Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան ընթացքին, ան ուշքը կորսնցուցած է եւ նիստը ընդհատուած է, ապա՝ բժշկական զննումէ ետք, անիկա վերսկսած է: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Ռուբէն Վարդանեան մերժած է ցուցմունք տալ եւ պատասխանել որեւէ հարցումի: Անոր փաստաբանին միջնորդութիւնը` դատարանի կազմը վիճարկելու, անհիմն նկատուած է եւ մնացած է առանց քննարկման:
Յաջորդ «դատական նիստը» ճշդուած է 4 Մարտին:
Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբան Ճարըտ Ճենսըր կը յայտնէ, թէ հակառակ անոր, որ Վարդանեանի առողջական վիճակը կտրուկ կերպով վատթարացած է հացադուլէն մէկ շաբաթ ետք, Ազերպայճան կը ստիպէ զինք շարունակելու մասնակցիլ կեղծ դատավարութեան։
Այս կապակցութեամբ փաստաբանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Լեռնային Ղարաբաղի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան մէկ շաբաթ առաջ դիմած է համարձակ քայլի՝ հացադուլ յայտարարելով ի նշան բողոքի Ազերպայճանի մէջ իր եւ միւս հայ քաղական բանտարկեալներու նկատմամբ իրագործուող ցուցադրական դատավարութեան։
Վարդանեանի “գործ”-ով “դատավարութիւնը” սկսած է Յունուար 17-ին՝ շուրջ 500 օր կամայականօրէն բանտարկուելէն ետք։ Անոր ոչ միայն կը սպառնայ ցմահ ազատազրկում քաղաքական դրդապատճառներով առաջադրուած ամբաստանութիւններուն համար, այլեւ կոպտօրէն խախտուած են անոր դատավարական իրաւունքները:
Վարդանեանի դատավարութիւնը Փետրուար 25-ին շարունակուած է՝ հակառակ անոր առողջական վիճակի վատթարացման եւ դատավարութիւնը յետաձգելու մեր բազմաթիւ դիմումներուն։ Յատկապէս, Ռուբէնի զարկերակային ճնշումը եղած է վտանգաւոր բարձր, ինչ որ պահանջած է բժշկական օգնութիւն: Ան հիւծուած տեսք ունեցած է ու մի քանի անգամ ուշագնացութեան եզրին հասած է։ Հակառակ առողջական լուրջ խնդիրներուն, զինք, յամենայն դէպս, ստիպած են կանգնելու Պաքուի ռազմական դատարանին առջեւ եւ մասնակցելու նիստին, որ գաղտնի եւ դռնփակ եղած է:
Նկատի առնելով Ռուբէնի առողջական վիճակը՝ պաշտպանական կողմը դիմում ներկայացուցած է՝ նիստը յետաձգելու մասին, իսկ դատախազութիւնը ընդմիջում յայտարարած է՝ պետութեան նշանակած բժիշկի կողմէ քննութիւն կատարելու համար։ Այդ բժիշկը, սակայն, իր դիտարկումները յայտնած է դատարանին միայն մասնաւոր կերպով, այլ ոչ թէ պաշտօնական ունկնդրութիւններու ընթացքին, իսկ այս պարագան լուրջ հարցադրումներ յառաջացուցած է եզրակացութիւններու իսկութեան վերաբերեալ:
Դատական կազմը մերժած է դատավարութիւնը յետաձգելու դիմումները՝ պնդելով, թէ Ռուբէնի համար անվտանգ է մասնակցութիւնը նիստին, քանի որ ան նստած է։ Նելսըն Մանտելայի կանոններու 27-րդ կէտի համաձայն՝ “կալանքի [բոլոր] վայրերը հրատապ պարագաներուն պէտք է ապահովեն բժշկական օգնութեան արագ հասանելիութիւն”։ Պարտադրել Ռուբէնին մասնակցիլ այս դատավարութեան, մինչ անոր առողջութեան եւ անվտանգութեան լուրջ վտանգ կը սպառնայ, նուազագոյնը դաժան, անմարդկային եւ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերում է կամ պատիժ:
Ես կոչ կ՚ընեմ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք հասանելիութիւն ունին Ազերպայճանի բանտարկեալներուն, դիմելու՝ Ռուբէնին այցելելու արտօնութիւն ստանալու համար: Բացի ատկէ, կը խնդրեմ անկախ դատական փորձագէտներէն հետեւիլ Ռուբէնի “դատավարութեան”՝ նկատի ունենալով, որ անոր իրաւունքները կ՚ոտնահարուին:
Ես կոչ կ՚ընեմ Ազերպայճանի կառավարութեան՝ թոյլ տալու մեր միջազգային խումբի բժիշկին այցելել անոր, անյապաղ կերպով ապահովելու զինք անհրաժեշտ բժշկական օգնութեամբ, որուն կարիքը ունի ան, ինչպէս նաեւ յետաձգելու դատավարութիւնը մինչեւ հացադուլի դադրեցումը:
Ես նաեւ կոչ կ’ընեմ աշխարհի առաջնորդներուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, դատապարտելու այս ցուցադրական դատավարութիւնը, զայն որակելու իբրեւ քաղաքական եւ ապօրինի»։