հանգիստ խղճով կրնանք յայտարարել որ Ֆէրկիսընի մէջ Մայքըլ Պրաունի համար արդարութիւն պահանջողները բնաւ օտար չեն Էսքիշէհիրի մէջ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի համար արդարութիւն պահանջողներէն կամ Շըրանքի մէջ Քատէր Օրթաքայայի համար, Իսթանպուլ Փանկալթի Հրանդի համար արդարութիւն պահանջողները նոյն եւ նոյն եւ նոյն մարդիկն են։ Ինչպէս որ նոյնն են ոճրագործները պահպանողները անոնց անպատժելիութեան միջոցներ շնորհողները։ Անգամ մըն ալ վերյիշենք Ուոլսթրիթի ապստամբութեան կարգախօսը՝ մենք 99 տոկոս ենք։ Հետեւաբար հարցը ուր դիրք բռնելու մասին է։
Մեր ու մերոնց տեղը յայտնի է։ Դուք ալ ճշդեցէք ձեր տեղը։